Մօտ օրէն «Ասպարէզ»ի հրատարակչութեամբ լոյս պիտի տեսնէ հաճընցի վերապրող Ասատուր Չալեանի տարագրութեան տարիներու յուշերը, որոնք նաեւ պիտի ներկայացուին անգլերէն թարգմանութեամբ՝ նոյն հատորին մէջ:
Այստեղ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք յուշերու հատորէն առնուած հատուածներ:
ՅՈՒՇԵՐ, ՎԿԱՅԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
Ինքնակենսագրութիւն՝ Հաճընցի Վերապրող Ասատուր Չալեանի (Ծնած՝ 1891 Հաճըն, Կիլիկիա. Մահացած 1972ին Պէյրութ
Մանկութեան Յիշատակներ
Ինքնակենսագրութիւն գրելը նորոյթ է թէ ոչ, չեմ գիտեր, եւ ոչ ալ այն կարծիքը ունիմ, թէ կեանքի մէջ ինչքան մեծ եւ արժէքաւոր աշխատանք եւ ծառայութիւն ունեցած պէտք է ըլլայ մարդ, որ իր կենսագրութիւն գրելը աւելորդ չհամարուի:
Ես իմ կենսագրութեամբ ուրիշին օրինակ հանդիսանալու եւ զիրենք օգտաշատ եւ ազգանուէր կեանքի մը մղելու յաւակնութիւնը չունիմ. ինքնակենսագրականս իմ զաւակներուն ուղղութիւն մը միայն ցոյց տալու համար ուզած եմ ունենալ, որ գիտնան, թէ իրենց հայրը սերած է շատ համեստ ընտանիքէ մը, որուն կրնան հետեւիլ աւելի լայն չափով…
Հաճընցի եմ: Հաճըն քաղաքը՝ արծուեբոյնը Կիլիկեան Հայաստանի շրջանին, կը գտնուի Ատանա նահանգին հիւսիսը: Զուտ հայաբնակ քաղաք մըն էր, 25,000 բնակչութեամբ: Կային շատ քիչ թիւով թուրքեր միայն, որոնք Չանտր կը կոչուէին. տեղւոյն հայերու բարբառով կը խօսէին եւ անոնց կենցաղը ունէին…
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ Ա. ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
1915ի Մայիս ամսուան մէջ շշուկներ սկսած էին լսուիլ Զէյթունի հայութեան պարպումին՝ Գոնիայի, Սուլթանիէի գաւառակը քշուելուն մասին. քաղաքական հորիզոնին սեւ-սեւ ամպերու կուտակուիլը զարհուրեցուցած էր ժողովուրդը: Երիտասարդութիւնը զինուոր տարեր էին: Վանայ հայութեան ապստամբութիւնն ու Պոլսոյ մտաւորական ընտրանիին ձերբակալումները շատ տարտամ կերպով կը լսուէին՝ յուսահատութեան մէջ պահելով հաճընցիութիւնը: Այս օրհասական օրերուն, յանկարծ լսուեցաւ, որ Զէյթունը պարպող թրքական բանակի հրամանատար Ղալիպ պէյ, Հաճըն կու գայ՝ Հաճընն ալ տակն ու վրայ ընելու: Մինչ այդ, ժանտարմի հրամանատար Աւնի պէյ Ատանայէն Հաճըն եկած կը սպասէր գործի սկսելու՝ բանակին գալէն ետք: Քանի մը հաճընցի երիտասարդներ իբրեւ հրոսակ լեռ բարձրացած էին: Անոնց թելադրութեամբ ժողովուրդը պահ մը խորհեցաւ զինուորները քաղաք մտնելէ առաջ դիրք բռնել եւ Զէյթունէն եկող բանակը բնաջնջել կիրճին մէջ: Այդ ծրագիրը չիրականացաւ. բանակը եկաւ մտաւ քաղաք եւ կարեւոր դիրքեր գրաւեց:
Բանակը դիրք գրաւելէ ետք, մինչ այդ լուր սպասող Աւնի պէյ Հաճընի երեւելիները իր մօտ հրաւիրեց եւ ծեծի ու սարսափի տակ զէնքերու յանձնումը պահանջեց:
Ժողովուրդը իր ունեցած զէնքերը յանձնելու սկսաւ: Հրոսակները լեռնէն իջան: Անոնցմէ երեքը՝ Շխրտմեան Տիգրան, Կէչիճեան Արշակ եւ Վարդիվառ Ճէրէճեան Սիս ղրկուելու նպատակով ճամբայ հանուեցան: Ագ-Քէօփրիի մօտերը ժանտարմները հրացանազարկ ըրին Տիգրանն ու Արշակը, իսկ Վարդիվառը փախաւ, հասաւ Սիս:
Բանտարկեալները ամէն օր ծեծի եւ խոշտանգումի տակ, իրենց ունեցած զէնքերը յանձնեցին: Սարաճեան եպիսկոպոսի շինել տուած քարաշէն դպրոցին վարպետը՝ Մարտիրոս Թէմպէլեան, զէնք պահած ըլլալու վախէն ինքզինք կախեց եւ մեռաւ. իրեն աշկերտ Արամ Ճիկերեանի մատնութենէն շատ վախցած էր: Արամ՝ հնչակեաններուն կողմէ կառավարութեան դէմ պատրաստուած թռուցիկներ պատը փակցնելու ամբաստանութեամբ, Ատանա բանտարկուած էր. իր մատնութիւններուն որպէս վարձատրութիւն զինք ազատ արձակեցին. եկաւ Հաճըն, ուր չարիք հասցուց հայերուն, իսկ իր ընկերները՝ Կարապետ Կիզիրեան, Արամ Պօյաճեան, Նազարէթ Շխրտմեան եւ դրսեցի Տրդատ Պալեան, կախաղան հանուեցան Ատանայի եւ Ճիհանի մէջ: Արամ Ճիկերեանն ալ, յետոյ, անօթի, ծարաւ, թափառական, երեսէ ինկած վիճակի մէջ մեռաւ:
1915 Մայիս 22ին Հաճընը սկսաւ պարպուիլ իր հարազատ բնակչութենէն: Մինչեւ Յունիս 8՝ երեք կարաւանով, հայութեան 3/4ը պարպուած եւ քշուած էր Հալէպ: Մնացած հայութիւնը վախի եւ սարսափի կատարեալ անորոշութեան մէջ կը տուայտէր եւ կը սպասէր իր կարգին՝ քշուելու:
ՏԱԺԱՆՔԻ ՃԱՆԱՊԱՐՀՍ
Յուլիս ամսուան 20ին կառավարութիւնը մունետիկով յայտարարեց, որ ցորենի հասկեր քաղելու գացողները պիտի չտարագրուին: Զիս, Սեդրակ Չիլինկիրեանին (որ մեռաւ Ռասուլ Այնի ջարդին) եւ Կիլպէրթ Թօփալեանին (Պէյրութ է այսօր) Կարմիր հորին շրջանը ղրկեցին: Հոն սկսանք ցորեն քաղելու. քաղը լմնցաւ, կամնեցինք եւ ցորենը զատեցինք յարդէն՝ տուն բերելու պատրաստ վիճակի մէջ. երկու ժանտարմներ եկան եւ հաղորդեցին, որ ես եւ Կիլպէրթը պէտք է իջնենք քաղաք եւ պատրաստուինք Սիս քշուելու համար: Կիլպէրթին հետ գացինք Հաճըն. ես մէկ օսմանեան ոսկիով էշ մը ծախու առի, հագուստ եւ կապուստ պատրաստեցի եւ մեկնելու կազմ ու պատրաստ սպասեցի: Եղբայրս զինուոր գացած ըլլալուն, մայրս, քոյրս եւ եղբօրս կինը հետս չուզեցի տանիլ, անոնք կրնային մնալ իբրեւ զինուորի ընտանիք: Այդ իրիկունն իսկ ստիպեցին որ մեկնինք: 31 հոգի էինք, որոնցմէ միայն երկուքը կին էին՝ Սարաճեան սրբազանին մայրը եւ Չիլինկիրեան Փանոսին կինը: Մեր մէջ կային Սարաճեան սրբազանը, պէլէտիէի ռայիս (քաղաքապետարանի նախագահ) Յարութիւն Շխրտմեանը, Յակոբ Տատրեանը, Մինաս էֆէնտի Պահատրեանը, տղաքը՝ Տիգրան պէյն ու Առաքելը, Անդրանիկ Պալեանը, Միքայէլ Վայէճեանը, Կիլպէրթ Թօփալեանը: Մէկ ու կէս ժամ քալելէ ետք մութը կոխեց. Ղայա Տիպի այգիներուն դիմաց, ջուրին եզերքը իջանք: Հին տոմարով 29 Յուլիս 1915 էր: Մինչեւ առաւօտ հոն անցուցինք: Սրբազան Սարաճեանի հանգիստի պահուն ընկողմանած վիճակի մէջ ըլլալը ժանտարմին ուշադրութիւնը գրաւած էր. եկաւ եւ յանդիմանեց սրբազանը: Չկրցանք տանիլ այդ յանդիմանութիւնը, ուզեցինք ետ Հաճըն երթալ եւ բողոքել: Մեզմէ տարիքոտները հանգստացուցին մեզի, սակայն գէշ միտք մը համակեց մեզ բոլորս, եւ նախապաշարուեցանք վախի զգացումներով: Այդ օրերուն լսած էինք որ առանձին քշուած էրիկ մարդոց կարաւանները միշտ ալ ջարդուած էին: Սպասեցինք՝ Սիս հասնելէ ետք մտածելու մեր ընելիքին մասին, քանի որ մեզ հոն կը ղրկէին, եւ հոն ալ պիտի մնայինք: Մեզմէ առաջ քշուածները Հալէպ ապահով հասած էին:
Հետեւեալ առաւօտ, խռովեալ մտածումներով շարունակեցինք մեր ճամբան եւ 3րդ օրը իրիկնամուտին հասանք Սիս, ուր մեզ կը սպասէր Եղիշէ եպս. Կարոյեան, միակ հոգեւորականը ամբողջ Սսոյ Մայրավանքին մէջ: Մեզմէ առաջ տարագրուածները Քիրազի լերան վրայով Գարս-Պազարի գիծով քշուած էին: Մենք Սիս մնալու մեծ յոյս ունէինք: Սակայն, երբ Սարաճեան սրբազան Սիսի կառավարիչին դիմեց, մեզի պատասխանեցին, թէ մեր ճամբան դէպի Հալէպ շարունակենք: Հաճընի թուրք կառավարութիւնը մեզ խաբած էր ուրեմն, երբ Սիս մնալու մասին մեզի հաւաստիացուցած էր:
Հետեւեալ առտու կանուխ մեզի ճամբու դրին. հասանք Օսմանիյէի գաւառակը, ուր մեզմէ ոմանց տրուած գրաստները ետ առին, ժանտարմները փոխեցին եւ ըսին, որ ուզողը կրնայ ձի վարձել մինչեւ Հալէպ: Ես միշտ իմ էշս հեծած կը քալէի: Օսմանիյէէն-Հասանպէյլի եւ ապա՝ Իսլահիյէ հասանք, ուր մեր դրութեան դէպի գէշ փոխուած ըլլալու կասկածները աւելի շատցան: Մինչեւ հոն, ամբողջ ճամբու ընթացքին, հայ զինուորները զինաթափ ըրած՝ իբրեւ բանուոր կ՛աշխատցնէին: Անոնք մեզի կը յայտնէին, որ Հայաստանի ներքին գաւառներուն հայութիւնը ամբողջութեամբ բնաջնջուած են զանազան ձեւերով: Մենք՝ այլեւս բարոյալքուած, մեր կացութեան տէրը չէինք. կը քշուէինք կատարեալ անորոշութեան մէջ: Այդ օրը, թուրք կառապանները պրն. Յարութիւն Շխրտմեանին մէկ երկու կտոր ապրանքը փախցուցեր էին: Իսլահիյէէն վերջ մինչեւ Գանլը-Կէչիտ ճամբու նորոգութիւնները հայ զինուորներու յանձնուած էին. անոնցմէ ամէն օր նոր պատմութիւններ կը լսէինք հայութեան բնաջնջումին մասին եւ մեր սիրտերը կ՛արիւնէին: Գիշերները հերթով սկսանք հսկել: Այդ գիշեր իմ կարգս էր. կէս գիշերին գողերու շշուկ առի, պոռացի եւ սկսայ վազել ձայնի ուղղութեամբ եւ չձգեցի որ բան մը տանին, սակայն անոնք իմ վրայ կրակ բացին եւ ես վախէս «մայրիկ» պոռացած եմ: Արթնցան մերինները եւ զիս յանդիմանեցին անոնց վրայ յարձակելու տղայամտութեանս համար: Այդ գողերը մեր ջորեպաններն էին. անոնցմէ մէկ քանին իրենց տեղերը չէին: Կը սպասէինք կեդրոն տեղ մը հասնելու եւ բողոքելու համար, թէեւ յոյս չունէինք, որ մեր բողոքը պիտի լսուէր:
Րաճօ կայանը հասանք, ուր զինուորներու շատ վրաններ կային: Յոգնած էինք: Անմիջապէս քնացանք: Յանկարծ արթնցուցին մեզի. զինուորական շղթայի մէջ առնուած էինք: Սպայ մը հրամայեց, որ մեզի իրարու կապեն ու կլոր շրջանակի մը վերածեն: Սկսան մեր գոյքերը խուզարկել, կարծեմ բան մը չգտան: Մեզի իրարու կապուած վիճակի մէջ ծունկի բերել տուին. մենք սպաննուելու պատրաստ՝ վախի մէջ աղօթք մրմնջել սկսանք: Մեզ հսկող զինուորներէն մէկը յանկարծ զէնքը պարպեց, մենք կարծեցինք, որ մեզ սպաննելու սկսան այլեւս: Սակայն երբ լսեցինք սպային ձայնը, որ կ՛ապտակէր եւ կը յանդիմանէր զէնք պարպող զինուորը, հոգի առինք եւ ազատ շունչ մը քաշելով՝ ցած ձայնով իրար քաջալերելու սկսանք: Մեզ աւելի շատ վախցնողր գաւառի հայութեան ջարդի մասին մեր լսած լուրերն էին: Մենք կարծեցինք, որ մեզ ալ հոս պիտի սպաննեն:
