Մեր ընտանիքը 8 անդամներէ կազմուած էր: Առաջինը՝ (զաւակներուն) աղջիկ, ապա 4 տղայ եւ ամենափոքրը՝ աղջիկ, որ ծնած էր Ատանայի ջարդէն 15 օր առաջ:
Շատ ուրախ էինք մեր ընտանեկան յարկէն ներս. ընտանեօք կը պատրաստուէինք Մեծ Զատկուան գալուն: Այդ տարուան Սուրբ Զատիկը աղէտաբեր Զատիկ մը եղաւ, սեւերով լեցուն:
1909 թուականի Մեծ Զատիկի առաջին Կիրակի օրը, քաղաքը ամբողջովին գոցուած էր, ոչ ոք գիտէր պատճառը, թէ ի՞նչ կը պատահէր:
Կառավարութեան կողմէ 2 զինուոր ներկայացան Տաւուտ քեռիիս տունը, որ այդ ժամանակ ազգի մեծերէն էր եւ կառավարութեան մէջ յայտնի պաշտօն ունէր: Զինուորները ըսին քեռիիս, որ իրենց հետ կուսակալին քով երթայ: Երբ կը հասնին կուսակալին մօտ, կուսակալը կը հարցնէ քեռիիս, թէ հայերը ինչո՞ւ իրենց խանութները գոցած էին այդ օրը: Քեռիս կը պատասխանէ՝ «քանի դուք ձեր խանութները գոցած էք, մենք ալ մեր խանութները գոցեցինք»: Կուսակալը քեռիիս կ՛ըսէ որ երթայ եւ ազգին իմացնէ, թէ բան չկայ մտահոգուելու եւ ամէն մարդ իր խանութը թող բանայ:
Երկու զինուորներով, քեռիս կը հեռանայ կուսակալին քովէն որ տուն երթայ, կը հասնին մինչեւ «Գառա Սոխու», ուրկէ պիտի անցնէին (ուղղուելու դէպի) հայկական թաղերը: 15 մեթր քալելէ ետք, տասնապետը աչքով նշան կ՛ընէ զինուորներուն, որոնք անմիջապէս կրակ կը բանան քեռիիս վրայ: Այս առաջին պայթումն էր, որ մեծ ահ ու սարսափ պատճառեց, եւ շատ փամփուշտներու ձայներ ելան ամէն կողմէ: Քեռիս եղաւ առաջին զոհը: Ժողովուրդը մեծ վախի մէջ էր, իրարու մօտ կը խմբուէին: Մենք, ընտանեօք, մեծ մօրս տունը փախանք, բոլոր ազգականները հոն հաւաքուած էին: Մեծ մօրս տունը կը գտնուէր ճամբուն վրայ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց: Ամենափոքր քոյրս որ 15 օր է ծնած էր, միշտ կու լար, Միհրան քեռիս մօրս ըսաւ. «Այս աղջիկը հորը նետենք որ իրմէ ազատինք» ու սկսաւ մօրս ձեռքէն փոքրիկը քաշել, բայց մայրս չթողեց: Ապա երեխային բերանը կապեցին, այդ ալ չօգնեց, իր երեսէն (պատճառով) ամէնքս զոհ պիտի երթայինք: Յաջորդ օրը առաւօտեան, փողոցները մարդ չկար, փախանք Ս. Աստուածածին եկեղեցի, որ տան դիմացն էր: Ամէն կողմէ այնտեղ հաւաքուած էին:
Մերինները ուզեցին տուն երթալ եւ «քասայէն» դրամներ եւ ոսկիներ բերել, մայրս ու մօրաքոյրս չձգեցին, սակայն քեռիիս տղան եւ մօրաքրոջս տղան խօսք մտիկ չըրին եւ գացին: Երկուքը միասին թուրք թաղերէն ներս կը մտնեն ու դրամները թաշկինակի մէջ կը լեցնեն: Դիմացէն, քանի մը զինուորներ կը տեսնեն զիրենք, վազելով քովերնին կու գան եւ հրացանները կուրծքերնուն կը դնեն, անոնք ալ վախերնէն թաշկինակները գետին կը ձգեն: Այդ միջոցին, երբ ոստիկանները դրամները կը հաւաքէին, անոնք կը փախչին դէպի եկեղեցի, կը հասնին շատ մեծ վախի մէջ, երեսնին դեղնած: Այս ջարդը 20 օր կը տեւէ:
Կառավարութիւնը ըսաւ որ բան մը չկայ, լուր ղրկեցին որ խանութները բանան: Ամէն մարդ գործի սկսաւ երթալու, անոնք որոնք հեռու տեղեր կը բնակէին, Աբգարեան վարժարանին մէջ կը պառկէին (կը գիշերէին): Անցաւ 8 օր, զէնքերը ժողվեցին մարդոցմէ: Յանկարծ չորս կողմէն զէնքերու ձայներ լսուեցան: Իրարու կը հարցնէինք, թէ ի՞նչ կայ: Ըսին, թէ գիւղէն շատ վայրենի գոմէշ մը բերած են, անիկա կը զարնեն: Արդէն ջարդը սկսած էր: Աբգարեան վարժարանին բակը շատ մեծ էր, ոմանք հաց կը թխէին, կերակուր կը բերէին, ես ալ հօրեղբօրս տղոց հետ գնդակ կը խաղայի: Սաները շարուած՝ սկսան սենեակներ մտնելու:
Կրակը սաստկացաւ, շատ յուսալքուած էինք, ճարահատ ճերմակ դրօշակ պարզեցինք յառաջացած թշնամի ուժերուն դիմաց եւ յանձնուեցանք: Զինուորները պաշարեցին ժողովուրդը եւ տարին կառավարական տան առջեւ: Կառավարական տան դիմաց սիրուն պարտէզ մը կար, որ պետութեան կը պատկանէր, երկու դուռ ունէր: Մէկ դուռէն հրմշտկելով ներս մտցուցին կանայք, իսկ միւս դուռէն՝ տղամարդիկը, դրան առջեւ շարուած էին զինուորականներ եւ մեծ աստիճանաւոր սպաներ:
Խուզարկեցին ներս մտնող ժողովուրդը, եւ բոլորի ձեռքերէն կ՛առնէին իրենց վրայ գտնուող թանկագին իրերը՝ ոսկի մատանի, ժամացոյց, ապարանջան եւ այլն, ըսելով թէ անոնք իրենց չէին վայլեր, հետեւաբար պէտք էր առանց ատոնց մնային, եւ զիրենք կը հրմշտկէին դէպի ներս:
Մէկ գիշեր մնացինք հոն: Երկրորդ օրը հեռագիր ուղղեցին Պոլիս, իմացնելով կառավարիչներուն, որ բոլոր ժողովուրդը գերի ինկած էր, ի՞նչ պէտք էր ընէին՝ մեռցնէի՞ն թէ ազատ արձակէին: Հայ պաշտօնեայի մը ձեռքը կանցնի հեռագիրին պատասխանը, որուն մէջ կ՛ըսուէր թէ մեռնողները մեռան, ողջ մնացողները թող ազատ թողնեն, որ իրենց տուները վերադառնան: Տասնապետ մը եկաւ իմացուց, որ կրնայինք մեր տուները մեկնիլ, ազատ էինք, «կէտին փատիշահա տուվա էտին, սիզէ աֆ կելտի» (գացէք թագաւորին աղօթեցէք, ձեզի ներում եկաւ) ըսաւ մեզի: Պէտք էր մեր տուները երթայինք: Սակայն ո՞ւր, ամբողջ քաղաքը կրակներու մէջ էր: Ժողովուրդը տարին քաղաքէն դուրս տեղ մը, ուր կայարան մը կար, դիմացն ալ «Չար չափուխ մահալլեսի» անունով տեղ մը: Նոյն վայրին մէջ ընդարձակ տեղ մը կար՝ ցանկապատով պատուած «Ալաման ֆապրիքասը» անունով: Այնտեղ լեցուեցանք, մէջտեղը երկու յարկով շէնք մը կար, ուր կը բնակէին պաշտօնեաները: Պաշտօնեաները հաց կը նետէին շուներուն, ժողովուրդը կը յափշտակէր նետուած հացերը: Այս խառնաշփոթ վիճակին ընթացքին, ոտքի տակ կը կոխկռտուէին փոքրիկ երեխաները:
