
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 16 Ապրիլին ընդունած է Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամներ Մարթին Փեթցոլտն ու Թանքրետ Շիփանսքին: Ողջունելով հայկական ծագում ունեցող պատգամաւոր Մարթին Փեթցոլտի եւ անոր պաշտօնակիցին Հայաստան այցելութիւնը՝ նախարարը ընդգծած է, որ հայ-գերմանական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի միջխորհրդարանական աշխոյժ համագործակցութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Մարթին Փեթցոլտ նշած է, որ իրեն համար խորհրդանշական է իբրեւ Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ այցելել Հայաստան եւ նպաստել հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման:
Գերմանիոյ երեսփոխանները տեղեկացուցած են, որ 24 Ապրիլին Գերմանիոյ խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած յատուկ նիստի պիտի հրաւիրէ։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան հիւրերուն ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Հայաստանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի կայանալիք նախաձեռնութիւններուն հիմնականները։
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներու։ Խօսուած է ուքրանական ճգնաժամին, Իրանի կորիզային ծրագիրներուն առնչութեամբ կայացող բանակութիւններու ընթացքին եւ անոր արդիւնքներուն մասին՝ յատուկ կերպով անդրադարձ կատարելով տարածաշրջանին վրայ այս թղթածրարներուն ունեցած ազդեցութեան։