ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Շուշանեանի կամ ֆրանսահայ գրողներու սերունդը Սփիւռքի գրականութեան ամէնէն աշխոյժն էր արտերկրի գրականութեան առաջին երկու տասնամեակներուն, սակայն անոնք առաւելաբար կը կեդրոնանան գոյատեւման իրենց ճիգերուն վրայ, ինչպէս Շուշանեանի «Մթին Պատանութիւնը» եւ «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը», կամ Հրաչ Զարդարեանի «Մեր Կեանքը»: Անոնք յաճախ ըլլալու եւ իրենց նոր անհատականութիւնը-ինքնութիւնը կազմելու ճիգը կ՛արձանագրեն, ինչպէս Զարեհ Որբունիի «Եւ Եղեւ Մարդը»: Շահնուր պիտի տագնապի իր սերունդի արագ ձուլումով եւ պիտի գրէ «Նահանջը Առանց Երգի»ն: Իսկ այս սերունդէն այդ քիչ փորձերէն մէկը Աղէտին անդրադառնալու՝ Կարապետ Փօլատեանի «Արծիւները Անապատին Մէջ» խորագրով վէպն է, որ արկածախնդրական վէպերու տպաւորութիւնը կը թողու՝ չկարենալով դէպքին եւ զայն ապրած տիպարներուն խորքը թափանցել: Թերեւս այս պատճառով է, որ Միջին Արեւելքի սերունդէն Անդրանիկ Ծառուկեան իր «Հին Երազներ, Նոր Ճամբաներուն» մէջ քանի մը տողով կ՛արձանագրէ, որ ձեռք չէ զարկած այս նիւթին, վախնալով որ իր ուժերը չեն բաւեր զայն գրականութեան վերածելու: Այսպէս, Ծառուկեան կը խոստովանի. «Կրկին՝ ջարդերը, կրկին՝ անապատը եւ կրկին՝ մղձաւանջային յիշատակներ, մտածումներ, ապրումներ: Ու այն բոլորը՝ որոնք երբեք չեմ մոռնար, բայց որոնց մասին երբեք չեմ փորձած գրել, վախնալով որ կը նսեմանայ այն ինչ որ զարհուրելի էր, անպատմելի էր…» (Ծառուկեան, էջ 116): Յամենայն դէպս՝ Ծառուկեան երկու տարեկան ըլլալով, Շուշանեանի նման անձնական յիշողութիւններ չունէր Եղեռնէն: Իրը գոյատեւման ճիգն էր, զոր պատմած է «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ» հատորին մէջ: Ծառուկեան աւելի ուշ այս փորձառութեան մասին պիտի գրէ Ռուբէն Սեւակի կեանքին նուիրուած «Սէրը Եղեռնի Մէջ» (1987) վէպին մէջ:
Աւելորդ չէ այստեղ յիշատակել Շուշանէանը կանխող սերունդէն Երուանդ Օտեանի Անիծեալ Տարիները, ուր 1914էն 1919 երկարող իր անձնական յիշատակները կը պատմուին: Սոյն գործը հատորի ձեւով լոյս տեսաւ տասնամեակ մը առաջ, Երեւանի մէջ (2004): Օտեանի տարագրուելէ առաջին ամիսներու խուսափումները եւ որոշ զուգադիպութիւններ պատճառ դարձան, որ չմատնուի իր գրչակիցներու ճակատագիրին: Ամէն պարագայի, այս գործը հրաշալի վկայութիւն մըն է Ցեղասպանութեան բովէն անցած հայ մարդուն ողբերգական ոդիսականը պատմող:
Վազգէն Շուշանեան, արդէն իբրեւ հասուն մարդ եւ մտաւորական, կը փորձէ վերլուծել ու հասկնալ այս լռութեան պատճառները, որովհետեւ այս հարցը նաեւ ի՛ր տագնապն է: Ան կու տայ շարք մը բացատրութիւններ, որոնց կ՛ուզեմ այստեղ անդրադառնալ:
