ՄԱՔՕ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
«Թող զոյգ աչքերով.- ինչո՞ւ միայն ես,
Իմ որդին եւ իմ թոռը կուրանան,
Թէ նրանք մեր դէմ գործած մի ոճիր,
Եւ կամ մի դահճի անուն մոռանան…
Գէորգ Էմին
Այս առթիւ, անկեղծօրէն կ՛ուզեմ խոստովանիլ, թէ Ցեղասպանութեան ո՛չ մէկ տարելից այսքան նեղ դրութեան չէր մատնած՝ ընդհանրապէս սահուն ընթացող գրիչս. այսօր անիկա կը դաւաճանէ, թերեւս արդարօրէն, քանի որ անկիւնադարձային այս պահուն, յանցագործի կարգավիճակով, ամօթահար, կանգնած եմ նահատակներուս դատաստանին առաջ, խոնարհաբար հայցելու անոնց ներողամտութիւնը, 100 երկարաձիգ տարիներու տեւողութեան, ազգովին իրենց իղձերն ու արդար դատը՝ Վանն ու Մուշը, Կարինն ու Խարբերդը, Սիսն ու Մասիսը տուն վերադարձնելու անզօրութեան համար։ Սակայն հարկ է յիշել, թէ 100 տարին ազգերու պատմութեան մէջ ակնթարթ մըն է. յիշել նաեւ, որ մեզի ճակատագրակից ժողովուրդ մը, 2000 տարի թափառեցաւ առանց վհատելու, համբերութեամբ հետապնդեց Աւետեաց Երկրի երազը, իրականացուց զայն, միասնական ճիգերով կերտեց իր պետութիւնը եւ այսօր իբրեւ հզօր պետութիւն կանգնած է աշխարհի այլ պետութիւններու շարքին։
Անշուշտ կ՛անդրադառնամ նաեւ թէ 100 տարի ձեռնածալ չենք նստած. Ցեղասպանութեան փոշոտ, արիւնոտ ցնցոտիները թօթափած, թիթեղաշէն հիւղակներէ դղեակներ հասած, հազար ու մէկ խոչընդոտներէ, վերիվայրումներէ անցնելով, վերապրած, Ցեղասպանութեան հետեւանք՝ հայ ամբոխէն հայ ազգ կերտած, «Հա՛յ, հայերէն խօսէ՛» ամէնօրեայ ազդարարութիւններով թրքախօս հատուածը հայերէնախօսութեան մղած, իրերօգնութեան գաղափարը տարածելով, հաւաքական ճիգերով ազգային կառոյցները հիմնած, ազգասէր ու հայրենասէր վրիժառու մարտիկներ պատրաստած եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով Հայ Դատի ճանապարհը հարթած ենք։ Իսկ աշխարհի քաղաքակրթութեան պարգեւած՝ տաղանդաւոր հայ գիտնականներու, արուեստագէտներու, այլազան բնագաւառներու մէջ փայլուն մասնագէտներու հոյլ մը։ Այս բոլորէն ետք ամենամեծ ու թանկ ձեռքբերումը, Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան վերակերտումն ու հազարաւոր հայորդիներու արեան գնով ազատագրուած Արցախն է։ Դրական ձեռքբերումներու կողքին, հայ կեանքը, բնական ու քաղաքական աղէտներու պատճառով կրած է հսկայական բացասական փոփոխութիւններ։ Հայ ժողովուրդի ողնայարն ու սիրտը եղող գաղութները ականահարուած, հոգեվարքի մէջ են. գիտելիքներու առընթեր, ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան, վեհ գաղափարներ սնուցանող, հայագիտութեան հմուտ սերունդներ հայթայթող Միջին Արեւելքը կորսնցուցած է երբեմնի ուժականութիւնը, հայութեան մեծամասնութեան թիւը կրող Սփիւռքը օտար մշակոյթներու ազդեցութեան տակ սեփականը պահելու հեւքի մէջ է եւ անզօր՝ ընտանեկան յարկերէ ներս խուժող օտար լեզուի, վարք ու բարքի դիմադրելու։ Հայերէնախօսութիւնը տեղի տուած է անգլիախօսութեան, ֆրանսախօսութեան, ռուսախօսութեան. շարքը երկար է թուելու համար բոլորը։
100ամեակը առիթ է ըսելու՝ Յո՞ երթաս, հայ ժողովուրդ. նախնիներդ նահատակուեցան լեզուն, հաւատքը, ազգային ինքնուրոյն դիմագիծը պահպանելու համար։ Հայոց լեզուն, հող-հայրենիին չափ կամ աւելի կենսական գործօն է իբրեւ հայ գոյատեւելու եւ ազգը յաւերժացնելու տեսանկիւնէն։ Միտքի ու հոգիի լուսաւորութեան ձգտող մեր իմաստուն պապերը մոմի լոյսով փորձեցին թափանցել տիեզերքի, գիտութեան եւ արուեստի ոլորտները, դժնդակ պայմաններու տակ դարերով երկնեցին ու արարեցին բարին ու գեղեցիկը. մեզի պարգեւեցին գիր, գրականութիւն, արուեստ, ճարտարապետութիւն, հոգեմտաւոր արժէքներ՝ ստեղծելով ազգային ինքնորոյն մշակոյթ, պաշտպանեցին մեզ «հոգեւոր ցրտից»։ Այսօր ազգային մշակոյթի ինքնուրոյնութիւնը վտանգուած է, եւ մենք «հոգեւոր ցրտի» արթած անզգայնութենէն, ազգովին շեղած ենք մեզի ձգուած այդ հարուստ ժառանգը անաղարտ պահելու ու զայն ծաղկեցնելու նուիրական առաքելութենէն։
Ցեղասպանութենէն 100 տարի անց, այսօր անհրաժեշտօրէն կարիքը կը զգացուի «Հայ մարդ, հայերէն խօսէ՛» ազդարարութեանց ամէնուրեք զետեղման։ Անապատի աւազներուն վրայ հայերէն խօսող, Ա.Բ.Գ. ուսուցանող հայ մօր տիպարը թող օրինակ ծառայէ բոլորին, յատկապէս՝ երիտասարդ հայ մայրերուն, որոնց «ափի մէջ է ազգի ճակատագիրը»։ Ուղղակի ոճիր է, թոթովելու պատրաստ երեխային հետ անգլերէն խօսիլ, ապա արդարանալ ըսելով. «Ամերիկա ծնած-մեծցած է, անոր համար հայերէն չի գիտեր»։ Յանցաւորը ծնողներն են. ուրիշ տեղ չփնտռել անգլիախօսութեան կամ օտարախօսութեան պատճառները։
100ամեակը թող գօտեպնդէ ու խթանէ Սփիւռքի, Հայաստանի ե՛ւ Արցախի հայութիւնը առաւել բծախնդիր ու նախանձախնդիր վերաբերմունք ցուցաբերելու ազգային արժէքներու հանդէպ, յատկապէս՝ հայերէն լեզուի հանդէպ, յատկապէս հայերէն լեզուի օտար բառերէ մաքրագործման եւ անոր անաղարտ գործածութեան նկատմամբ։
Մեր թշնամին դաժան ու նենգ, ուրացող ու յերիւրող, նաեւ վայրագ է. այնքան ատեն որ մեր երկիրը շրջապատուած է նման հարեւաններով, Սփիւռքն ալ՝ օտար ազդեցութիւններով, պարտաւոր ենք ինքնապաշտպանութեան զրահը կրել յաւիտեան։ Ներկայիս ունինք պետութիւն, նաեւ հզօր Սփիւռք. 100ամեակը ոչ թէ կը թելադրէ, այլ կը պահանջէ, միասնաբա՛ր, նոր թափով մշակել նորանոր ծրագիրներ, (մանկապարտէզէն սկսելով) պատրաստելու համար մարդկային ու ազգային առողջ նկարագիրով հայրենատենչ սերունդներ, որոնք համաշխարհայնացման թոհ ու բոհին մէջ եւ ճարտարուեստի ընձեռած գրաւիչ մթնոլորտէն ներս, գերմարդկային ճիգով կարենան իւրացնել հայկականը եւ պահպանել ազգային ինքնուրոյն դիմագիծը, եւ այսպէս՝ զրահուած վեհ գաղափարներով, իրենք ալ իրենց հերթին, յանուն ազգի ու հայրենիքի, յանձնառու ըլլան զոհողութիւններու եւ ի պահանջեալ հարկին 100 եւ աւելի տարիներ եւս՝ մինչեւ արդարութեան հաստատումը, կարենան բարձրաձայնել.
«Թող զոյգ աչքերով.- ինչո՞ւ միայն ես,
Իմ որդին եւ իմ թոռը կուրանան,
Թէ նրանք մեր դէմ գործած մի ոճիր,
Եւ կամ մի դահճի անուն մոռանան»։
Լիայոյս եմ, որ հայ կանանց, հայ մայրերու անզուգական կազմակերպութիւնը՝ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, բազմապատկելով անդամներու թիւը, յաւելեալ ճիգով եւ նոր թափով, անտարբերներու փոխարէն եւս աշխատելու յանձնառութեամբ, կը շարունակէ հայապահպանման ու հայրենաշինութեան պատմական իր առաքելութիւնը։
————————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ARARAT ADHC
Management, Employees and Participants
Տնօրէնութիւն, Պաշտօնէութիւն եւ Տարեց Մասնակիցներ
VICTORY ADHC
Management, Employees and Participants
Տնօրէնութիւն, Պաշտօնէութիւն եւ Տարեց Մասնակիցներ
————————————————————————————————————————–