
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ռատիքալ»ի մէջ հրատարակուեցաւ Իւմիթ Գըվանչի ստորագրութեամբ բաւական ցնցիչ յօդուած մը, ուր ան կը պատասխանէ Հռոմի Ֆրանսիս պապի ուղղեալ քննադատութիւններուն եւ խիստ ու հեգնական ոճով կը պախարակէ յատկապէս պապին դէմ մեկնաբանութիւններ ընող վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն։
Յօդուածագիրը մէկ առ մէկ կը ջրէ պապին դէմ ուղղուած քննադատութիւնները եւ աւարտին կ՛ընէ հետաքրքրական մեկնաբանութիւն մը. «Երբեմն կ՛ուզեմ ինքզինքս դնել ուրացող աներեսներուն տեղը։ Այն ատեն ահաւոր սրտնեղութիւն մը կը զգամ, այնքան՝ որ չեմ կրնար բացատրել։ Որքան դժուար է եղեր յանցագործութիւն մը պարտկելը եւ ապրիլը՝ այսքան շատ սուտերու հետ միասին»։
Յօդուածագիրը կը գրէ, թէ ըստ վարչապետին, պապը ամօթ ըրեր է, իր աթոռին անպատշաճ կերպով խօսեր է եւ որպէս կրօնապետ, պէտք է եղեր խաղաղութեան կոչ ընէ։ Նաեւ, իբրեւ թէ պապը քաջալերած է այն ցեղապաշտութիւնը, որ հետզհետէ կ՛աճի Եւրոպայի մէջ։ Ըստ Տաւութօղլուի, պապին վայել չէր 1915ի պարագային պաշտպան կանգնիլ միայն մէկ կողմի տառապանքին։ Վարչապետը յանգեր էր հետեւեալ եզրակացութեան՝ «եթէ դիմացինիդ սիրտը գոց է, ինչի՞ կը ծառայէ արխիւները բանալ»։
Գըվանչ կը յիշեցնէ, որ արդէն 2015 է, 100 տարի անցած է 1915ի վրայէն ու կը գրէ. «Մեզմէ դուրս ամբողջ աշխարհը գիտէ, թէ ինչեր պատահեցան այդ թուականին։ Ամբողջ աշխարհը այս բոլորը գիտէ առանց արխիւներուն նայելով։ Հայերը ամէն քաղաքի կամ գաւառի մէջ զանգուածային կերպով սպաննուած են։ Մանուկ, կին բոլորը աքսորի ճամբաներու վրայ յարձակումի, տանջանքի եւ բռնաբարումի ենթարկուած են։ Անօթի ու ծարաւ, հիւանդութեան եւ ամէն տեսակ դժուարութեան դէմ պայքարած են։ Երբ այս բոլորը կը պատահէին հետեւողական կերպով, Թալէաթ պէյն ալ յատուկ հեռագիրի գիծերով շարունակ տեղեկութիւններ կը ստանար եւ կը հետեւէր իւրաքանչիւր քայլի։ Այդ միջոցին, բազմաթիւ դիւանագէտներ, կրօնաւորներ, լրտեսներ կային Անատոլուի եւ Պոլսոյ մէջ։ Անոնք իրենց լսածները կը հրատարակէին թերթերու կամ հանդէսներու մէջ։ Այսինքն, Թուրքիայէն դուրս ոչ մէկը արխիւներու կամ գաղտնի փաստաթուղթերու պէտք ունի որպէսզի հասկնայ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ 1915ին։ Միայն մեր հաւաքականութեան նման հիւանդ հաւաքականութիւն մը կրնայ հաւատալ պետութեան կողմէ հնարուած այս «արխիւները բանանք, այս գործը պատմաբաններու թողունք» բարբաջանքներուն»։
Ապա, խօսքը Տաւութօղլուին ուղղելով, ան նշած է. «Պապը հաշտութեան կոչ պէտք է ընէ եղեր։ Բայց մարդը ըրեր է արդէն. «կռիւը ձգեցէք», ըսեր է, դուք ձեզ դարմանեցէք, զոհերուն ալ հանգստութիւն տուէք։ Ես ընդհանրապէս պապերէն չեմ ախորժիր, բայց այս անգամ այս պապը շատ ալ ճիշդ խօսեր է, ձեզի ալ ցոյց տուեր է հաշտութեան ճամբան։
«Պապը քաջալերեր է ցեղապաշտութի՞ւնը։ Դուք արդէն, եթէ մէկը ձեզի անախորժ բան մը ըսէ, անմիջապէս կամ իսլամատեաց կը կոչէք անոր, կամ ցեղապաշտութիւն։ Դուք ցեղասպանութեան հեղինակներուն տեղ տուեր էք պետական բարձր կարգերու վրայ, ցեղային մաքրագործումը եւ ուրացումը պետական քաղաքականութիւն դարձուցեր էք, աքսորուածներուն ապրանքներուն վրայ ձեռք դրեր էք, անոնց շնորհիւ բարձր դիրքերու հասեր էք, այդ բոլորէն վերջ ալ ուրացումի աներես քաղաքականութիւն մը որդեգրեր էք։ Հիմա եթէ ասոր դէմ պիտի չխօսին, ուրեմն ի՞նչի դէմ պիտի խօսին։ Հոս ոչ իսլամաատեցութիւն կայ, ոչ ալ ցեղապաշտութիւն։
«Իսկ ինչ կը վերաբերի այն պնդումին թէ, եթէ դիմացինին սիրտը գոց է, ի՞նչի կը ծառայէ արխիւները բանալ։ Այդ արխիւները նախ իթթիհատականներու կողմէ, ապա սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ ով գիտէ քանի անգամ ձեռքէ անցան, մաքրուեցան, վնասակար փաստաթուղթերը բնաջնջուեցան, կամ պահուեցան այնպիսի տեղեր, ուր ո՛չ մէկը կրնայ հասնիլ։ Սա վայրկեանին մեզմէ ոեւէ մէկը իր ուզած բոլոր արխիւները կրնա՞յ բանալ տալ։ Միայն մեր երկրին մարդիկն են, որ կը հաւատան արխիւներու այս բարբաջանքին։
«Պապը միայն մէկ կողմին ցաւերուն մասին խօսեր է, մինչդեռ պէտք է եղեր ունենալ արդար յիշողութիւն։ Դուք կրնա՞ք հասկնալ աներեսութեան այս աստիճանը։ Պետութիւնն իսկ ընդունած է, որ 400 հազար հոգի, իսկ ուրիշներու համաձայն ալ աւելի քան մէկ միլիոն հոգի սպաննուեր է կամ գիտակցաբար դէպի մահ աքսորուեր է, ապրանքով եւ մշակոյթով բնաջնջուեր է, իսկ անոնք որոնք այս գործը ըրեր են ու հարստացեր են, հերոսի վերաբերում տեսեր են, հոս ու հոն անոնց արձանները դրուեր են, հայ զինուոր մը Ապրիլ 24ի օրով սպաննուեր է, Հրանդի նման մէկը սպաննուեր է, եւայլն։ Ես վարչապետին կրնամ վստահեցնել, թէ այս երկրին մէջ շատ մարդ, ներառեալ ես, ունինք այն «արդար յիշողութիւն»ը որուն մասին խօսեր է։
«Պապին վայել չէ եղեր։ Ճիշդ է։ Վատիկանի գլուխը գտնուող մարդո՞ւն մնացեր է մարդկութեան անունով խօսիլը»…