Ան նախ կարեւոր կը նկատէ վերապրողներու հոգեկան բուժումը, կազդուրման շրջանը: Շուշանեանի բառերով. «Պատերազմի անափ գիշերէն տաժանքով դուրս եկողները, վիրաւորեալ ու սրտաբեկ, նախ ստիպուած էին վերագտնել կեանքի հրճուանքն ու անդորրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլար բաղդատութեան եզր մը հաստատել: Կը կրկնեմ, հարուածը ստացած ժամանակ մարդ կը շշմի ու աւելի յետոյ է միայն, որ մարմինին բոլո՛ր զգայուն մասերով, երբ առողջութեան առաջին նշանները յայտնուին, անորոշ կերպով կը զգայ կատարուածը» (Շուշանեան, էջ 49): Այս մէկը կը վերաբերի հոգեխոցին (trauma), զոր կը զգայ վերապրողը: Կարին Փափազեան-Զոհրապեան կ՛անդրադառնայ վերապրողներու սերունդը հարուածած հոգեխոցին (բառը իրն է, իբրեւ համազօր traumatisme psychique յղացքին), առաջին հերթին մատնանշելով սպանդին ստեղծած սարսափելի հարուածը: Սիրելիներու մահը արդէն ահաւոր ցնցում կը յառաջացնէ ենթականերուն մէջ, իսկ այս պարագային անոնց հաւաքական սպանութիւնը, անբնական պայմաններու մէջ կորուստը բնականաբար աներեւակայելի հարուած մը պիտի տար Աղէտէն վերապրողներուն: Լռութիւնը սերտօրէն կ՛առնչուի յանցանքի կամ մեղքի զգացումին հետ, զոր գոյատեւած վերապրողը կը տանջէ ինչո՞ւ ինք ապրեցաւ մինչ անոնք անհետացան (Փափազեան-Զոհրապեան): Սակայն այս տագնապը եւս Շուշանեանի մօտ արձագանգ չի գտներ եւ կը մնայ լռութեան մութ շրջագիծին մէջ, միւս հարցերու կողքին:
Շուշանեան կը պատմէ Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Պոլիս վերադարձած վերապրողներու գինովութիւնը, որոնք կարծես կը փորձեն ապրիլ ա՛յն, որմէ զրկուած էին չորս ամբողջ տարիներ: Բնականաբար ինք եւ իր սերունդը կը յուսար, որ այս գինովութենէն ետք՝ որոշ տարիներ անցնին, խաղաղութեան շրջան մը բոլորուի, որպէսզի իրենց ապրած ողբերգութիւնը պատմեն: Իր բառերով. «Մարմնական մասնակի խաղաղութիւն մը պէտք է, յարաբերական խաղաղութիւն մը, որպէսզի հին վէրքեր կոտտալ սկսին» (Շուշանեան, էջ 50): Հոս հարցը այն է սակայն, որ տասնամեակ մը կ՛անցնի այս բոլորէն, եւ լռութիւնը կը շարունակուի: Արդար ըլլալու համար՝ Քեմալական յաջողութիւնը եւ Իզմիրի ջարդը անկարելի դարձուց շատերու համար Պոլսոյ կամ Ռոտոսթոյի մէջ կեցութիւնը, իսկ Ֆրանսայի եւ այլ արտասահմանեան վայրերու մէջ բնակեցումը բնականաբար նոր դժուարութիւններ եւ պատշաճեցման ու յարմարելու մարտահրաւէրներ պիտի ստեղծէր: Շուշանեանի համար առաւել օղակ մը կ՛աւելնայ այս դժուարութիւններու կողքին՝ Պոլիսէն Հայաստան մեկնումը, եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք՝ հոնկէ դուրս գալը, եւ իր շրջագայութիւնները մինչեւ Ֆրանսա հաստատուիլը:
Ցեղասպանութեան հետեւանքներէն մէկն ալ գոյատեւողներու տարատեսակ հակազդեցութիւններն են, որոնցմէ մէկը հայութենէ խզումն է (Փափազեան-Զոհրապեան): Շուշանեան եւս կը վկայէ այս մասին՝ ըսելով. «Անտարակոյս մեր սերունդէն բազմաթիւ ուրիշներ սկիզբէն իսկ մերժած են զայն. մերժած են հայ ըլլալու ողբերգութիւնը» (Շուշանեան, էջ 51):
