– Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատար մը, որ չէ ուզած իր ինքնութիւնը բացայայտել, տեղեկացուցած է, թէ Թուրքիա աւելի քան 10,000 անցագիրներ տրամադրած է ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան անդամներուն եւ աւելցուցած է, թէ Պոլիսը վերածուած է կազմակերպութեան «կեդրոնատեղի»ի։
– Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Իրաքի եւ Իրանի հարցերով օգնականի տեղակալ Պրեթ ՄըքԿըրք «Սի.Էն.Էն.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին չբացառեց, որ Միացեալ Նահանգներ «Իսլամական պետութեան» դէմ իր զինուորական գործողութիւնները Իրաքէն եւ Սուրիայէն դուրս ընդարձակէ:
– Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ապրիլ 16ին յայտարարեց, թէ Եմէնի մէջ շարունակուող ռազմական գործողութեանց Ուաշինկթընի տրամադրած աջակցութիւնը հարցականներ կը ստեղծէ Ուքրանիոյ գծով անոր որդեգրած դիրքորոշման կապակցութեամբ:
– ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովի մէկ ուսումնասիրութենէն յստակ դարձած է, թէ Թուրքիոյ դէմ ներկայացուած բողոքներուն մեծ մասը կ՛առնչուին մամուլի եւ խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն։ Բողոքներ կան նաեւ Կիպրոսի եւ Յունաստանի կողմէ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կողմէ: Այս վերջինը կ՛առնչուի ահաբեկչական խումբերու տեղաշարժը կանխելու համար սահմաններու վերահսկողութեան բաւարար կերպով չխստացնելուն։
– Թրքական «Ճումհուրիյէ»չ թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ «Անատոլու» պետական լրատու գործակալութիւնը քննադատելնուն համար 58 հանրածանօթ անձնաւորութիւններու դէմ դատական հետաքննութիւն մը սկսած է, «ատելութիւն եւ թշնամանք հրահրելու, ինչպէս նաեւ զրպարտութեան եւ վախցնելու» ամբաստանութիւններով:
– Մինչ ամերիկացիներու 12 տոկոսը համոզուած է, որ իրենց երկրի կառավարութիւնը միջին քաղաքացիին կողքին է, այդ համեմատութիւնը 80 տոկոս է չինացիներու պարագային։ Այդ համեմատութիւնները յաջորդաբար 73 եւ 17 տոկոս են, երբ հարցումը առնչուի կառավարութեանց՝ ընկերութիւններու կողքին ըլլալուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.