ԼԻՊԻԱ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԱՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ԹՈՒՐՔԻԱՆ
Վարչապետը քննադատեց իսլամ ծայրայեղականներուն նեցուկ կանգնողները ու դարձեալ շեշետեց, թէ Թուրքիա «Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան կ՛աջակցի Քաթարի տրամադրած նիւթական աջակցութեամբ»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միխայէլ Պոկտանով Ապրիլ 16ին յայտարարեց, թէ Մոսկուա պատրաստ է Լիպիոյ զէնք մատակարարելու, ՄԱԿի կողմէ հաստատուած արգելքի ջնջումէն ետք։ Ան նաեւ խոստացաւ նպաստել այդ արգելքը վերցնելու ջանքերուն։