ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահը Հինգշաբթի, Ապրիլ 9ի երեկոյեան ժամադրավայրը եղաւ ամերիկահայ մեծ գրող Ուիլեըմ Սարոյեանի գրական արուեստին ու միտքի արգասիքներուն համակիր մշակութասէր հանրութեան մը, որ ընդառաջած էր Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբի նախաձեռնութեան եւ ներկայ եղաւ անոր նուիրուած «Ուիլեըմ Սարոյեան. Մարդը եւ Գործը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան:
Յանձնախումբը այս ձեռնարկը կազմակերպած էր Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ծրագիրներու ծիրին մէջ: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ երեկոյին եւ հովանաւորեց ձեռնարկը: Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգային վարչութեան անդամներ եւ շուրջ 150 հանդիսականներ:
Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնը պատրաստած է Փօլ Քալինեան, իսկ արտադրիչն է դուստրը՝ դոկտ. Սիւզի Քալինեան: Անոնք անձամբ կատարեցին ներկայացումը: Ժապաւէնը լուսարձակի տակ կը բերէ աշխարհահռչակ գրողին կեանքը՝ մանկութենէն սկսեալ, մինչեւ հռչակի տիրացումը, վեր առնելով շուրջ 60 տարիներու վրայ երկարող վաստակը, նկարագրային գիծերը եւ մտածումներու աշխարհը: Անիկա կ՛արտացոլայ Սարոյեանի հայկական պատկանելիութիւնն ու մարդկայնութիւնը, որոնք զինք հասցուցած են գրական բարձունքներու եւ մրցանակներու: Ժապաւէնի ներկայացման մասնակից եղած են նոյնինքն Սարոյեան, ինչպէս նաեւ ֆիլմարուեստի աշխարհի նշանաւոր աստղերէն Մայք Քանըրզ (Գրիգոր Օհանեան): Հանդիսականները հաղորդակից եղան Սարոյեանի մեծութեան…
Երեկոն բացուեցաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու քայլերգներով։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Ազգային վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց Փօլ եւ Սիւզի Քալինեանները։ Ժապաւէնի ցուցադրումէն ետք, խօսք առին հեղինակն ու արտադրիչը, որոնք նաեւ պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն։
Փակման խօսքը արտասանեց առաջնորդը։ Ան գնահատեց կազմակերպիչ յանձնախումբը, հանդիսավարը, բայց մանաւանդ ժապաւէնի հեղինակն ու արտադրիչը: «Ժապաւէնին մէջ, նոյնինքն Սարոյեան մեզի խօսեցաւ իր արմատներուն, կերտած վաստակին ու կեանքի փիլիսոփայութեան մասին: Ժապաւէնին ընդմէջէն, մենք Սարոյեանը ճանչցանք իբրեւ մարդ, գրող, փիլիսոփայ եւ մարդկային ապրումներով յորդող մարդ, հայկական իր արմատներուն հաւատարիմ հայորդի», ըսաւ սրբազանը եւ յաջողութիւն մաղթեց հեղինակին ու արտադրիչին՝ մշակութանուէր իրենց աշխատանքին մէջ: Ան նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի արուստագէտներուն, իսկ ներկայ հանդիսականներուն նուէր տր-ուեցան Ազգային առաջնորդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով լոյս ընծայուած որմազդէն օրինակներ, որոնք կը կրեն հայ ժողովուրդի վերապրումն ու կենսունակութիւնը դրուատող Սարոյեանի պատմական խօսքը։
Տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Նշենք, որ ժապաւէնը յաջորդական երկու օրերուն ընթացքին, Ապրիլ 8ին եւ 9ին, ցուցադրուեցաւ նաեւ Ազգային երեք երկրորդական վարժարաններու մէջ, սիրալիր ընդունելութիւն գտնելով մեր պատանիներուն կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.