Կարին Փափազեան կը մատնանշէ նաեւ, որ Աղէտը կը խզէ պատմութեան բնական ընթացքը, կը խզուին «ծննդակարգը, սերնդակապը» (էջ 26), ամէն ինչ կը դառնայ Եղեռնէն առաջ եւ ետք, առաւել՝ հայրենիքը կը դառնայ «իտէալականացուած ու երազային յղացք» (նոյն, էջ 26): Այս մէկը յստակօրէն կրնանք տեսնել Շուշանեանի գործին մէջ. ինչ որ Շուշանեանի մանկութեան եւ Ցեղասպանութիւնը նախորդող շրջանին կը վերաբերի, այսինքն՝ Ռոտոսթոյի տարիներուն, որուն ամենացայտուն կէտը մօրը հետ իր կապն է, լուսաւոր ոլորտի մը մէջ կը դրսեւորուի, մինչդեռ Եղեռնը յաջորդող տարիներուն իր ամբողջ աշխարհը «խորշակահար» դարձած է, ինչպէս ինք կը բնութագրէ: Այսպէս հարցականները իրարու կը յաջորդեն՝ «Անցեալը պիտի վերադառնա՞ր արդեօք, ապագան պիտի նմանէ՞ր միթէ անցելոյն: Ո՞վ պիտի փոխարինէր մեռելները, ո՞վ պիտի գտնէր կորսուածները: Ո՞վ ինչո՛վ պիտի վերսկսէր իր նոր կեանքը» (Շուշանեան, էջ 48-49): Անշուշտ Շուշանեան քաջ գիտէ, որ անցեալը չի կրնար վերադառնալ, իր բոլոր կորուստները, որոնց մէկ մասին անհետացման ականատես եղած է, նոյնպէս չեն կրնար վերադառնալ, ոչ ալ ապագան կրնայ նմանիլ անցեալին, սակայն թերեւս այս բոլորին շրջան մը պէտք ունի վերապրողը՝ գոյատեւելու համար:
Իրապէս դաժան գոյներով Շուշանեան կը ներկայացնէ իր հոգեվիճակը. «Ոչի՛նչ մնացած է կեանքիս մէջ, որ խորշակահար եղած չըլլայ՝ բայց քանի մը տարիներէ ի վեր է միայն, որ սկսած եմ իմ անցելւոյն անդունդը խորաչափել ու գլխու պտոյտ ունենալ. …Տարիներէ ի վեր արդէն՝ անցելոյն ու ներկայի միջեւ կը ճօճիմ՝ վիրաւոր թռչունի մը պէս, որ իր խորտակուած թեւերը կը փորձէ բանալ» (Շուշանեան, էջ 50): Ամէն պարագայի Ցեղասպանութեան տարիներու փորձառութիւնը այնքան ծանր է հոգւոյն մէջ, որ «Ալեկոծ Տարիներ»ուն մէջ Շուշանեան բաւական մանրամասնօրէն կը խօսի իր մանկութեան տարիներուն մասին, նոյնիսկ Հալէպի եւ Պոլիս վերադառնալու ճամբուն առնչուած դրուագներ կը պատմէ, սակայն ամբողջական լռութիւն կը պահէ Աղէտին փորձառութեան շուրջ: Հոն տեղի ունեցած իրողութիւնները խաւարի մէջ կը մնան, կարծես թապու է այդ նիւթը, անկարելի է հոն պատահածներուն մասին խօսիլ, նոյնիսկ՝ զանոնք նշել: Քիչ մը անդին՝ Շուշանեան պիտի խոստովանի. «Չորս մեռել ունիմ ուսերուս վրայ, կ՛ըսէի մինակս, մէկն եմ, որ օրուան մէկ ժամուն կրնայ այդ տաժանելի բեռը զգալ: Երկար ատեն չէի համարձակեր այդ խօսքը գրի առնել, այնքան խոր էր անոր արձագանգը հոգւոյս մէջ» (Շուշանեան, էջ 51): Ուսերուն վրայ չորս մեռել ունենալու իրողութիւնը եւ տարիներով չկարենալ արձանագրելու իրողութիւնը ինքնին պերճախօս է այստեղ: Չի՛ կրնար խօսիլ Աղէտը, չի՛ կրնար գրել զայն, իսկ Ցեղասպանութեան արհաւիրքին հետզհետէ աւելի կը գիտակցի եւ անցեալի անդունդը խորաչափելով՝ գլխապտոյտ կ՛ունենայ, այսինքն՝ այս ողբերգութիւնը օրէ օր աւելի կը ճնշէ իր վրայ: Ի՛ր իսկ յայտարարութեամբ՝ Եղեռնին խորշակը ամէն ինչ այրած է իր կեանքին մէջ եւ ինք խորտակուած թեւերով կը ճօճուի անցեալին եւ ներկային միջեւ: Ինչպէս կը տեսնենք՝ գիտակցումի հանգրուանը հարուածներէն ետք կու գայ, այդ տարիներու տեսածին, ապրածին ու կորուստներու ցաւերուն կը յաջորդէ: Գիտակցումը ներքին ու արտաքին դէպքերու վերլուծական աշխատանք մըն է, զոր կը կատարէ ենթական, եւ անոր ահաւոր, անպարփակելի տարողութիւնը բնականաբար գլխապտոյտ կը պատճառէ իրեն:
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ժամանակի հեռաւորութիւնը կենսական է. ո՛չ միայն կարեւոր է այդ շփոթահար, հարուած ստացած վիճակէն դուրս գալու եւ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը գտնելու առումով, այլեւ Աղէտին հետ հեռաւորութիւն ստեղծելու ու աւելի առարկայական մօտեցումով զայն հասկնալու ու դատելու համար:
Երկրորդ հիմնական առարկութիւնը կրնայ քիչ մը տարօրինակ թուիլ, որովհետեւ Շուշանեան իր սերունդի ուժերէն վեր կը նկատէ նման աշխատանքի մը իրագործումը: Իր բառերով. «Հարկ չէ մոռնալ նաեւ, որ հսկաներու սերունդ մը չէ մերինը ու ժամանակի դիմաց անցեալը սեւեռելու այդ դաժան բեռը խիստ ծանր է մեր ուսերուն վրայ»: Այս սերունդը Մենքի սերունդն էր, որ այդքան ինքնավստահ իջած էր հրապարակ՝ նոր խօսք ըսելու առաջադրանքով, եւ իսկապէս նոր հորիզոններու բացուած էր՝ յաճախ նախորդ սերունդին հակադրուելով, սակայն իր ամէնէն աշխոյժ մէկ անդամը նման աշխատանք մը իրենց ուժերէն վեր կը նկատէ: Այսուհանդերձ կը յուսայ, որ ժամանակի ընթացքին իրենք կարենան «մասնակի վկայութիւններ բերել» Ցեղասպանութեան փորձառութենէն:
Սակայն չկարենալ գրելու հիմնական պատճառը նման անսահմանելի աղէտներուն դիմաց մարդկային միտքին լռութիւնն է, որուն դիմաց ոչ միայն ի՛ր սերունդին ներկայացուցիչները, այլեւ նախորդ սերունդէն աւելի գրական փորձ ու շնորհք ունեցող տաղանդներ չեն կրնար խօսիլ, զայն գրել, անոր գեղարուեստական մարմին տալ: Շուշանեան կը գրէ. «Անբուժելի ու խորունկ վէրքերը կը նախընտրեն լռութիւնը, որ մեծավայելուչ ու լուրջ է: Մեծ վիշտերը լեզու չունին: Նոյնիսկ ոսկեբարբառ բանը երբեմն սրբապղծութիւն կը թուի» (Շուշանեան, էջ 50-51): Ան քիչ անդին կը խոստովանի, որ պատմելու փորձէ մը ետք նախադասութեան մը մոխիրը մնացած է շրթներուն վրայ, քիչ մը նման այս վախին, որ Ծառուկեան կ՛արտայայտէր, ըսելով որ չի գրեր այս մասին, վախնալով որ զայն կը նսեմացնէ: Երկու պարագաներուն ալ՝ Եղեռնը պատմելու անկարելիութիւնը կը տեսնենք, որ այլեւս իրենց ներաշխարհին մաս կը կազմէ, անբուժելի ու խորունկ վէրք մըն է, որ ներքնապէս կը հարուածէ զիրենք: «Մեծ վիշտերը լեզու չունին» եւ «կը նախընտրեն լռութիւն» դրսեւորումները ինքնին կը մատնեն անկարելութիւնը աղէտը գրելու: Այս մեծ լռութեան կը հանդիպինք միշտ եւ կը փորձենք հասկնալ զայն: Շուշանեան առնուազն որոշ բացատրութիւն մը կու տայ այս երեւոյթին:
Աղբիւրներ՝
Ծառուկեան, Ա. (1960). «Հին Երազներ, Նոր Ճամբաներ…», Պէյրութ, Մեխակ հրատ.։
Շուշանեան, Վ. (2014). «Անիծեալ Տարիներ», Մոնթրէալ, Համազգային հրատ.:
Փափազեան-Զոհրապեան, Կ. (2012). «Մտորումներ Հայոց Ցեղասպանութեան Պատճառած Հոգեխոցին Եւ Անոր Փոխանցման Մասին», «Հորիզոն» բացառիկ, Ապրիլ, էջ 25-26:
————————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Mr. & Mrs. Albert & Sona Shahinian Utah
In Memory of our Beloved Father
Jacob Orphali MD
Jaina,Raffi and Cindy
Dr. Marc Kotoyan
1300 N Vermont Ave. #804
Los Angeles, CA 90027
323-662-9711
Սարօ եւ Այտա Գօթոյեաններ
Քրիստափոր եւ Սարին
TUFENKIAN HERITAGE HOTELS
www.tufenkian.am
hotels@tufenkian.am
+374 60 50 10 10
Նազարէթ եւ Սօսի Քիւրտօղլեաններ եւ զաւակը՝ Հրակ
————————————————————————————————————————–