Դասախօսութեան նիւթն է՝ «Վահան Թէքէեան բանաստեղծն ու ազգային գործիչը, իր յետ եղեռնեան տարիներու ամոքումի եւ ոգեվերածննդեան որոնումներուն մէջ»։ Բանախօսն է յայտնի Թէքէեանագէտ, բանաստեղծուհի Դոկտ. Թամարա Յովհաննիսեան, որ յատուկ հրաւէրով պիտի գայ հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Գարմել քաղաքէն։
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սալբի եւ Սօսի Քէօրքիւնեանները՝ երաժշտութեամբ, եւ ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի ուսանողները՝ ասմունքով, ղեկավարութեամբ իրենց հայերէնի եւ երգեցողութեան ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանի։
Սիրով հրաւիրուած է գաղութիս մշակութասէր հասարակութիւնը։ Հանդիսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Դոկտ. Թամարա Յովհաննիսեան ծնած է Երեւան: 1975ին, աւարտած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական Կաճառը եւ ապա որպէս դասախօս աշխատած է ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ։
Շուրջ երեք տասնամեակներ առաջ, Դոկտ. Յովհաննիսեան գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ պաշտօնավարած Քալիֆորնիոյ Մոնթրէյ քաղաքի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկութեան մէջ։ Իսկ վերջին 25 տարիներու ընթացքին, ան բնակութիւն հաստատած է Քալիֆորնիոյ Գարմել քաղաքը, ուր ամուսնոյն հետ կը ղեկավարէ արուեստի գործերու երեք ցուցասրահներ։
Դոկտ. Յովհաննիսեան հեղինակն է «Վահան Թէքէեանի Սիրերգութիւնը» հատորին, հրատարակուած՝ Երեւան 1995ին։ Ան հեղինակն է նաեւ բանաստեղծութիւննրու երկու հատորներու. «Կինը», հրատարակուած՝ 2006 թուականին եւ «Լինելիութեան Համանուագ», հրատարակուած՝ 2013 թուականին։