Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ Ապրիլ 12ին, Վատիկանի մէջ մատուցուած պատարագին ընթացքին՝ հայոց ջարդերը՝ «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը» որակելու Ֆրանսիս պապին քայլը փոթորիկի մը համազօր եղած է Թուրքիոյ մէջ: Մամուլը եւ ընդհանրապէս զանգուածային լրատուամիջոցները կրակ կը ժայթքէին եւ կը յորդէին քննադատական արտայայտութիւններով:
Դժգոհութեան այս ալիքէն չէ ուզած անմասն մնալ նաեւ Կարսի նահանգապետը՝ Կիւնայ Էօզտեմիրը, որ բողոքի այս ժխորին մէջ, Ապրիլ 13ին, Կարսի Ուլու մզկիթին մէջ բուռն կերպով քննադատած է պապի ելոյթը:
Ապա, Կիւնայ, «գթասրտութեամբ» աղաչած է Աստուծոյ, որպէսզի պապին պարգեւէ «ճիշտ ճամբան՝ իսլամականութեան ճամբան ընտրելու իմացութիւն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.