
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմետիա».- Սպանիոյ ինքնավար մարզերէն մէկը հանդիսացող Պասքերու Երկիրի խորհրդարանը Ապրիլ 16ին վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը, կը հաղորդէ Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:
Յայտարարութիւնը կը նշէ, որ համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ սպանդի ու տեղահանութեան ենթարկուած է աւելի քան 1.5 միլիոն հայ, եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան պատմութեան ամենահրէշային ցեղասպանութիւններէն մէկն է:
Պասքերու խորհրդարանի անդամները նաեւ նշած են, որ հակառակ միջազգային հանրութեան կոչերուն՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միանալով միջազգային հանրութեան, Պասքերու խորհրդարանը կոչ ըրած է Թուրքիոյ, որ անյապաղ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: