Քանյէ Ուեսթ մտած է գծանկարային դասընթացքի սենեակ, զրուցած դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ, ծանօթացած է երաժշտական խումբին: «ԹՈՒՄՕ»ի ուսանողները երգած են Քանյէ Ուեսթի հետ, որմէ ետք անոր ներկայացուցած են իրենց նոր երգը: Քանյէ Ուեսթ անկէ ետք մեկնած է շարժապատկերի դահլիճ: Ան յատկապէս հետաքրքրուած է երաժշտական եւ գծանկարային բաժինով։ Ան մեծապէս տպաւորուած է կեդրոնով եւ տարուած բազմաբնոյթ գործունէութեամբ։
«ԹՈՒՄՕ»ի հանրային կապերու բաժինէն նաեւ յայտնած են, որ Քանյէ Ուեսթ թէեւ կարճ այցելութեամբ մը եկած էր կեդրոն, սակայն մեծապէս հետաքրքրուելով կատարուած աշխատանքներով. ան ժամեր մնացած է հոն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.