ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Արշալոյս ունեցած է երեք քոյրեր եւ երեք եղբայրներ՝ Լուսա, Արուսեակ, Սարա, Պօղոս, Յովնան եւ Մարտիրոս: 1915ին Արշալոյս եղած է 14 տարեկան, Լուսա 17, Արուսեակ 10, Սարա 7, Պօղոս 15, Յովնան 6, իսկ Մարտիրոս 4:
ՉՄՇԿԱԾԱԿ ԳԻՒՂԱՔԱՂԱՔԸ
Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին ամիսներուն Արշալոյս կը կորսնցնէ իր հայրը եւ Պօղոս եղբայրը, որոնք կը սպաննուին ջարդարար թուրքերու կողմէ: Ան իր մօր, եղբյրներուն ու քոյրերուն հետ պարտադրաբար կը տարագրուի հայրենի տունէն եւ կը դառնայ անորոշ ապագայի հեռանկարներով ապրող անտէր, անօգնական եւ գաղթական:
Ահա՛ այսպէս կը սկսի Արշալոյսի տարաբախտ ճակատագիրի պատմութիւնը: Ան կ՛ենթարկուի ամէն տեսակ չարչարանքներու եւ խոշտանգումներու ու բռնաբարումներու։ Գաղթականութեան ցուպը բռնած 14ամեայ Արշալոյս կը քալէ իր մօր, եղբայրներուն, քոյրերուն եւ հարազատներուն հետ ամբողջ երկու տարի, գիւղէ գիւղ, քաղաքէ քաղաք, անապատներու կիզիչ աւազներուն վրայ: Ամէն նոր օր կը դառնայ տառապանքի ճանապարհ եւ խաչելութիւն: Ամէն քայլափոխին եւ ամէն լուսաբացին ականատես կ՛ըլլայ իր մօր, եղբայրներուն, քոյրերուն, բոլոր մայրերուն, իր տարեկից աղջիկներուն եւ մանուկներուն չարչարանքին, տառապանքին եւ ողորմելի ճակատագիրին ու ակնդիր կ՛ըլլայ գիշերային խաղաղութեան մէջ հայ աղջիկներու վախազդու ձայներուն, փրկութեան աղաղակներուն ու աղաչանքներուն: Այս բոլորը կ՛արձանագրուին Արշալոյսի ուղեղին, աչքերուն եւ ականջներուն մէջ եւ անոնք կը մնան հոն՝ որպէս կենդանի յուշարարներ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը:
Արշալոյսին երկու տարուան գողգոթան կ՛ըլլայ սահմռկեցուցիչ եւ գազանային անհամար իրադարձութիւններով ու տեսարաններով լեցուն՝ Մալաթիոյ, Տիարպեքիրի, Սուազի, Արաբկիրի, Ուրֆայի եւ Մուշի գաղթակայաններուն մէջ:
Ան կը դառնայ բարձրաստիճան զինուորականներու կողմէ ընտրուած գեղեցիկ հայ աղջիկը: Ան ստիպողաբար կը տարուի անոնց դղեակները, ուր գոհացում կու տայ անոնց սեռային անկաշկանդ մոլուցքին:
Արշալոյս իր հօր եւ եղբօր սպաննութենէն ետք, ականատես կ՛ըլլայ իր մեծ քրոջ՝ Լուսայի եւ հօրաքրոջ՝ Հակենուշի սպաննութեան: Թուրք զինուորներ կը խոշտանգեն զանոնք եւ մերկացնելէ ետք կը դաշունահարեն զանոնք՝ հերձատելով անոնց կրծքագեղձերը, որովհետեւ անոնք մերժած էին իսլամութիւնը եւ զինուորներու կողմէ բռնաբարումը:
Արշալոյսին մայրը խոշտանգումով կը խուզարկուի թուրք զինեալներու կողմէ իր մարմինին վրայ պահուած ոսկի դրամներուն համար: Ան խարազաններու շռնդալից հարուածներու տակ ուժասպառ կը կորսնցնէ իր գիտակցութիւնը եւ արիւնլուայ կ՛իյնայ գետին: Իսկ Արուսեակ քոյրը ուժասպառ վիճակի մէջ թուրք զինուորի մը կողմէ կը քաշկռտուի եւ կը նետուի աղբակոյտի մը մէջ, ուր ան հոգին կ՛աւանդէ…
Գաղթի ճամբուն վրայ զանազան վայրերու մէջ հայ աղջիկներ հրապարակներու վրայ զինեալներու կողմէ աճուրդով կը վաճառուին: Իսկ գեղեցիկները կ՛առժանանան մեծաւորներու գիշերային նենգամիտ խրախճանքներուն, մղձաւանջային սարսափներուն եւ գազանային բռնաբարումին: Իւրաքանչիւր հայ աղջիկ մէկ գիշերուան մէջ զզուանքով կը գոհացնէ տասնեակ մը վաւաշ եւ արիւնանարբու ճիւաղներ:
Ոճրագործ թուրք զինեալներ եւ զինուորներ գաղթակայաններէն կը հաւաքեն հայ մանուկները եւ հրապարակներու վրայ կը վաճառեն զանոնք թուրք հարեմներու՝ փոխան չնչին գումարներու կամ կը բաժնեն զանոնք թուրք ընտանիքներու մէջ:
Ուրֆայի մէջ հայ կիներ կը մերժեն թուրքերու հարեմլիքը երթալ, ուստի անոնք խեղդամահ կ՛ըլլան ջրհորներու մէջ նետուելով:
Արաբկիրի մէջ Արշալոյս կը հանդիպի խումբ մը կաթողիկէ կրօնաւոր քոյրերու, որոնք կ՛արժանան թուրք ահաբեկիչ զինուորականներու բռնաբարումին: Այս քոյրերէն երկուքը չհանդուրժելով կացութիւնը անձնասպան կ՛ըլլան:
Մալաթիոյ մէջ հրապարակներու վրայ թուրք զինեալներ հայ կիները եւ աղջիկները մերկացնելէ ետք ողջ-ողջ կ՛այրեն եւ անոնց շուրջով խնճոյք կը սարքեն: Զինեալները կը հաւաքեն հայ մանուկները, չուանով մը զիրար կապելէ ետք մաս մը խեղդամահ կ՛ընեն, եւ մաս մըն ալ կը շաղախեն «սիմեն»չի եւ ջուրի հետ ու կը գործածեն անմեղ ու անկենդան մանուկներու կրաղիւսը տուներու շինութեան համար… Խումբ մը զինեալներ կը խոշտանգեն ծննդաբերող երեք հայ կիներ, կը յափշտակեն անոնց երեք նորածինները եւ քանի մը անգամ օդին մէջ հոլովելէ ետք կը դաշիւնահարեն զանոնք:
Չէչէն եւ գերմանացի զինուորներ Տիարպեքիրի մօտերը կը խուզարկեն հայ գաղթակայանները, կը հաւաքեն դեռատի հայ աղջիկները, կը պատռտեն անոնց ցնցոտիները եւ հոլանի ոտքի կը պահեն գաղթականներու դիմաց: Զինեալները մերկ հայ աղջիկներէն քանի մը մեթր անդին հողին մէջ կը հանգչեցնեն իրենց սուրերը, անոնց սրածայր բաժինը ուղուած դէպի երկինք: Մինչ այդ ձիաւոր զինեալներ կը սուրան ոտքի կայնած հոլանի հայ աղջիկներուն քովէն, կը բռնեն անոնց վարսերէն եւ կը նետեն զանոնք սրածայր սուրերուն վրայ…
Գերմանացի զինուորները անակնկալօրէն կը հեռանան իրենց նստավայրէն ու իրենց ետին կը ձգեն Արշալոյսը, որ սենեակներէն մէկուն մէջ կը գտնէ գետին նետուած դաշիւն մը: Յետագային այս դաշիւնով Արշալոյս կը սպաննէ չէչէն զինեալ մը, որ կը փորձէր պղծելէ ետք խեղդամահ ընել զինք:
Արշալոյս մաս կը կազմէ այն 17 հայ աղջիկներու խմբակին, որոնք կ՛առեւանգուին արիւնարբու թուրք զինեալներու կողմէ, որոնք կ՛որոշեն սպաննել զանոնք փայտեայ խաչերու վրայ, որովհետեւ անոնք կը մերժեն իսլամանալ եւ հլու հնազանդ կենակցիլ իրենց հետ: Ուստի զինեալները կը պատրաստեն 16 փայտեայ խաչեր փոխան 17ի եւ կը գործադրեն անմեղմ 16 հայուհիներու սպաննութիւնը խաչելութեամբ: Արշալոյս հրաշքով մը մաս չի կազմեր այդ խաչեալներուն եւ փախուստ տալով կը ձերբազատուի զինեալներու ձեռքէն: Սակայն քանի մը օր ետք ան դարձեալ կ՛առեւանգուի եւ կը վաճառուի թուրք հանրածանօթ էֆենտիի մը հարեմին փոխան 85 սենթի: Այս հարեմին մէջ
Ուրֆայի մէջ, Արշալոյս անակնկալօրէն կը գտնէ իր մայրը, երկու եղբայրները եւ քոյրը: Անոնք բոլորը միասին մաս կը կազմեն հայ գաղթական կարաւանի մը ու կը քալեն լուռ ու մռայլ, անօթի ու ծարաւ եւ ի վերջոյ կը հասնին Մուշ: Հոն, Արշալոյս ականատես կ՛ըլլայ իր մօր, երկու եղբայրներուն եւ քրոջ սպաննութեան, որովհետեւ անոնք կը մերժեն իսլամանալ, իսկ ինք վերջին անգամ ըլլալով կ՛առեւանգուի եւ կը տարուի թուրք հարեմ մը՝ ընդունելէ ետք իսլամանալու պարտադրանքը: Այնտեղ, Արուսեակ կը մնայ քանի մը օր եւ կ՛ենթարկուի իսլամացումի արարողութեան: Սակայն ան չի կրնար հանդուրժել իրեն պարտադրուած հարեմի կեանքը եւ ի վերջոյ ամէն վտանգ նկատի առնելով, կը փախչի հարեմլիքէն՝ հովիւի մը աջակցութեամբ եւ ապաստան կը գտնէ մօտակայ լեռներուն մէջ: Երկար թափառումներէ ետք Արշալոյս կը հասնի Էրզրում, ուր կը հանդիպի Մերձաւոր արեւելքի ամերիկեան (ՄԱԱՆ) նպաստամատոյցի անդամներէն տոքթ. ՄաքՔալլըմի, որ հարիւրաւոր հայ որբեր կ՛ազատէ թուրք զինուորներէն՝ գնելով իւրաքանչիւր հայ որբը փոխան մէկ տոլարի: Էրզրումի մէջ, Արշալոյս անակնկալօրէն կը հանդիպի զօրավար Անդրանիկին, որ լսելէ ետք իր տառապանքը զայն կը կոչէ «պզտիկ աղջիկս»: ՄԱԱՆի կարգադրութեամբ եւ զօրավար Անդրանիկի օժանդակութեամբ կ՛որոշուի Արշալոյսը հասցնել Ամերիկա: Զօրավար Անդրանիկ Արշալոյսին կ՛ըսէ հետեւեալը. «Կարգադրուեցաւ, որ դուն ղրկուիս Ամերիկա, ուր մեր թշուառ հայերը ունին շատ մը բարեկամ ընկերներ: Երբ հասնիս Ամերիկա, այդ սիրեցեալ երկիրը, պատմէ ամերիկացիներուն, որ Հայաստան վտանգի մէջ է, բզկտուած եւ արիւնոտ, սակայն անիկա պիտի վերականգնի, եթէ Ամերիկան օգնէ մեզի, սննդեղէն եւ դրամ ղրկէ անօթի հայերուն, որպէսզի բոլոր հայերը վերադառնան իրենց տուները, երբ պատերազմը վերջ գտնէ»: Անդրանիկ իր մատնեմատանին, որ ստացած էր իր հօրմէ, կը նուիրէ Արշալոյսին: Ան կը ղրկուի Թիֆլիս, ուր կը մնայ հայկական եկեղեցիի մը մէջ: Թիֆլիսի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան կողմէ իրեն կը շնորհուի ամերիկեան ճամբորդութեան անձնաթուղթ: Արշալոյս կը հասնի Փետերսպուրկ: Այնտեղէն կը ղրկուի Շուէտ եւ ապա նաւով ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Հալիֆաքս: Նիւ Եորք կը հասնի նաւով: Նաւահանգիստէն կը տեսնէ «Ազատութեան արձանը» եւ կ՛ուրախանայ ոչ միայն, որովհետեւ հասած է ազատութեան երկիրը, այլ նաեւ, որովհետեւ ինք պիտի կարենայ պատմել ամերիկացիներուն իր երկու տարուան տաժանակիր ճանապարհին մանրամասնութիւնները եւ հայ ժողովուրդին տառապանքը, տարագրութիւնը, սպաննութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը:
