
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան խումբ մը անդամներ Ուրբաթ, 17 Ապրիլին ցոյց կատարեցին Գերմանիոյ հիւպատոսարանին առջեւ:
ՀԵԴական երիտասարդները իրենց այս ցուցական արարքով միացան աշխարհի տարբեր շրջաններու դաշնակցական երիտասարդներու, որոնք Գերմանիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէն կը պահանջեն իրենց կառավարութեան փոխանցել Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն կատարել: