ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Ապրիլ 7ի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրուշան Արմէնեանի, որ վերջերս նշանակուած էր Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս:
Սրբազանը շնորհաւորեց Ա. Արմէնեանը, որ նշանակումէն ետք առաջին այցելութիւնը կու տար առաջնորդարան, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր հայրենանուէր ծառայութեան նոր դաշտերուն մէջ: Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ խորհրդակցելու քաղաքի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի առօրեային վերաբերող հարցերուն մասին:
Ատրուշան Արմէնեան երկար տարիներու ծառայութիւն ունի Արեւմտեան թեմին մէջ: Ան Լաս Վեկասի հայ համայնքի նուիրեալ ծառայողներէն է ու կարեւոր աշխատանք տարած է Լաս Վեկասի մեր ծխական համայնքի վերակազմակերպման եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծրագիրին իրականացման մէջ: Ան նաեւ աշխոյժ աշխատանք կը տանի հայկական միութեանց ու Հայ Դատի հետապնդման ծիրին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.