Եղանակը ամառ էր: Ցանկապատին միւս կողմը, գիւղացի կիները «փախլա» (կանաչ լուբիա) կը բերէին եւ ցանկապատէն ներս գտնուողներուն կը ծախէին: Հայրս դրամ կը կապէր չուանի մը ծայրը եւ դուրս կը նետէր ցանկապատին միւս կողմը. կ՛առնէին դրամը, եւ դրամի արժէքով փախլա կը կապէին ատոր: Կ՛ուտէինք առանց հացի: Այս ձեւով բոլոր ժողովուրդը ապրեցաւ: Քաղաքի կրակները դադրեցան:
Ան, որ տուն ունէր, գնաց, իսկ ան, որ իր տունը կորսնցուցած էր, իր հարազատներուն քով ապաստանեցաւ: Կամաց-կամաց խանութները բացուեցան առաջուան պէս, մարդիկ վերսկսան իրենց աշխատանքներուն, հանդարտութիւն տիրեց ամէն կողմ, կարծես բան մը պատահած չըլլար: Սակայն, աւերակ դարձած էր շքեղ Ատանան:
1914-1915 ԱՔՍՈՐԻ ՕՐԵՐԸ
Այդ ժամանակ, ես 13-14 տարեկան էի եւ կը յաճախէի Աբգարեան դպրոց: 1914-15 թուականներու շրջաններուն, լուր մը ելաւ, որ մեծ պատերազմ մը պիտի պատահէր: Դպրոցները փակուեցան, քաղաքին ամէն կողմը թմբուկներ զարկին, սկսան ձիերը եւ կառքերը հաւաքելու ժողովուրդէն: Կառավարութիւնը կը գնէր բոլոր փոխադրութեան կառքերը դրամով, իսկ բանի չծառայողները կը վերադարձնէր: Թուրք եւ գերման կառավարութիւնները միասին էին: Պատերազմը սկսաւ: Թուրքերը կը վախնային հայ ժողովուրդէն, որ թերեւս պատերազմի ընթացքին յեղափոխութիւն ընէին:
Գերմանացիները կը խրատէին թուրքերուն, որ հայ ժողովուրդին տեղահան ընեն դէպի ուրիշ վայրեր, որպէսզի յեղափոխութիւն չընեն: Ատանայի հայերը Այնթապ կը տարուէին, Այնթապի հայերը՝ Մարաշ, այսպիսով բան մը չէր պատահեր:
Պատերազմը սկսաւ, լուր մը ելաւ որ հայերը պիտի աքսորուէին: Ամէն օր թաղերը կը պարպէին, առաջին անգամ սկսան ժողվուելու երիտասարդները՝ աքսորելու, մէկ ամիս ետք կարգը եկաւ մեզի: Զինուորներ եկան եւ ըսին որ յաջորդ օրը պէտք էր պատրաստ ըլլայինք: Կը կարծէինք, որ մեզի օդափոխութեան պիտի տանէին կամ պտոյտի: Չէինք գիտեր, որ մեռցնելու պիտի տանէին: Երկրորդ օրը զինուորները եկան եւ մեզի տարին կայարան: Շոգեկառքին մէջ նստանք, կէսօրէն ետք հասանք մինչեւ Օսմանիա ըսուած տեղը: Իջանք վար, ընդարձակ դաշտ մըն էր, մեծ կարաւան մը կեցած էր հոն: Հայրս վրաններ լարեց, մէջը քնացանք:
Միւս օրը, շատ ժողովուրդ կար. ամէն քաղաքներէ հայեր հաւաքած եւ հոն բերած էին, քով-քովի նստած կը սպասէին: Օդը շատ տաք էր: Աղջիկներ եւ հարսեր հովանոցով կը պտըտէին արեւուն տակ: Երկու կամ երեք օր ետք, կարաւանը քալեց մինչեւ «Պէյլի» ըսուած վայրը: Միւս օր, քալեցինք դէպի «Քելլեր», որ լերան վրայ կը գտնուէր: 4-5 օր հոն մնալէ ետք, մեզի ըսուեցաւ, որ մեզ երկաթուղիի աշխատանքի պիտի տանէին: Գիշեր ատեն բոլոր չափահաս տղամարդկանց լեռներու կողմը տարին: Առաւօտուն, ժողովուրդը հաւաքուեցաւ եւ սկսան իրարու հարցնելու, թէ տղամարդիկ ուր մնացած էին, մէջտեղ չկային: Միայն կիներ, աղջիկներ եւ երեխաներ մնացած էին, ոչ ոք լուր ունէր: Մեզ հետ կային միայն տարիքոտ մարդեր: Այդ տեղէն մեզ տարին, անցանք ճամբայէ մը, որուն երկու կողմերը լեռներով շրջապատուած էին, մեզի կ՛ընկերակցէին 4-5 զինուորներ: Քալելով կը տանէին մեզ անորոշ վայրեր: Կէսօրէն ետք էր, ես կը քալէի կարաւանին առջեւէն, եղբայրս վազելով քովս եկաւ եւ իմացուց որ քրոջս փախցուցած էին: Պատահածը ինծի պատմեցին, հայրս եւ մայրս քրոջս ձեռքերէն պինդ բռնած կը քալէին, երեսը գոցած էին: Հօրս գլխուն կը զարնեն, հայրս վար կ՛իյնայ ուշքը կորսնցուցած: Մօրս ձեռքէն քաշած տարած էին քոյրս: Մէկ ժամ ետք «Այրան» ըսուած տեղը հասանք. արեւը մար կը մտնէր: Ինքզինքս գտայ տեղ մը, ուր սեղանի մը շուրջ հազարապետներ եւ սպաներ կային: Մայրս լալով աղաչեց այդ զինուորականներուն եւ պատմեց պատահածը: «Փատիշահ պաշի իւչիւն» (թագաւորի գլխոյն սիրոյն), ըսաւ մայրս անոնց, «աղջիկս փախցուցին» եւ ոտքերուն իյնալով լալագին պաղատեցաւ: «Քատըն», ըսաւ աստիճանաւորը, «սենին իլէ ասկեար եօ՞ք մ՛իտի» (կին, քու հետդ զինուոր չի կա՞ր), «էֆէնտիմ», ըսաւ մայրս, «վար իտի, օննար կէօրտիլեր, ամա պիր շէյ տեմետիլեր» (կային, անոնք տեսան, բայց բան մը չըսին): Անմիջապէս լուր ղրկեց աստիճանաւորը, որ մեզի ընկերացող զինուորները իր առջեւ բերեն: Եկան եւ իր դիմաց շարուեցան, վրանին պոռալով՝ ըսաւ, թէ կառավարութիւնը իրենց պաշտօն տուած էր մեզ պաշտպանելու եւ ոչ թէ աղջիկ փախցնել տալու: Հրամայեց, որ երթան եւ գտնեն քոյրս եւ զայն իրեն բերեն, աւելցնելով՝ «եթէ չի բերէք, ձեզի կը մերկացնեմ եւ աղուոր ծեծ մը կու տամ», ապա անոնք հեծան ձիերը եւ գացին: Անօթի էինք, դրամ չկար, որ հաց գնէինք, մայրս դրամը քրոջս մէջքը կապած էր, կը կարծէր, թէ այդպիսով աւելի ապահով կը մնար դրամը:
Քնացանք այդ գիշեր: Կէս գիշերին, մօրս արթնցուցին զինուորներ եւ ըսին թէ «քատըն, քըզընը կեթիրտիլէր» (տիկին, աղջիկդ բերին): Մայրս լալով փաթթուեցաւ քրոջս եւ համբուրեց երեսներէն: Երկու օր ետք, կարաւանը մեկնեցաւ մինչեւ Պաղճա, որուն բնակիչները օսմանցիներու կողմնակից էին: Երկու օր հոն մնացինք: Յաջորդ օրը, Մարաշէն Խրլաքեանները եկան: Ժամանակին, զինուորներուն ամիսներով քարաւանայ տուած էին, հարուստ եղած են, 3 ձիերով ապրանք բերած էին՝ հագուստներ, պանիր, իւղ եւ զանազան ուտեստեղէն: Երեք օր ետք, ծեր հարիւրապետ մը եկաւ, եւ ըսաւ. «Վաղը պիտի մեկնիք»: Ձի, էշ պիտի չըլլային մեզի հետ, այլ քալելով պիտի երթայինք: Ինչ որ մեզի պէտք էր, ուսերնուս վրայ շալկած պիտի մեկնէինք, զինուորներու նման: Ամէնքն ալ իրենց լաւ հագուստները ընտրելով, վրայ-վրայի հագուեցան: Ուտելիքներ առին, եւ մնացածը հոն ձգեցին:
Մայրս հիւանդացաւ: Հոն մնացինք մօտ տասը օր: Այդ տեղէն ետք, կարաւանը տարին Իսլայեա կոչուած տեղը, որ մեծ եւ ընդարձակ դաշտ մըն էր: Հայրս վրանը լարեց եւ քնացանք: Մէկ ամիս մնացինք հոն: Աղտոտութեան պատճառով, մարդիկ ոջիլներով լեցուեցան, ես վարակուեցայ թիֆոյիտով, նոյնպէս մեծ քոյրս: Հիւանդութիւնը տարածուեցաւ ամէն կողմ: Շարունակ կը փսխէինք քոյրս ու ես: Մեր քովի վրանին մէջ կային մայր մը եւ երկու աղջիկներ: Մայրը մահացաւ, աղջիկները տարին դիակը եւ հեռու տեղ մը թաղեցին: Շատեր այդպէս մահացան:
Կարաւանը դարձեալ ճամբայ ելաւ: Ամէն ոք լաց ու կոծի մէջ էր, աղաղակները մինչեւ երկինք բարձրացան: Շատեր կ՛ըսէին, թէ՝ «Աստուած ո՞ւր էր, խո՞ւլ էր արդեօք այդ ժամանակ, որ չէր լսեր այս աղերսանքը»: Ճամբուն վրայ ուրիշ կարաւաններ յափշտակուած էին, դիակներ կային գետինները մերկ վիճակով, ուռած եւ այլանդակուած: Գիւղացիներ անոնց հագուստները գողցած էին: Քանի մը օր ետք հասանք Այնթապ, քաղաքէն հեռու, տեղ մը կար, որ քարայրի մը պէս խորունկ էր, մէկ դուռով, ուր ժամանակին քար կը կոփէին: Հոն, մեզի ոչխարներու պէս լեցուցին: Մեզմէ առաջ հասած կարաւաններու աղտոտութիւնը կար: Այնտեղ, նեխած դիակներ ալ կը գտնուէին: Մէկ օր ետք, բժիշկ մը եկաւ եւ ըսաւ. «Հիւանդները պիտի մնան, կառավարութիւնը զանոնք հիւանդանոց պիտի տանի»: Մօրս ոտքերը ուռած էին, հայրս՝ մօրս ոտքերուն լաթեր փաթաթած էր, որպէսզի կարենար քալել: Օր մը ետք, մեզ դուրս հանեցին: Մայրս եւ փոքր եղբայրս ու փոքր քոյրս, իրարու հետ համբուրուելէ ետք, իրարմէ բաժնուեցան: Կարաւանը ուղղուեցաւ Պէրէճիկի կողմը, դէպի Եփրատ գետի եզերքը: Պէրէճիկ չհասած, ճամբուն չորս կողմը այգիներ կային, ժողովուրդը այգիներուն մէջ մտնելով, տհաս խաղողները կուշտ մը կերաւ: Տեղ մը հասանք, ուր վրանները լարեցինք ու տակը մտանք: Եղբայրս անհանգստացաւ խակ խաղողներուն պատճառով: Աչքերուն տեսողութիւնը կորսնցուց, կը պոռար՝ ըսելով. «Հայրիկ, աչքերուս վրայէն անձեռոցը վերցուր», որուն հայրս կը պատասխանէր. «Հիմա կը վերցնեմ, զաւակս»:
7-8 օր ետք կարաւանը Եփրատ գետի միւս կողմը պիտի անցնէր: Ժողովուրդը անզօր էր, շատերը հիւանդացան, հայրս վրանը քակեց, փաթթեց եւ ուսերնուս վրայ առինք: Եղբօրս երեսներէն համբուրեցինք, կէս մեռած-կէս ողջ, զինք աւազին վրայ ձգելով քալեցինք: Եփրատ գետին միւս կողմը անցանք, մէկ օր մնալէ ետք, սկսանք քալել: Հասանք մեծ քրտական գիւղ մը, որուն անունը Սուրուճ էր: Կարաւանը հանգչեցաւ մօտակայ տեղ մը:
Գիւղացիները մեր մօտ եկան: Եղբօրս ոտքերը ուռած էին: Տարիքոտ մարդ մը հօրս մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Դուք ամէնքդ պիտի մեռնիք, ես տղայ չունիմ, այս տղան ինծի տուր որպէս հոգեզաւակ, օր մը աշխարհը կը փոխուի ու իրարու կը միանաք»: Անոր ըսածին պէս ալ եղաւ: Հայրս եղբօրս ձեռքէն բռնեց, համբուրեց եւ զայն մարդուն յանձնեց: Մարդը առաւ եղբայրս ու գնաց: Եղբայրս արդէն կարող չէր քալելու, ոտքերը ուռած էին, անպայման պիտի չկարենար մեզի հետ ճամբան շարունակել: Երեք հոգի մնացինք՝ հայրս, մեծ քոյրս ու ես: Կարաւանը տարին Ուրֆա ըսուած քաղաքը: Հոն չհասած, քաղաքը արդէն կ՛երեւէր: Երկրորդ անգամ քոյրս փախցուցին ուրիշ շատ մը աղջիկներու հետ: Հասանք Ուրֆա, քաղաքէն հեռու տեղ մը նստեցուցին, տասը օր հոն մնացինք, չէինք գիտեր, թէ ետքը ուր պիտի տանէին:
Կարաւանին արդէն հազիւ կէսը ողջ մնացած էր, մնացածը ամբողջ մեռած էր: Երկու օր ետք, ես հայրիկիս ըսի. «Ես պիտի երթամ, կա՛մ կը մեռնիմ, կա՛մ ողջ կը մնամ»: Ըսածիս պէս, կէս գիշերին, շատ խաւար գիշեր մը, ամէն մարդ քնացած էր, կարաւանին չորս կողմը զինուորներ կային, հայրիկիս ձեռքերը համբուրեցի, ինքն ալ իմ երեսներէս համբուրեց: Կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս դուրս պիտի փախչէի: Ձեռքերս գետին դրած, անասունի մը նման սողալով, կամաց-կամաց կը յառաջանայի, քիչ մը կը կենայի, որ զիս չտեսնեն: Այդպիսով կարաւանէն դուրս եկայ: Սաստիկ մութ էր, միայն քաղաքին լոյսերը կը փայլէին: Չէի գիտեր ուր պիտի երթայի: Սկսայ քալելու լոյսին ուղղութեամբ, քիչ մը կը նստէի ուժ առնելու համար եւ քիչ մը կը քալէի:
Քալելով քաղաք հասայ, արշալոյսը ծագելու մօտ էր, շատ յոգնած էի եւ անօթի, տունի մը առջեւ քնացայ: Արեւը ծագեցաւ, մարդ մը ոտքով կը զարնէր, աչքս բացի եւ նստայ: Մարդը հարցուց, թէ ուրկէ եկած էի, ես ալ ըսի թէ կարաւանէն փախած եմ, մարդը ըսաւ՝ «Ես տղայ չունիմ, իմ տունս եկուր, ես Աստուծմէ այսպէս կը խնդրեմ»: Մարդը ձեռքես բռնեց եւ տարաւ իր տունը, դուռը զարկաւ, երբ կինը դուռը բացաւ, ըսաւ անոր. «Կնիկ, քեզի զաւակ մը բերի»: Մարդը երկու տարիէ ի վեր ամուսնացած էր եւ զաւակ չունէր: Զիս նստեցուցին սեղանին մօտ ու 4-5 խոշոր թանտրի հաց դրին առջեւս: Սկսայ ուտելու, արցունքներով: Մարդը հարցուց՝ «Ինչո՞ւ կու լաս, այս տունը քու տունդ է»: Կերայ այնքան, որ փորս ուռեցաւ: Մնացած հացը առի, չորս կողմս նայեցայ, մարդ չկար, հացը առի, ծալլեցի եւ ծոցիս մէջը դրի, աչքերս անօթի էին: Կինը վերէն տեսած էր զիս ու հարցուց՝ «Ինչո՞ւ հացը կը պահես», ես ալ պատասխանեցի՝ «Քիչ ետք պիտի ուտեմ»: Զիս առին ու բաղնիք տարին, աղուոր մը հագցուցին, մարդու նմանեցայ քիչ մը: Մէկ երկու ամիս լալով հաց կ՛ուտէի, կամաց-կամաց վարժուեցայ: Ինքզինքս չէի կրնար զսպել ու միշտ կու լայի:
