ԵՐԵՒԱՆ.– Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200ամեակի եւ Հայկական առաջին տպագիր Աստուածաշունչի ստեղծման 350ամեակի դիմումները ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕի 2016-2017 թուականներու յոբելեաններու ցանկին մէջ։ Այս մասին յայտնած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի արտաքին յարաբերութիւններու եւ հասարակութեան հետ կապերու հարցով օգնական Էրիք Ֆալթը:
Թէոդոսիոյ մէջ 1817 թուականին ծնած Այվազովսքիի յոբելեանին նուիրուած դիմումը Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ներկայացուցած է՝ Ռուսիոյ հետ, Իտալիոյ աջակցութեամբ:
1666 թուականին Ամսթերտամի մէջ տպագրուած առաջին Աստուածաշունչի 350ամեակի դիմումն ալ ներկայացուած է Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի աջակցութեամբ:
Ըստ կանոնակարգին՝ դիմումները վերջնական հաստատման ընթացակարգով պիտի ներկայացուին գործադիր խորհուրդին, այնուհետեւ՝ գլխաւոր գագաթնաժողովի հաստատման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.