Մեր գոյքերէն վերջ, մեզ ալ խուզարկեցին. Շխրտմեան պրն. Յարութիւնին կօշիկէն արծաթ կոթով պզտիկ խանչէր մը եւ Ռումլեցի Փանոսին քովէն՝ պզտիկ վեցհարուած զէնք մը գտան: Տատրեան պրն. Յակոբը խուզարկելու պահուն թեւին տակ կարուած դրամէն եւ մուրհակներէն զգուշանալու մտօք ցոյց տուած կասկածելի վերաբերումին պատճառով լաւ ծեծ մը ուտելէ վերջ, զինքը, Փանոսը եւ Շխրտմեանը ձեռնակապ տարին հետերնին. մեզի ազատ ձգեցին եւ գացին զինուորներով: Իմացանք, որ մեր ջորեպանները իրենց գողութիւնները պարտկելու համար մեզի մատնած են Րաճոյի զինուորական կայանի պետին՝ իբր զէնք ունեցողներ: Խուզարկողները մեզմէ ոմանց ունեցած հագուստ եւ կօշիկները թռցուցած էին. ինձմէ ալ՝ նոր կօշիկ մը, սակայն մենք ուրախ էինք, որ աժան պրծանք:
Հալէպի մէջ մենք այլեւս ազատ էինք, հարց ու փորձ ընող չկար: Քոյրս գտայ իր երեք պզտիկներով. միասին մնացինք: Էշս մէկ օսմանեան ոսկիի ծախեցի նորէն:
Օրեր ետք, շատ գէշ տեսարաններու ականատես եղանք. Էրզրումէն, Խարբերդէն, Սեբաստիայէն եւ այլ գաւառներէն քշուող հայերէն միայն ու միայն սրտակեղէք վիճակի մէջ կիներ կը հասնէին, էրիկ մարդ բնաւ չկար, օրերով մերկ, անօթի ծարաւ քալելէ ուժասպառ, մեծ մասը՝ ճամբան մեռած, շատերն ալ Հալէպ հասնելէ վերջ կը մեռնէին: Ասոնց թիւը օրական 100-200ի կը հասնէր եւ կր թաղուէին մեծ փոսերու մէջ:
Հալէպի մէջ տարափոխիկ հիւանդութիւններ ծայր տալու սկսան: Քրոջս երկու զաւակները մեռան, մեռաւ նոյնպէս տէր Պօղոս քահանայ Բազեան: Օր մըն ալ Հաճնոյ դպրոցներու տնօրէն պրն. Գաբրիէլ Խաչիկեան գիւղէ մը եկաւ՝ միջոցներ գտնելու եւ ընտանիքը գիւղէն փախցնելով Հալէպ բերելու համար։ Գիւղին վիճակը անտանելի եղած էր. կողոպուտ եւ չարչարանք անպակաս է եղեր: Սիրտը շատ կը նեղուէր, ջղային վիճակ մը ունէր: Շուկան պտտած ատեն, յանկարծ ինկաւ գետին, բռնեցի, սակայն ոյժ չունէր եւ չէր կրնար խօսիլ, ուղեղային ցնցում ունեցած էր: Մօտակայ մօրաքրոջը տունը տարի բեռնակիրով մը, քանի մը ժամ վերջ մեռաւ՝ առանց բառ մը խօսելու: Բժիշկները չկրցան օգտակար ըլլալ:
Հալէպ հաւաքուած ժողովուրդին հանգիստ չէին ձգեր. սկսած էին Դամասկոսի կողմը քշել: Զիս ալ բռնեցին. գարագոլ (ոստիկանատուն) տանելնէն առաջ մեծ պարղուտով մը ազատեցայ: Այս առաջին ձերբակալութենէն 5-6 օր ետք, փոլիսները բռնեցին եւ գարագոլ տարին. անոնք թուղթ գրեցին եւ տուին, որ Պապ (Հալէպի արեւելեան կողմը գաւառակ է) երթամ: Գացի ու հոն հիւանդացայ: Մըզմըզեանենց տունը պառկեցայ 10 օր. քիչ մը հանգստանալէ ետք, գացի տարագրեալներու գրասենեակը. հոս տեսայ պրն. Կարապետ Իզմիրլեանը, որ հիմա Պէյրութ է: Մեթր Իզմիրլեան գրութիւն մը տուաւ, եւ անով մօտակայ գիւղ մը, եղբօրս կնկան ծնողքին քով գացի: Հոն ալ երկու օր մնալէ ետք, գիշերանց քալելով՝ կրկին Հալէպ վերադարձայ:
Հալէպի մէջ մնալը անկարելի դարձած էր. Դամասկոսի կողմերը քշուողները աւելի բախտաւոր եղան, բայց այլեւս չէին ղրկեր այն կողմը եւ սկսած էին Ռասըլ Այնի կողմը քշել: Այս կողմը գացողները տարի մը վերջ գրեթէ բոլորն ալ ջարդուեցան:
Ձմեռը սկսած էր: Պահուըտելու եւ չբռնուելու տառապալից կեանքին վերջ տալու համար շատեր շուկայ կ՛ելլէին եւ ձերբակալուելով կը քշուէին՝ այս անգամ Տէր Զօրի ուղղութեամբ: Զիս ալ ձերբակալեցին 3րդ անգամ ըլլալով եւ տարին Սեպիլի կողմը, ուր ինծի պէս շատեր օրերով անօթի, ծարաւ ու ցուրտին դէմ չէին կրցած դիմանալ. ոմանք մեռած՝ ողջերուն հետ կը սպասէին մեռելաթաղներու: Այդ օր, հաճընցի բարեկամներէս Գրիգոր Թամամեան հաց բաշխելու եկած էր հոն: Զիս տեսածին պէս առաւ եւ հետը բերաւ քաղաք: Այս անգամ ալ ազատեցայ մահուան ճիրաններէն։
ՈՒՐՖԱՅԻ ՄԷՋ
Ուրֆայի մէջ, կռիւին ընթացքին, թրքացած դեղագործ հայ մը կար, անունը՝ Գարեգին Թիւրափեան: Այս մարդը՝ ջարդի օրերուն քաղաքին միակ դեղագործը ըլլալուն, չէին սպաննած եւ Գատրի անունով կը պահէին: Դեղարան ունէր: Քաղաքին (միւթէսարըֆը) մուհաֆէզը, յայտնի ջարդարար Նուսրէթն էր, որ զինադադարին՝ 1919ին, Պոլսոյ մէջ կախաղան հանուող թուրքերէն մէկը դարձած էր: Մեր Ուրֆա գացած օրերուն, քաղաքի Սըհիյէ միւտիւրը (Առողջապահութեան տնօրէնը) փոխուած էր, եւ տեղը եկած էր Հըֆզի Նուրի պէյ անունով պոլսեցի թուրք մը, որ օրուան մեծ մասը գրեթէ այս դեղագործ Գատրիին դեղարանը կը սպասէր, հիւանդներու կանչերուն համար: Ես դեղագործին եւ իր ընտանիքին հետ բարեկամացած էի եւ զաւակներուն՝ իրենց տունին մէջ գաղտնի հայերէն դաս տալ սկսած էի: Այս Գարեգինին միջոցով, Սըհիյէ Միւտիւրը զիս պետական պաշտօնեայ նշանակել տուաւ՝ 300 ղրուշ ամսականով, հակառակ միւթէսարըֆի ընդդիմութեան՝ հայ ըլլալուս համար: 4-5 ամիս վերջ, պաշտօնի բարձրացումով 600 ղրուշ կ՛առնէի եւ գրեթէ ամբողջ նահանգի գլխաւոր սըհիյէ (առողջապահական) պաշտօնեաներէն եղայ: Ուրֆա հասած օրերուս, լսեցի, որ Գարմէն՝ նշանաւոր յեղափոխական Տաճատ վարդապետը, թուրքի անունով Ուրֆա կը մնայ: Իր մասին լսած էի, կ՛ուզէի տեսնել զինք, սակայն յետոյ իմացայ, որ վանեցի թուրք մուհաճիրներէն ճանչցուած եւ այս մէկ քանի օրերուն՝ սպաննուած է: Չկրցայ տեսնել:
Պաշտօնիս բարձրացումով, Հայաստանի կողմերէն եկող մուհաճիրներուն՝ Ուրֆայէն Ատանա քշուող թուրքերուն գլխաւոր առաքիչներէն էի: Ես պէտք է գրաւոր հաստատէի վարակիչ հիւանդութիւն չունենալնին, որ կարենային ճամբու դրուիլ: Ծաղկախտի, թիֆոյի եւ այլ հիւանդութիւններու պատուաստը կ՛ընէի եւ կը պատրաստէի ճամբու դրուելուն: Մինչ այդ, անոնց մեծերուն հետ կը խօսէի՝ ամէն կարաւանի հետ քանի մը հայ ընտանիքներ մինչեւ Ատանա իրենց հետ տանելու փափուկ խնդիրին մասին: Հայ ընտանիք խառնած կարաւանի թուրքերէն մէկ երկու հոգիի, ամէն դիւրութիւն կու տայի. դեղ-դեղորայք եւ պարէն չափէն աւելի տալով, ասոնք իրենց «Ղուրան»ին վրայ երդում ընելով՝ 15-20 հայ ընտանիք կրցայ ղրկել հետերնին Ատանա, ուր անոնք ապահով կը հասնէին: Անոնցմէ մէկ մասը դեռ ողջ է հիմա:
Այս առաքումի գործէն զատ, երբեմն ժանտարմայի ընկերակցութեամբ, գիւղերը կ՛ելլէի՝ դեղեր բաժնելու ժողովուրդին եւ անոնց առողջապահական պայմանները քննելու, կառավարութեան տեղեկագիր տալու համար: Միշտ ալ յաջող էր աշխատանքս եւ գնահատուած:
Ուրֆայէն դէպի արեւելք մէկ ու կէս ժամ հեռու գտնուող, Գարա-Քէօփրի գիւղին մօտերը սպաննուած եւ թաղուած Գրիգոր Զօհրապին եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեանին հողակոյտը՝ ամէն անգամ, որ այդ ուղղութեամբ գիւղ երթայի, ինծի ընկերակցող ժանտարման կը ցուցնէր. ես ալ առանց վախի «Հայր Մեր» մը կ՛ըսէի եւ կ՛անցնէի…
ՀԱՃԸՆԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄԸ
ԵՒ ԱՆԿՈՒՄԸ
Հաճընէն գէշ լուրեր հասնիլ սկսան. Մուսթաֆա Քեմալի թրքական ազգայնական շարժումը զարգանալով հետզհետէ հասած էր Հաճընի սահմանները:
Յանկարծ Հաճընի ինքնապաշտպանութեան կոմիտէէն հեռագիր մը առի, ստորագրուած՝ Միհրան Գայեանէ, Յակոբ Չայճեանէ, Սարգիս Ճէպէճեանէ. «մարթին» հրացաններու համար կոտրած ասեղները հանելու եւ տեղը նորը դնելու գործիք մը կ՛ուզէին: Շատ փնտռեցի, չգտայ: Լսեցի որ յոյն մեքենիստ մը միայն ունի եւ անոր բարեկամն ալ Ատանայի յայտնի վաճառականներէն հաճընցի Կիրակոս Քեշիշեանն է: Գացի քովը, ծանօթ էինք իրարու: Անմիջապէս կանչել տուաւ այդ յոյնը եւ այդ գործիքը առինք՝ քանի մը օրէն վերադարձնելու պայմանով: Ես անմիջապէս փոստան դրի եւ ղրկեցի Հաճըն: Ձեռքերնին հասաւ:
Ցերեկները խանութին գործին, իսկ իրիկունն ալ հայրենակիցներու համար Ազգային Միութեան եւ կամ այլ տեղերու գործերուն կը վազէի:
Պարոններ Ենովք Տարտաղանեան եւ Շմաւոն Փոստոյեան մասնաւոր առաքելութեամբ Հաճըն գացին. առաջինը հնչակեան, երկրորդը՝ դաշնակցական, անոնք կ՛ուզէին զէնք տանիլ հետերնին: Պրն. Ենովք հետը գրեթէ դրամ չունէր՝ հազիւ 30 թրքական թղթադրամ, իսկ պրն. Շմաւոնը՝ 3-400 ոսկի: Պրն. Ենովքին 30 ոսկիով եւ պրն. Շմաւոնին բերած դրամով մօտաւորապէս 30 «մարթին» հրացան գնեցի եւ ուրիշ նիւթերով՝ ասոնք երկուքն ալ գացին Հաճըն: Ճամբան, Սիս, պրն. Ենովք անհանգիստ կ՛ըլլայ եւ կը մնայ հոն, իսկ պրն. Շմաւոն կը հասնի ապահով Հաճըն:
Հաճնոյ մէջ ապահովութիւնը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր կը դառնայ. կ՛որոշեն պատուիրակութիւն մը ղրկել Ատանա՝ Սարաճեան Սրբազանին նախագահութեամբ, դիմումներ կատարելու՝ անմիջական վտանգը պարզելով օգնութիւն խնդրելու ֆրանսական կառավարութենէն: Սարաճեան Սրբազան իր հետ ունենալով պրն. Շմաւոն Փոստոյեանը եւ Յարութիւն Խաչատուրեանը, մէկ քանի վստահելի ժանտարմներով ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Սիս: Ճամբան Հօրտում ըսուած տեղը թուրք չէթէներէն կը պաշարուին, երկուստեք կրակոցներու փոխանակումէն վերջ թուրքերը կը փախչին: Ժանտարմներ Յարութիւն Յովակիմեան՝ սրունքէն, Վարդիվառ Կտիկեան՝ թեւէն վիրաւորուած քաղաք հասան: Կ՛ազատին եւ կը հասնին Ատանա. դիմումներ կը կատարուին Ազգային Միութեան ճամբով՝ ֆրանսական կառավարութեան, սակայն անարդիւնք կը մնան Հաճըն ֆրանսական ուժ ղրկելու մասին եղած խնդրանքները: Ամէն օր Հաճընէն հեռագիր կու գայ վտանգին շատ մօտ ըլլալը հաղորդող, դիմումները կը կրկնապատկուին, միշտ օգնութիւն խնդրելու ձեւով: Ես եւ Շմաւոն Փոստոյեան քաջ գիտնալով հաճընցիներու կռուող ուժերը, ֆիզիքական եւ կռուի պատրաստութեան տեսակէտով, Հաճըն ուժ ղրկելու տեսակէտին դէմ էինք եւ համոզիչ փաստերով կ՛աշխատէինք Հաճընէն մինչեւ Սիս նահանջել տալու ուղղութեամբ ու, վերջապէս, Ազգային Միութեան նախագահ պրն. Միհրան Տամատեանի հետ գացինք ֆրանսական կառավարութեան մօտ՝ նահանջի խնդրանք ներկայացնելու: Ազգային Միութեան անդամներուն եւ մեր մէջ Հաճընէն Սիս նահանջելու գաղափարին շատ խստօրէն դէմ եկողը պրն. Տամատեանն էր. բնաւ չէր համաձայներ մեր տեսակէտին. ան կ՛ուզէր որ Հաճըն դիմադրէր քէմալական թուրքերու յարձակումներուն, մեռնէր կամ յաղթէր: Կռիւը անխուսափելի էր: Սակայն պրն. Տամատեան համոզուեցաւ եւ ներկայացուց նահանջի խնդրանք՝ ֆրանսական կառավարութեան մօտ: Ֆրանսական կառավարութեան ներկայացուցիչ քօլոնէլ պրն. Պրէմոն տեղի տուաւ եւ ընդառաջեց՝ համաձայնելով նահանջել մինչեւ Սիս: Մենք անմիջապէս հեռագրեցինք Հաճըն պատրաստուելու եւ Սիս գալու համար: Շմաւոնը եւ ես շատ ուրախ էինք, գիտնալով որ Հաճընը առանց կռուի, միայն նահանջով կրնար փրկուիլ, ուրիշ ճամբայ չկար, սովը կը խեղդէր, կը մեռնէին:
Հետեւեալ առաւօտ պրն. Տամատեան ուզած էր զիս եւ պրն. Շմաւոնը: Գացինք, մեզի հաղորդեց ֆրանսական կառավարութեան մէկ հեռագիր նամակը, որով կ՛այպանէր մեր նահանջ ուզելու տեսակէտը եւ որոշումը եւ կ՛ըսէր. «Դուք ինչպէ՞ս կ՛ուզէք Կիլիկիոյ անկախութիւնը, եթէ կռուէ պիտի փախիք այսպէս: Մենք՝ ֆրանսական կառավարութիւնս, կը խոստանանք ձեր կողմանէ պատրաստուած կամաւորները զինել եւ դիւրութիւններ տալով օգնութեան ղրկել Հաճըն, ուրեմն երկու օրը անգամ մը պատրաստեցէք 200ական հոգինոց խումբեր՝ երթալու պատրաստ:
Մենք անակնկալի եկանք այս դիմաշրջումէն, չընդունեցինք ոչ անոնց զէնք տալը, ոչ ալ խոստումը՝ ամէն հաւանականութեան դէմ մեզի օգնելու համար: Ելանք դուրս: Երկու տեսակէտ չկար: Հաճըն այս կերպով պիտի թաղէին այլեւս: Հաճընի կռուելու մասին մեր ունեցած իրական փաստերուն բոլորովին հակառակ էր ֆրանսացիներուն ունեցած աղիտալի այս գաղափարը: Հաճընի հայրենակցական Միութեան եւ Սրբազան Սարաճեանին հետ խորհրդակցութենէն վերջ ընդունեցինք ֆրանսացիներուն այս առաջարկը:
Ազգային Միութիւնը ֆրանսացիներու օգնութեան ձեւի տուեալներով ընդարձակ հեռագիր մը խմբագրեց Հաճըն ղրկուելու համար: Հեռագիրը ինծի տուին, որ Հաճնոյ լեզուի թարգմանելէ վերջ հեռագրեմ Հաճըն: Հեռագրատան հայ պաշտօնեայի մը՝ պրն. Մարտիկեանի միջոցով հեռագրել տուի: Հեռագիրին Հաճըն հասնիլը հեռագրապետ պրն. Կարապետ Էւիխանեանը անմիջապէս հաստատեց: Պրն. Էւիխանեանին հարցում մը ընելու մեր փորձը ի զուր անցաւ. Ֆէքէն խզած էր հեռագրի գիծը, մեզի համար այլեւս լռած էր Հաճընը, ձգուած էր իր բախտին, իր վիճակին:
Հաճընի գայմագամը, հայ, պրն. Արմէնակ, հնչակեաններէ միշտ հալածուած, հրաժարելով գայմագամութեան պաշտօնէն եկած էր Ատանա: Հնչակեան պրն. Մատթէոս Երէցեան, ֆրանսական կառավարութեան յայտնի պաշտօնեաներէն, կ՛աշխատի եւ մեր Չալեան գերդաստանէն, փաստաբան պրն. Կարապետ Չալեան, հակառակ հիւանդութենէ նոր ելած տկար վիճակին, կը ղրկէ Հաճըն:
Այս նոր գայմագամը Հաճըն հասնելուն պէս, Հաճընի գիւղերէն 80-100ի չափ բանտարկուած թուրք երեւելիները ազատ կը թողու, իբր թէ այդ ձեւով թրքութիւնը սիրաշահելու համար, մինչդեռ հաճընցիք, իրենց ապահովութեան համար, դիտմամբ վար դրած էին այդ երեւելիները, որ պաշարումի կամ այլ վտանգաւոր վիճակի մը ենթարկուելու պարագային, ատոնց գալիք վտանգով մը սպառնային իրենց վրայ Մարաշէն յարձակումի պատրաստուող թրքութեան: Այս թուրքերուն ազատ արձակուիլը հայ եւ հաճընցի գայմագամէն, շատ գէշ տպաւորութիւն թողուց հաճընցիութեան վրայ:
Երբ Հաճընի գայմագամը եւ ժանտարմի հրամանատարը նոր էին, թուրքերուն սպառնալիքը իր վերջին կէտին հասած, պաշարման ենթարկուելու վախ ունէին, ինչ որ 1920 Մարտ 7-8ին ալ այդ վախը իրականութիւն դարձաւ. խզուեցաւ հաղորդակցութեան շղթան եւ Հաճըն մնաց իր վիճակին: Իր բախտը իր ձեռքով տնօրինելու միակ ճամբան՝ կռիւով մեռնելու կամ՝ ապրելու:
Ատանայի Ազգային Միութիւնը միասին ժողով ունեցաւ Հաճընի Հայրենակցական Միութեան վարչութեան հետ: Որոշեցին ֆրանսական կառավարութեան Հաճնոյ օգնութեան հասնելու վերջին ցուցմունքին համաձայն՝ լծուիլ կամաւորներ հաւաքելու աշխատանքին: Շատ շուտով առաջին կարաւանին համար 200 հոգին պատրաստ ունեցան: Ես այդ տարուան Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան անդամ չըլլալուս, որոշեցին, որ մեկնիմ առաջին կարաւանին հետ Միսիս, Ատանայէն 1-1/2 ժամ հեռու երկաթուղիով: Հոն Սիս մեկնելիք այս կարաւաններուն զինումի, սնունդի եւ առաքումի դժուարին գործերուն ղեկավարումը պիտի կատարէի: Այս ծանր պաշտօնը ընդունելու համար երկար մտածեցի. Ազգային Միութեան նախագահ պրն. Տամատեան շատ պնդեց Հայրենակցական Միութեան անդամներուն հետ, եւ ընդունեցի՝ կարելի դիւրութիւնները տալու խոստումով:
Մեկնեցայ Միսիս: Ֆրանսական կառավարութիւնը այս առաջին կարաւանին զինական եւ այլ կարիքները ղրկած էր հոն մինչեւ իմ հասնիլս: 200 հոգինոց կարաւանը եկաւ, հրամանատարութեամբը ֆրանսական բանակի սպայ, հայկական բաժնէն պրն. Չանկալեանի, ժանտարմի սպայ պրն. Պօղոս Թուրսարգիսեանի, փորձառու խմբապետներու հետ: Ասոնք օր մը Միսիսի մէջ վարժութիւն ընելէ վերջ, մեկնեցան Սիս եւ հասան հոն երկու երեք օր վերջը: Երկրորդ կարաւանն ալ եկաւ եւ ղրկեցի: Երրորդ կարաւանը եկած էր Միսիս՝ որբախոյզ պրն. Ռուբէն Հերեանի, ֆրանսական բանակին հայկական բաժնի եւ զօրավար Անդրանիկի սպաներէն Յակոբ Խաչիկեանի եւ Ատանայի յայտնի Կարապետ էֆ. Կէօկտէրէլեանի հրամանատարութեամբ: Այս վերջինը ոչ միայն զինուոր չէր, այլ բոլորովին պարապ եւ փառասէր մէկն էր: Այս մարդը, հակառակ մեր առաքումի սուսիկ-փուսիկ սովորութեան, Միսիսի մէջ թուրք միւտիրին ներկայութեան զինուորներուն ցուցական շարժումներ ընել տալով գրգռեց թուրքերը: Այս կարաւանը երկու օր վերջը մեկնեցաւ Սիս: Ճամբան Թամլու բերդին մօտ, հանգստանալու պահուն, Միսիսի թուրքերու տեղեկութեամբ, Ճիհանէն թուրքեր կը հասնին եւ կռուի կը բռնուին ասոնց հետ: Տղաքը անվարժ, ղեկավարները յանկարծակիի կու գան, եւ փոխանակ պաշարման շղթան կոտրելու եւ անցնելու, նահանջի փորձ կ՛ընեն: Լուր եկաւ. անմիջապէս քանի մը կառք ճարեցի եւ հասայ, ճամբան մնացող անփորձ տղաք եւ քանի մը վիրաւորները առնելով կարաւանը ետ ապահով հասցուցինք Միսիս: Այս երրորդ կարաւանը այսպէս անփառունակ նահանջ մը ունեցաւ, վիրաւոր քաջերէն երեքը մեռան…
Պրն. Շմաւոնին հետ խորհեցանք, հրեղէն նիւթեր ղրկելու մասին Հաճըն: Դիմեցինք ֆրանսական իշխանութեան, որոնք խոստացան մեր տալիքները օդանաւով ղրկել: Դեղագործ Հայկ Մաստիկեան (այսօր ողջ Եգիպտոս է) մեզի տրամադրեց Chlorate de Potasse, ռումբի պատրոյգ եւ վէրքերու համար դեղեր եւ փաթոյթներ, որ ըստ ֆրանսացիներու, Հաճըն ղրկուած էին, ինչպէս ղրկած էին պաշարման սկիզբի օրերուն, 1-2 սնտուկ ալ փամփուշտ օդանաւով: Հաճընի անկումէն յետոյ ղրկուած ըլլալը հաստատեցինք, սակայն թուրքերուն ալ ձգուած էր նոյնքան մը: Քանի մը օր վերջ երկրորդ անգամ եւս յանձնեցինք, սակայն այս անգամ չէին ղրկած, աւելի ուշ՝ մեզի վերադարձուցին այդ նիւթերը:
Ֆրանսացիք քաղաքական պայմաններու հարկադրանքով, Սիսի հայութիւնը Ատանա փոխադրեցին, մեր ղրկած կամաւորական գունդերն ալ միասին: Սիսէն, 19 Մայիսին Սաչեան Աստուրը խոստացուած վարձքի մը փոխարէն՝ Հաճըն գացած եւ 3 օր հոն մնալէ վերջ, վերադարձած էր Սիս եւ այդտեղի հայութեան հետ եկած էր Ատանա: Մարտի 10-15էն ի վեր Հաճըն, պաշարման տակ, կռիւներ մղած եւ միշտ ալ յաղթական մնացած է գերակայ ուժերու դէմ: Պաշարման շղթան շատ նեղցած է, ռազմամթերքի եւ պարէնի շատ նեղութեան մէջ մնացած են: Սաչեանը Նամակներ բերած էր գայմագամէն թուանշաններով (ծածկագիր), որը գայմագամին մեկնումէն առաջ իրարու բացատրած էինք: Ազգային Միութեան ան կը գրէր. «Եթէ մեզի օգնութեան չփութաք, պատմութեան առջեւ սեւերես պիտի մնաք. 7-8000 հայութեան մեռնելուն միակ պատասխանատուն մեզի օգնել չուզողները պիտի ըլլան»:
Եկած բոլոր նամակներն ալ յուսահատական էին: Իրենց հրամանատար Սարգիս Ճէպէճեանն ալ, վիրաւորուած, օգնութիւն հայցող սրտակեղէք նամակ մը գրած էր:
Սաչեան Աստուրը, Հաճըն երթ ու դարձով բոլորիս համար հերոս եղաւ: Ես իր մասին մեր «Կիլիկիա» թերթին մէջ գրածներովս, հերոսացուցի զինք ու մինչեւ այսօր ալ, հակառակ իր տգիտութեան պատճառով մեզի՝ հաճընցիներուս պատճառած ցաւալի երեւոյթներուն, մնաց մեզի համար «Հերոս Աստուր»:
Սիսէն եկող հայութեան մէջ բաւական թիւով հաճընցիներ կային, Հաճընէն, Ղարս Պազարէն եւ այլ շրջաններէն եկած: Սիսի հայութեան պարպումով Հաճընի փրկութեան գործը աւելի յուսահատական դարձաւ. Սիսի պարպումէն առաջ, երբեմն երբեմն կը խորհէինք՝ Հաճընէն գրոհով մը դուրս ելլելու պարագային կրնային Սիս ապաստանիլ եւ հանգչիլ. հիմա այդ յոյսն ալ ցնդած էր:
Մենք՝ պրն. Շմաւոն եւ ես, պրն. Տամատեանի Հաճնոյ օգնութեան գործի մէջ կասկածներ ունէինք իր անկեղծութեան մասին: Ան սկիզբէն ալ կռիւներու շարունակման կողմնակից, միշտ ալ նահանջի դէմ էր եղած: Անոր նպատակը Հաճընի օգնութեան անուան տակ Կիլիկեան դատի մը հետապնդումը ըլլալ կը կարծուէր, ինչ որ պարապ բան էր, քանի որ ֆրանսական քաղաքականութիւնը դէմ էր ատոր. թուրքերուն հետ գաղտնի բանակցութիւններ կը կատարուէին Անգարայի մէջ թրքասէր ֆրանսացիներու կողմանէ: Քէմալի ազգային ուժերը Ատանայի մօտ, Գուրտ Թէպէի մէջ դիրք բռնած էին եւ կր հետեւէին ֆրանսացիներու հետ համաձայնելու տեսակէտին: Պրն. Տամատեան մինչեւ վերջն ալ կռիւը շարունակելու տեսակէտին վրայ մնաց, միշտ դէմ գալով թուրքերու հետ հաճընցիներու հաշտութեամբ իրար հասկնալու փորձերուն:
