Աշաճեան ընտրապայքարը սկսած է Քոնկրեսի մէջ ներկայացնելու համար նահանգի 24րդ ընտրատարածքը։
Խաչօ Աշաճեան վերջին 40 տարիներուն ապրած է քոնկրեսական 24րդ ընտրատարածքէն ներս եւ մօտէն ծանօթ է շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իբրեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ արդէն իսկ փաստած է, թէ կարողութիւնը ունի լաւապէս ներկայացնելու շրջանի քաղաքացիները եւ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները։
Քոնկրեսական 24րդ ընտրատարածքը ներկայիս կը ներկայացուի Լոիս Քեփսի կողմէ, որ վերջերս յայտարարած էր, թէ որոշած է հեռանալ Քոնկրեսէն, իր պաշտօնավարութեան աւարտին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
am so happy and proud to see my wish is coming true,go katcho go ,as long as we are united armenians we can move any mountain,