Աշխարհի չորս ծագերէն, բարոյական բարձրագոյն ամպիոններէն, քաղաքական կարեւոր շրջանակներէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման յուշումներ եղան Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ ինք եւս միանայ ճշմարտութեան եւ արդարութեան դրօշակակիրներու բանակին: Ափսոս որ սեփական բերանէն դուրս եկած խոստումը վեց տարիէ ի վեր մոռցած նախագահը նախընտրած է խուլ ձեւանալ ու չլսելու տալ յուշարարներու ձայները՝ ինչպէս որոշած է չանսալ իր բարձրագոյն պաշտօնին պահանջած պատասխանատուութեան հրաւրիող ձայներուն:
Մեր յուսախաբութիւնը մեծ է, ու իբրեւ Միացեալ Նահանգներու նման վեհ սկզբունքներով ղեկավարուելու յաւակնութիւնը ունեցող երկրի քաղաքացիներ, ամօթ կը զգանք, որ մեր նախագահը՝ յանուն անհասկնալի նկատառումներու, մեղսակից կը դառնայ ուրացման քաղաքականութեան:
Յուսախաբութիւնը անշուշտ քաղաքական եզր չէ ու ամերիկահայութիւնը վստահաբար իր քաղաքական պատասխանը պիտի տայ նախագահ Օպամային:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.