Պերճ Ղարիբեան նախարարին ներկայացուց Մուսա Լերան հերոսամարտի 100ամեակի տօնախմբութեան նախաձեռնութիւններու ծրագիրը:
Աւանդաբար Հայաստանի մէջ Սեպտեմբերին նշուող Մուսա Լերան հերոսամարտի տօնախմբութիւնը այս տարի կը նշուի յատուկ շուքով եւ բազմաբնոյթ նախաձեռնութիւններով: Հայաստան պիտի այցելեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող աւելի քան 300 մուսալեռցիներ եւ հիւրեր: Կ՛ակնկալուի, որ Լիբանանի Այնճար շրջանէն մեծաթիւ պատուիրակութիւն մը այս առիթով Հայաստան մեկնի։
Գնահատելով Մուսա Լերան հերոսամարտը՝ որպէս հայ ժողովուրդի քաջութեան, միասնականութեան, անկոտրում կամքի ու հերոսական ոգիի դրսեւորում, նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց կազմակերպչական լայն աջակցութիւն ցուցաբերելու տօնախմբութեան պատշաճ կազմակերպման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.