ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Life100» խորագիրով, հայկական գեղարուեստին նուիրուած ցուցահանդէսին զուգահեռ ծրագրուած ձեռնարկներուն շարքին յաջորդը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 11ին, կ.ե. ժամը 1էն 4, դարձեալ Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանին մէջ (1601 West Mountain Street, Glendale, CA 91201):
Քննարկումը կազմակերպած է Քարլ Ուիլքընզի անուան կրթանպաստին արժանացած Տիգրանա Զաքարեան եւ նուիրուած է ցեղասպանութիւններէ վերապրողներու փորձառութեանց։ Նկատի պիտի առնուին հայ, հրեայ, քամպոտիացի, պոսնիացի եւ ռուանտացի վերապրողներու պարագաները։
Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ անկոլացի երգիչ Վալտեմար Պասթոս։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.