Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցը արժանացաւ «Մայրենիի Պաշտպան» մրցանակին:
Կրթօջախի տնօրէն, Յովհաննէս սրկ. Գումրույեան կը տեղեկացնէ, որ հանդիսութեան՝ Արեւմտեան թեմի եւ դպրոցի անունով ներկայ գտնուած է Ս. Էջմիածնի միաբան վարդապետներէն Ռուբէն աբղ. Զարգարեան, որուն փոխանցուած է մրցանակը:
Վարժարանի ղեկավարութիւնը որոշած է մրցանակին ընկերացող դրամական պարգեւին վրայ աւելցնել ու զայն նուիրել Հայաստանի ծայրամասերուն մէջ կրթական ոլորտի զարգացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.