Հաճընցի չէրքէզ՝ Հասան պէյ Ատանա էր, կ՛ուզէր Ատանայի Գուրտ Թէփէ գտնուող թուրք ազգային բանակի հրամանատարին հետ հասկացողութեան գալ Հաճընի վրայէն պաշարման շղթան վերցնելու: Մենք ամերիկացի տոքթ. Տատը քանի մը անգամ Գուրտ Թէփէ ղրկեցինք, Ատանայի վալի Ճէմալ պէյին գիտակցութեամբ: Այս վալին հայասէր նկատուած էր, տարագրութեան օրերուն Գոնիայի նահանգին հայութեան չտարագրուելուն մէջ ցոյց տուած ջանքերով: Մեր համաձայնութիւնը վերջանալու վրայ էր հետեւեալ պայմաններով. հաճընցիները ֆրանսական դրօշակը պիտի վար առնեն եւ տեղը թրքականը բարձրացնեն, զէնքերը առանց յանձնելու, ամէն ոք իր խաղաղ աշխատանքին պիտի նայի, արգելք պիտի չըլլան թուրքական բանակին դէպի Չուգուրովա իջնելու եւ այլն, ու այս համաձայնութեան հաճըցիներու հաղորդուիլը եւ անոնց համոզելու գործը տոքթ. Տատը պիտի ստանձնէ հայերուս կողմանէ: Այս խօսակցութիւնները երբ կ՛իմանան ֆրանսացիները, վալի Ճէլալ պէյը պաշտօնանկ կ՛ընեն եւ կը հեռացնեն, ինչպէս նաեւ մեզի օգտակար ըլլալ ուզող իրանեան դեսպան Սաֆա պէյը կը չէզոքացնեն, ձախողցնելով մեր այս փորձն ալ, որը չէինք գիտեր, թէ յաջողելու պարագային ինչ երաշխիքներ կրնային տրուիլ ի նպաստ հաճընցիներուն:
Պրն. Տամատեանի եւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան անդամներ, պարոններ Յակոբ Չամսարեանի, Յովսէփ Պօլատանի, Սահակ Գրաճեանի, Կարապետ Մտածումեանի, Յովհաննէս Ուզունեանի եւ ուրիշներու նախաձեռնութեամբ հաճընցիութեան 18-35 տարեկան այր մարդիկը զինուոր կ՛արձանագրուին: Հաճընէն պրն. Սարգիս Ճէպէճեանի ցուցմունքին վրայ, զինուորական տեսակէտով շատ վստահելի պրն. Սարգիս Արմաղանեանի հրամանատարութեան տակ այս մարդիկը կը սկսին հաւաքուիլ Ախարճայի մէջ: Նորէն ինծի կ՛առաջարկեն շատ ծանր պաշտօն մը՝ զէնքերու փոխադրութիւնը եւ զինուորական յանձնախումբի մը անդամակցութիւնը, խոստանալով նոյնիսկ ամսական վճարում մը կատարել: Վճարումը ես մերժեցի: Զինուորական յանձնախումբի անդամներ էինք պարոններ Կարապետ Գրգեաշարեան (ողջ է, Փարիզ), Եղիշէ Քէքլիքեան, Ճըռեան հաճի աղա, բանաստեղծ Մարտիրոս Ոսկեան, որուն, Տէօրթ Եօլ անցնելու ճամբուն, Նաճարլի գիւղին մօտ թուրք չէթէները սպաննեցին 3-4 ընկերներով միասին, եւ ես: ֆրանսացիներ չէին ձգեր Ատանայէն զէնքեր եւ թնդանօթներ Ախարճա անցընել: Ատոր համար ես, ֆրանսացիներուն հետ աշխատող, կամուրջին հսկող Լեւոն Թէրզեան անունով բարեկամի մը միջոցով ապահով կ՛անցնէի եւ կը հասցնէի Ախարճա:
Դաշնակցութեան զինապահեստի պետն ու մատակարարման հսկողն էի, ինծի ձի մը տուած էին, որ հաճընցիները գողցան եւ ծախեցին. օթօ մըն ալ ունէի երթեւեկելու հաճընցիներու եւ Ատանայի դաշտերուն մէջ ապահովութեան հսկող դաշնակցութեան մարտիկներուն օգնութեան գործին եւ պարէնաւորման զինական աշխատութեան համար: Օթօն եւ քշողը Դաշնակցութիւնը տրամադրած էր: Ճամբաները ապահով չէին. Ճի-Մաալը գիւղին մօտերը թուրք չէթէներու արձակած գնդակները իմ հետ եղողներէն մէկ քանին սպաննեցին. ինծի Աստուած պահեց:
Որոշուած էր երեք հոգինոց սուրհանդակ խումբ մը ղրկել Հաճըն: Պարոններ Վարդան Տաքէսեան, Ճաֆէր եւ սասունցի տղայ մը կամաւոր երթալ ուզեցին: Զինեցի այս տղաքը եւ զինուորական յանձնախումբի անունով Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներուն նամակ մը գրեցի. «Այս կողմերէն գալիք օգնութեան վրայ յոյս մի՛ դնէք, դուք ձեր բախտին ձգուած էք: Ձեր ճակատագիրը, ձեր պայմաններուն համաձայն դուք որոշեցէք եւ եթէ կրնաք, թուրքերուն հետ համաձայնութեան եզր մը մտածեցէք: Օգնութեան հասնելու յոյս բնաւ չկայ» իմաստով եւ մեկնեցանք Ախարճա տեղւոյն վրայ եղած եւ ըլլալիք կարգադրութեան հսկելու: Հետեւեալ օրը վերադարձանք Ատանա, տեղեկացանք որ պրն. Տամատեան մեր գրած նամակը յուսահատական գտնելով, մէկ կողմ դրած է եւ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան թելադրած է շատ մօտ օրէն օգնութեան հասնելու նամակ մը գրել: Անոնք ալ կր գրեն եւ սուրհանդակները ճամբու կը դնեն դէպի Հաճըն: Զինուորական յանձնախումբս անտեղի գտնելով այս արարքը, պաշտօնական հանգամանքէն կը հրաժարի եւ կը մնայ իբրեւ հաճընցի պարզ զինուոր:
Պրն. Արմաղանեան մեզի բաւական դժուարութիւններու առջեւ դնելէ վերջ հրամանատարութենէն հրաժարեցաւ: Կը կարծենք որ ֆրանսացիներու վստահելի պաշտօնեայ պրն. Մատթէոս Երէցեան, որ իբրեւ թէ հանգստանալու համար միշտ կը մնար Ախարճա, գիտէր ֆրանսացիներու մտածողութիւնը՝ չյաջողցնելու Հաճնոյ օգնութեան հասնելիք արշաւախումբը, հրաժարիլ տուաւ պրն. Արմաղանեանին: Հաճընէն պրն. Ճէպէճեան այս վերջինին կը վստահէր իբրեւ Հաճըն հասնելու ամենայարմար զինուորականը: Անոր տեղ եկաւ ֆրանսական բանակէն սասունցի Գէորգ Չաւուշը, որը քանի մը օր զինուորները մարզելէ վերջ, յաջորդ գիշեր, հազիւ թէ կը պատրաստուէր Հաճըն մեկնելու, կը պաշարուի ֆրանսացի զինուորներէ, կը զինաթափուի եւ կամաւորները կ՛աքսորուին Իզմիր: Կ՛աքսորուին նոյնպէս Ազգ. Միութեան կարգ մը անդամները: Ահա անփառունակ վախճանը Հաճնոյ օգնութեան երկրորդ արշաւախումբին, որ արժած էր ազգին 44000 ոսկիի, բարոյական եւ արժանապատուութեան սնանկութենէն զատ:
Մենք շշմած էինք պարզապէս, ընելիք չունէինք այլեւս: Հաճընէն երեք հոգինոց սուրհանդակ խումբ մըն ալ եկած էր. Մատէնեան Յարութիւն, Տագէսեան Միհրան եւ Վահգացի Պետրոս, երկուքը վիրաւոր էին: Մենք այլեւս կը սպասէինք Հաճընի անկման եւ իրօք ալ չուշացաւ: 15 Հոկտեմբեր 1920ին Հաճըն չդիմանալով գերադաս ուժերու յարձակումներուն եւ մանաւանդ սովին, ինկած էր թշնամիին ձեռքը: Միայն 400 հոգիի չափ կրցաւ հասնիլ Ատանա:
Հոկտեմբեր 16-17ին Ատանայի թրքերէն «Ֆէրտա»ն Հաճընի կռիւներուն դադարելուն մասին բաներ մը գրած էր, սակայն մենք ուշադիր չըլլալով՝ չէինք անդրադարձած: 20-21 Հոկտեմբերին երեք հաճընցիներ՝ Ճէրէճեան Թորոս աղբար (ողջ է Պէյրութ), Մարտիրոս Տէմիրճեան, (ողջ է Հալէպ) եւ Հաճնոյ Ս. Թորոս եկեղեցւոյ ժամկոչին տղան՝ Միսաքը Ատանա հասած էին: Գացինք Հաճնոյ անկման եղելութիւնը ֆրանսացիներուն տեղեկացուցինք: Հետաքրքրուեցան անկման պարագաներուն վրայ եւ սակայն չազդուեցան: Մենք շատ գէշ դրութեան մատնուեցանք. հայերէն երեք թերթեր՝ «Կիլիկիա», դաշնակցական, «Տաւրոս», հնչակեան եւ «Հայ Ձայն», ռամկավար, սեւ շղարշով Հաճընի անկման լուրը տուին՝ «Հաճըն ոչ եւս է» խորագրով: Շատ յուզուած էինք. առաջնորդարանի բակին մէջ հաճընցիներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին ֆրանսական կառավարութեան եւ թրքական ջարդարարութեան դէմ, ուր խօսեցաւ նաեւ, ի մէջ այլոց, Փարիզէն նոր եկած բանաստեղծ եւ գրագէտ Արշակ Չօպանեան. բողոքի հեռագիրներ եւս ղրկուեցան համաձայնական պետութեանց:
…
Ջարդուողներուն կսկիծը մեր սրտերուն մէջ կը կտտար, սակայն այս ազատուողներով ալ ուրախ էինք: Վերապրող հաճընցիներէ շատերուն դաշնակցութենէն դրամական օգնութիւն ապահովեցի: Ինչպէս կ՛ըսեն, Ատանա գտնուած այս տարիներուն՝ «Դանակս պանիր կը կտրէր». ուր որ դիմէի ոեւէ մէկու համար, յաջողութիւնս ապահով էր: Ազգային շրջանակներու մէջ, «Հաճընի քոնսիւլ» ըսելով խնդրանքս չէր մերժուեր, իսկ դաշնակցութեան մէջ, ի պաշտօնէ ալ, շատ մը գործերու յանձանձումը ինծի յանձնուած էր, եւ սիրով ու ձրիօրէն կը տանէի այս դժուարին եւ վտանգաւոր աշխատանքները: Ֆրանսական բանակի հայկական բաժնի լէգէոնին կուսակցական տղոց հետ կապ հաստատուած էր. հեռու կայաններ եւ քաղաքներ կ՛երթայի մինակս, եւ մեր զինուոր տղոց պատրաստած ռումբերը, զէնքերը, «միթրայոզ»ները եւ մինչեւ անգամ թնդանօթները կը բերէի գաղտնի կերպով եւ Պապիկեաններու (Տիրան եւ Յակոբ եղբայրներու) տունը կը պահէի: Դաշտերու մէջ կայան հաստատած դաշնակցական մարտական տղոց պարէնը եւ զինամթերքը կ՛ապահովէի, «Կիլիկիա» թերթի հաշուակալի գործը կը տանէի՝ այլ կուսակցական աշխատանքներու կողքին: Վերապրող հաճընցի հայրենակիցներուն ընթացիկ կարիքներուն հասնելու կը ջանայի՝ սիրայօժար: Ոչ մէկ դժգոհութիւն ունեցած եմ եւ ոչ մէկ վախ զգացած եմ զէնքերու փոխադրութեան պահերուս: Այսօր միայն, 1956ին, կը զգամ այդ ըրածներուս վտանգաւոր ըլլալը իմ անձիս համար: Ինչո՞ւ այն ատեն չեմ վախցած եւ չեմ յոգնած, չեմ գիտեր:
———————————————————————————————————————
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՊԸՐՊԵՆՔ
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Արազ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Սիփան» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Վարագ»
եւ «Կայծակ» Ուխտեր
Պըրպենքի Հայ Դատի Յանձնախումբ
——————–
St. Gregory
Armenian Catholic
Church
————————
ՀՕՄի
«Կարս» Մասնաճիւղ
———————–
Անպայման օր մը պիտի հասնինք
եւ տիրանանք
մեր բռնագրաւուած հողերուն
եւ տէր կանգնինք մեր սրբազան
եկեղեցիներուն,
վանքերուն եւ կոթողներուն:
Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. Եկեղեցի
ՀՅԴ «Բաբգէն Սիւնի» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Մեղրի» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Ջաւախք» մասնաճիւղ
———————————————
Մեր նոր սերունդին մօտ
Հայկական Ցեղասպանութեան
հետապնդումը ապահովելու լաւագոյն կռուաններէն մին հայ դպրոցն է
Շամլեան
Ազգային Վարժարան
———————————————