
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- 17 Ապրիլի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Վատիկանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով սրբազան քահանայապետին կատարած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ վեհափառ հայրապետին խօսքը եւ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը: Նաեւ արծարծուեցան Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր՝ ներառեալ նախագահի ընտրութիւնը: