ԱՐՄԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Ապրիլ 12ին, Հռոմի ժամանակով ժամը 9ին, Վատիկանի Ս. Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ Ֆրանսիս պապը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին պիտի մատուցէ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիին պիտի շնորհուի «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» տիտղոսը: Համապատարագիչն է Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը:
Վատիկանի ձայնասփիւռը կը յայտնէ, որ աշխարհի տարբեր կայաններ ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակեն Ս. պատարագը, իսկ ձայնասփիւռի հայկական բաժինը Հռոմի սրբազան քահանայապետի լատիներէնով պատարագը պիտի հեռարձակէ հայերէն մեկնաբանութեամբ՝ www.radiovaticana.va կայքով:
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ս. պատարագին ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն հայոց եւ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսները, աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած կաթոլիկ եւ առաքելական եկեղեցիները ներկայացնող հոգեւորականներ: