Ան յայտնած է, որ յուշարձան-կոթողը կառուցուած է բարերար Ռաշիդ Շամոյեանի ընտանիքին միջոցներով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ղեկավարութեան անմիջական աջակցութեամբ: «Յուշարձան-կոթողի բացումը պատմական է հայաստանցիների, ինչպէս նաեւ եզդիների համար, որովհետեւ, ինչպէս ասացի, այն առաջինն է, որը նուիրւում է եզդի ժողովրդի անմեղ զոհերի յիշատակին: Այն պէտք է ուղերձ լինի աշխարհին, որ ժամանակն է ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այլեւս թոյլ չտալ ոչ մի ցեղասպանութիւն», ընդգծած է Շարոյեան:
Ան կոչ ուղղած է Թուրքիոյ ղեկավարութեան՝ հաշտուելու սեփական պատմութեան հետ եւ ճանչնալու հայ եւ միւս ժողովուրդներու նկատմամբ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:
Բարերար Ռաշիդ Շամոյեան իր ուրախութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ բացումը կը կատարուի եզիտի ժողովուրդի անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշարձանին: Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը ժամանակի ընթացքին համապատասխան յայտարարութեամբ պիտի դատապարտէ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ եզիտիներուն նկատմամբ գործադրուած ցեղասպանութիւնը:
Եզիտի ժողովուրդի անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը պիտի տեղադրուի Երեւանի օղակաձեւ զբօսայգիին կից։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.