Լուսանկարին մէջ, 1918ին, անապատներէն հաւաքուած եւ Երուսաղէմ տարուած հայ որբեր են: Ցնցոտիաւոր, բոկոտն եւ ճաղատ գլուխներով այս տղաքը տարիքային տարբեր խումբերու կը պատկանին: Անոնց մեծ մասը հայերէն չէր խօսեր եւ կորսնցուցած էր իր ազգային ինքնութիւնը: Զանոնք վերստին դէպի հայութիւն դարձնելու համար որոշ ժամանակ պահանջուեցաւ:
1915-1923ին, Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հազարաւոր հայ երեխաներ որբացան եւ դաւանափոխ եղան: Որբերէն շատերը սովի եւ այդ տարիներուն մոլեգնող տարբեր համաճարակներու հետեւանքով մահացան:
1918ի աշնան, Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, հայ որբերը անխուսափելի կորուստէ փրկելու համար աշխատանքներ իրականացուցին հայկական միութիւնները, հայոց եկեղեցին, անհատները, յատկապէս Հայկական լեգէոնի եւ հայկական կամաւորական գունդերու զինուորականները, օտարերկրեայ նպաստամատոյց կազմակերպութիւնները (Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան Նպաստամատոյց Կոմիտէ, Լոնտոնի քաղաքապետի հիմնադրամ, Դանիացի տիկնանց միութիւն, ռուսական «Կարմիր խաչ», Ռուսաստանի քաղաքներու միութիւն եւ այլն), ինչպէս նաեւ՝ միջազգային կազմակերպութիւնները («Կարմիր խաչ», Ազգերու լիկա):
Հայ որբերը կը հաւաքագրէին Օսմանեան կայսրութեան տարբեր հատուածներէն, սուրիական անապատներէն, կ՛ազատէին իսլամ ընտանիքներէն եւ թրքական պետական որբանոցներէն:
Որբահաւաք աշխատանքներու շնորհիւ, 1918-21 տարիներուն հաւաքագրուեցան աւելի քան 77.000 հայ երեխաներ, որոնք տեղաբաշխուեցան Թուրքիոյ, Կովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի հայկական եւ օտարերկրեայ նպաստամատոյց կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող պետական որբանոցներուն մէջ:
«Հազարաւոր հայ մանուկներ գաւառներու մէջ թուրքերու տուները ցրուած էին, մեծ մասամբ իբրեւ ծառայ, քիչեր՝ որդեգիր եւ չափահաս աղջիկներ իբր կին: Զինադադարէն անմիջապէս ետք այս որբերը որքան կարելի է հաւաքել եւ ազգին դարձնել առաջին պարտականութիւններէս մէկը նկատեցի, ոչ միայն իբր պատրիարք, այլ՝ իբր հայ անհատ»:
Զաւէն Եղիայեան
Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք
Լուսանկարի աղբիւրը՝ Նուպարեան գրադարանի հաւաքածոյ, Փարիզ
«100 ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» գրքէն – See more at: http://www.genocide-museum.am/arm/16.02.2015-100photos.php#sthash.tsWcgDn5.dpuf
————————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
In loving memory of our parents
Garabed & Anoush Karamardian
Haroutune & Araxy Soghomonian
From
Garbis & Zovag Karamardian
Իսքէնտէրեան Ընտանիք
Նոր սերունդին կը մաղթենք, որ պահանջատիրական մեր պայքարը
իր վերջին վճռական փուլին հասցնեն
——————————————————————————————————————–