8-10 օր ետք, կարաւանը քալեցուցին, մինչեւ Սուերէկ անունով պզտիկ քաղաք մը տարին: Այնտեղ, պաշտօնեայ մը եկած ու հարցուցած է անոնց, թէ իրենցմէ ո՞վ արհեստաւոր էր: «Այն որ արհեստաւոր է, այս կողմը թող շարուի»: Բախտով, հայրս որպէս արհեստաւոր անոնց շարքին կ՛անցնի: Հոն երկու տարի կը մնայ: Անգամ մը Ուրֆա եկած է, եւ հոն զիս փնտռած է, կարծելով, թէ Ուրֆա կը գտնուէի: 3-4 օր փնտռտուքի միջոցին, զինք ձերբակալած ու բանտ դրած են: Իրենց ըսած է թէ արհեստաւոր է. քովը կառավարական թուղթ մը կար, անոնց ցցուցած է, եւ զինք ազատ արձակած են: Կրկին կը մեկնի Սուերէկ, 7-8 ամիս ետքը, կրկին կը մեկնի Ուրֆա եւ կ՛որոշէ Ատանա երթալ, եթէ զիս չգտնէր: Եկած էր զիս փնտռելու, այդ միջոցին ես շուկայ իջած էի, շուկային մէջ այնթապցի մարդ մը կար, որ պզտիկ խանութ մը ունէր, անոր քով կ՛երթայի շաբաթը անգամ մը, մօտը կը նստէի: Ես զինք կը ճանչնայի, բայց ինք զիս չէր ճանչնար:
Հայրս կու գայ այդ մարդուն քովը, որուն կը ճանչնար: Անոր կը հարցնէ իմ մասին, ան ալ կ՛ըսէ. «Քովս տղայ մը կու գայ, չեմ գիտեր հայ է թէ ո»չ: Ես Երեքշաբթի օրերը այդ մարդուն քով կը հանդիպէի, ցորեն կամ գարի ծախելու համար: Հայրս պտըտելով իր քով եկած էր. ինծի մօտեցաւ եւ ցորենին տոպրակին մէջ խոթեց ձեռքը՝ ըսելով. «Այս ցորենը ինչպէ՞ս կը ծախես»: Միշտ երեսիս կը նայէր: Ես բան մը չէի կրնար ըսել: Սկսաւ հարցնել՝ «Որտեղացի ես, մայրիկիդ անունը ինչ է, հայրիկիդ անունը ինչ է», զիս հարցուփորձեց, զիս առաւ մէկ կողմ քաշեց եւ ըսաւ. «Դուն իմ տղաս ես, եւ քու հայրդ եմ»: Իրարու փաթթուեցանք ու սկսանք լալու: Հայրս շատ փոխուած էր, երկար մօրուք մը ձգած էր, որպէսզի չճանչցուէր իր հայ ըլլալը: Քանի որ այնտեղ կային մարդիկ, որոնք զիս կը ճանչնային, գիտէին որուն քովն էի, դարձաւ ինծի, ըսաւ. «Տղա՛ս, ես երկու օրէն պիտի մեկնիմ, կ՛ուզեմ քեզ ալ միասին տանիլ»։ Առաջ «ո»չ ըսի, ապա զիս համոզեց, կը վախնար թէ ճամբան զինուորներ բռնեն եւ մեռցնեն մեզ: Ես իմ անձէս չէի վախնար, որովհետեւ, երեսիս եւ շրթունքիս վրայ Ուրֆայի վէրքեր կային: Հագուածս ուրֆացիներու հագուստներ էին, ոչ ոք գիտեր, որ ես հայ էի: Վախս հայրս էր, իրեն ըսի որ կու գամ: Հայրս շատ ուրախացաւ, որ իր հետ պիտի երթայի:
2 օր ետք, կէս գիշերին, երբ բնակած տանս անձերը քնացած էին, կամաց մը դուռը բացի եւ դուրս ելայ, քալելով հայրիկիս քովը գացի: Երեք հոգի էինք՝ հայրս, ես եւ այլ հայ մըն ալ կար, քաղաքէն դուրս եկանք: Սկսանք քալելու գիշերները, ցերեկները մէկ կողմ կը քաշուէինք ու կը քնանայինք, այդ հայ մարդը ճամբաները գիտէր: Միշտ գաղտնի ճամբաներէն կը տանէր մեզ, որ չբռնուէինք: Մարդը երկու էշ ունէր, Այնթապէն ապրանք բերելու համար: Հասանք Օսմանիա: Հայրս մարդուն դրամ տուաւ, սակայն մարդը ետ դարձուց: Կէսօրէն ետք ժամը չորս էր, ծառերուն տակ նստանք: Մէյ մըն ալ տեսանք երկու հոգի, քալելով մեր ուղղութեամբ կու գային: Անոնցմէ մէկը ճանչցաւ հօրս, սկսաւ խօսիլ հետը, անունը տալով: Ատանայի մէջ օղի ծախող էր, խանութ ունէր: Հայրս քովը օղի խմելու կ՛երթար: Հայրս ըսաւ, թէ ինք այդ մարդը չէր, «դուն ուրիշի հետ շփոթեցիր զիս»: Սակայն մարդը լա՜ւ կը ճանչնար հօրս եւ ըսաւ. «Քու անունդ Աւետիք է, ինչո՞ւ սուտ կը խօսիս»: Քիչ մը քովը նստաւ, վերջը կամաց-կամաց միասին քալեցին: Հայրս ըսաւ, թէ «պէտք է այստեղէն երթանք», քալելով կայարանին ճամբան գացինք:
Քիչ մը քալելէ ետք, ետեւ նայեցանք ստուգելու համար, որ մեզ հետապնդող մէկը կար թէ ոչ: Հասանք կայարան, մութ էր: Վակոններուն մէջ անասունի աղբեր կային: Ներս մտանք, ու կէս ժամ ետք շոգեկառքը սկսաւ քալելու: Ատանայի կը մօտենայինք, կը խորհէինք կայարանին մէջէն ինչպէս անցնիլ:
Կար մարդ մը, որուն անունը լսողը կը վախնար. «Էկախ Պէյ» կ՛ըսէին անոր, հազարապետ մըն էր եւ ամէն ինչ իր ձեռքն էր, շատ անխիղճ մարդ մըն էր, կ՛ուզէր հայերուն արիւնը ծծել: Կայարանին մէջ սեղան մը ունէր, գացող եւ եկող ճամբորդները կը ստուգէր: Հասանք Ատանայի կայարանը, սակայն անկարելի էր կայարանին մէջէն անոր առջեւէն անցնիլ: Հիմա շոգեկառքը կեցաւ, ես վար նետուեցայ, հայրս ալ ետեւէս, մարդ փոխադրող վակոններուն մէջ մտայ եւ սկսայ պոռալու. «Համպալ ուզող կայ մի»։ Հարիւրապետ մը կար, որ երկու պայուսակ ունէր, զիս կանչեց, որ զանոնք կրեմ: Մէկը հայրիկիս տուի, իսկ միւսն ալ ես առի:
Մտանք կայարան: Մարդը առջեւէս ու հայրս ետեւէս կու գար: Էկախ Պէյ ըսուածը, սեղանին առջեւ նստած կը գրէր, աչքիս ծայրովը նայեցայ իրեն, մեզ չտեսաւ: Դուրս ելանք, մարդը մեզի քիչ մը դրամ տուաւ, կառքի մը մէջ ելաւ եւ մեկնեցաւ: Գիշեր էր, շատ մութ, քալելով քաղաք հասանք, ուր մօրաքրոջս տունը կը գտնուէր: Երկու տղայ զաւակ ունէր, արհեստով դերձակ էին, եւ «Իմարէթ Հանէ» կ՛աշխատէին. զինուորական տեղ էր այդ, չաքսորեցին զիրենք, երբ մօրաքրոջս տունը մտանք, ապշած մեզի կը նայէին: Ըսին, թէ՝ «ինչպէ՞ս եկաք հոս»: Համբուրուեցանք եւ նստեցանք: 1-2 ամիս տունէն դուրս չէինք ելլեր:
1918-1919 մէջտեղերը պատերազմը դադրեցաւ:
————————————————————————————————————————-
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Յարութ եւ Սեդա Իքնատոսեան
եւ զաւակները՝ Քեւին եւ Լարա
———————————
Hovig & Aida Dimijian
———————————
Արիզոնա
ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» կոմիտէ
ՀՕՄի «Արարատ» մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Գետաշէն» Ուխտ
ՀՄԸՄ Ֆինիքս
Արիզոնայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
———————————
Ara & Marie Papazian
State Farm
Insurance
818.348.6144
———————————
Ի Յիշատակ
Սահակ եւ Սարա Սաղտըճեաններու
Աբրահամ Սաղտըճեանի
Սիրվարդ Գարաօղլանեանի
Մանաս եւ Քրուզ Սաղտըճեան
———————————
Ի Յիշատակ
Արտաշէս եւ Ասիա
Չրախչեաններու
Չրախչեան Ընտանիք
————————————————————————————————————————–