Ընկեր Ալֆրէդ, նախ որպէս հայ, ազգային անժանիքներով լեցուց իր ընտանեկան բոյնը, իր տիկնոջ Քրիստինէի կողքին: Ան իր ազգային նպատակներու իրագործման ծարաւին յագուրդ տալու համար նախ մուտք գործեց Հայ համալսարաններու միութիւն: Շարունակելով իր ազգային եւ յեղափոխական երթը, ան ի վերջոյ կը միանայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն, շարունակելու համար Աղբալեաններու եւ Սերոբ Աղբիւրներու կիսատ թողած գործը: Ան իր անբասիր եւ անշահախնդիր ցայտուն նկարագիրով արտացոլեց իսկական դաշնակցականի կերպարը. ըլլայ իր ուսումնական կեանքին մէջ կամ որպէս հասարակական գործիչ, դառնալով պետական պաշտօնեայ, եւ ծառայելով բանակին որպէս բժիշկ: Քաջ հաւատալով, որ հայեցի կրթութիւնը ազգային անհրաժեշտութիւն է, ան ամէն ջանք թափեց, որ Խոռամշահրի հողաշերտը վերածուի ազգային հողաշերտի եւ դառնայ «Րաֆֆի» ազգային վարժարան: Որպէս հոգաբարձութեան նախագահ, ան իր ղեկավարի հեղինակութեամբ եւ անսակարկ նուիրումով 60 հայ ընտանիք հաշուող Խոռմշահի բնակչութեան վարժարանը շուտով վերածեց վեց կարգերով, մօտաւորապէս 62 աշակերտ հաշուող դպրոցի: Սակաւախօս, բայց Իմաստուն եւ խոհեմ գաղափարներու տէր մեր ընկերը, խոր փափաք ունէր նոյնիսկ անհանգիստ եղած օրերուն, ներկայ գտնուելու իր երկրորդ ընտանիքի՝ «Աղբալեան» կոմիտէութեան հաւաքներուն, իր կազմակերպական եւ բարոյական պարտաւորութիւնները կատարելու միտումով: Ան մինչեւ մահ հաւատարիմ մնաց իր պաշտելի կուսակցութեան: Կ՛ըսուի, թէ յարգանքը չի պարտադրուիր, այլ կը վաստակուի: Ան իր ազնուական նկարագրային գիծերով իրողապէս արժանացաւ իր շրջանակի անվերապահ մեծարանքին եւ սիրոյն: Վաստակեցաւ շրջապատին յարգանքն ու ակնածանքը:
Իր մահով Դաշնակցական ընտանիքը կորսնցուց իր «խոնարհ հերոս»ներէն մէկը՝ ընկ. Ալֆրէդ Զարիֆեանը: Սիրելի ընկեր Ալֆրէդ՝ քու սկսած ուղին ապահով ձեռքերու մէջ է: Իսկ կիսատ թողած աշխատանքդ պիտի շարունակուի եւ հասնի իր լրումին: Օրինակդ վարակիչ եւ յիշատակդ վառ մեր սրտերուն մէջ: Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ ընկեր:
ՎԱՐԴԱՆ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Ի Դիմաց՝
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէ
Մարտ 6, 2015 Լոս Անճըլըս