Միջին Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի Նիւ Եորքի կոմիտէն իմանալէ ետք Օրորա Մարտիկանեանի գիրքի բովանդակութեան մանրամասնութիւնները, կ՛որոշէ պատրաստել վաւերագրական շարժապատկեր մը՝ հիմնուելով գիրքի պատմութեան վրայ, այն մտադրութեամբ, որ պատրաստուելիք շարժապատկերը պիտի ապահովէր 30 միլիոն տոլար՝ հասնելու համար աղէտեալ հայ ժողովուրդի ծովածաւալ կարիքներուն եւ մասնաւորապէս 60,000 հայ որբերուն անմիջական խնամատարութեան՝ Թուրքիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Քալիֆորնիոյ մէջ շարժապատկեր արտադրող «Մեթրօ Կոլտուին Մէյըր» ընկերութեան կողմէ եւ Օսքար Ափֆելի բեմադրութեամբ կը պատրաստուի «Հոգիներու Աճուրդ» անձայն շարժապատկերը Հոլիվուտի մէջ՝ հիմնուելով Օրորայի «Յօշոտուած Հայաստան» (Ravished Armenia) գիրքին վրայ եւ մասնակցութեամբ հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ բնակող շուրջ 10 հազար չափահաս եւ 200 փոքրիկ հայորդիներու դերակատարութեան:
Ափֆելի փափաքով Օրորան կը դառնայ շարժապատկերին հեղինակը եւ գլխաւոր դերակատարը: Օրորան կ՛աջակցի նաեւ դերասաններու հագուստներու եւ կերպարներու ստեղծման:
Ժապաւէնը ունեցած է երեք տարբերակներ: Առաջինը ունեցած է 675 տեսարան եւ վերջինը 531 տեսարան: Լուրջ քննութեան ենթարկուելէ ետք ՄԱԱՆի նախագահ Լորտ Ճէյմզ Պրայսի եւ Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի կողմէ, տեսաժապաւէնը կ՛արժանանայ անոնց բարձր գնահատանքին: Ժապաւէնը պաշտօնապէս արտօնութիւն կը ստանայ Ամերիկայի ազգային ֆիլմարուեստի յանձնախումբին կողմէ: Այս յանձնախումբը կը տեղեկագրէ ՄԱԱՆի պատասխանատուներուն հետեւեալը. «Այս ժապաւէնը ոչ միայն արուեստի, պատմութեան, ուսումնական դաստիարակիչ եւ տեղեկատուական արժէք ունի, այլ անիկա կը ներկայացնէ հայերու տառապանքը եւ ջարդերը, որոնք խոր տպաւորութիւն պիտի ձգեն իւրաքանչիւր վերապրող հայու վրայ»: Անոնք կ՛աւելցնեն՝ ըսելով. «Այս ժապաւէնը անկեղծ ներկայացումն է հայերու տանջանքներուն, որոնք մեծ ազդեցութիւն կը թողուն ամերիկեան հասարակութեան իւրաքանչիւր անձի վրայ»:
«Հոգիներու Աճուրդ»ը կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադարձող աշխարհի առաջին շարժապատկերը:
«Հոգիներու Աճուրդ»ը առաջին անգամ կը ցուցադրուի 16 Փետրուար 1919ին, Նիւ Եորքի «Փլազա» հիւրանոցին մէջ՝ հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ ՄԱԱ նպաստամատոյցի ներկայացուցիչներ Օլիվըր Հարիմախնի եւ ՃորՃ Վանտըրպիլի: Ներկայ կ՛ըլլան 7000 ականաւոր անձեր, եւ իւրաքանչիւր տոմս կը վաճառուի 10 տոլարի:
Շարժապատկերը կը ցուցադրուի Նիւ Եորքի մէջ՝ ամբողջ մէկ շաբաթ, եւ յետագային՝ ԱՄՆի 23 նահանգներու մեծ քաղաքներու, Հարաւային Ամերիկայի շարք մը երկիրներուն մէջ՝ Մեքսիքա, Քուպա, ինչպէս նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ: Այս շարժապատկերի ամբողջական հասոյթը կը փոխանցուի Միջին Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցին, որ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան օրերուն Օրորա հանդիպումներ կ՛ունենայ Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի վերին խաւի ներկայացուցիչներու հետ եւ անոնց կը պատմէ թուրքերուն կատարած անմարդկային եւ հրէշային արարքները: Ամերիկացիները այս արիասիրտ հայուհին կը կոչեն «Հայ Ժան տ՛Արքը»:
Օսքար Ափֆել անդրադառնալով ժապաւէնին՝ ըսած է. ««Հոգիներու Աճուրդ»ը Հայաստանի ճակատագրական պատգամն է ամերիկացի ժողովուրդին»: Ան խոստովանած է, որ ֆիլմէն կրճատուած են չափէն աւելի անմարդկային տեսարաններ, հակառակ անոր, որ ան հաւատացած է որ ոչ մէկ մանրամասնութիւն պէտք էր կրճատել, որովհետեւ ճշմարտութեան կեղծումը շատ աւելի սարսափելի է, ու ֆիլմը ճշմարտութեան յուշարձան է, անոր արձագանգները շատ հեռու գացող ահազանգ են մարդկութեան: Շատ մը տեսարաններ զեղչուած են, օրինակ՝ ծերունի հայ կրօնաւորի մը եղունգները աքցանով քաշելու տեսարանը:
Շարժապատկերը Անգլիա կը հասնի Դեկտեմբեր 1919ին, սակայն անիկա կ՛ենթարկուի պետական քննութեան: Գաղտնի սպասարկութեանց արտօնութեամբ ֆիլմը կը ցուցադրուի Դեկտեմբեր 1919ին, թագաւորական «Ալպերթ Հոլ»ի մէջ եւ կը շարունակուի ցուցադրուիլ ամբողջ երեք շաբաթներ: Սակայն ցուցադրութիւնը կ՛արգիլուի պետութեան կողմէ, եւ չորս տեսարաններ կրճատելէ ետք երկրորդ անգամ ֆիլմը կը ցուցադրուի: Անգլիոյ մէջ յայտնի օրաթերթեր մեծ տեղ կու տան իրենց սիւնակներով եւ կ՛անդրադառնան Օրորա Մարտիկանեանի ժապաւէնին եւ մեծ գնահատականով կը խօսին: 1920ին Ամերիկայի եւ Անգլիոյ շատ մը գրադարաններէն կը վերցուի «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը:
Ցուցադրուած շարժապատկերը ունեցած է 85 վայրկեան տեւողութիւն՝ 9 ժապաւէններով (ճախարակներով-Խմբ.): Այս տարբերակը կորսուած է եւ միայն 1994ին արժանթինահայ Էտուարտ Կոզանլեան յայտնաբերած է շարժապատկերին 20 վայրկեաննոց հատուած մը: Գտնուած այս հատուածէն մէկ օրինակ ղրկուած է Հայաստանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին:
Օրորա Մարտիկանեան 1920ին Լոս Անճելըսի մէջ կ՛ամուսնանայ Յովանեան անունով հայու մը հետ եւ կ՛ունենայ մէկ մանչ զաւակ, որ յետագային կը լքէ իր մայրը: Օրորա Մարտիկանեան ամուսնանալէ ետք կ՛ապրի Լոս Անճելըս: Իր կեանքի վերջին տարիներուն ան կ՛ապրի առանձին, փոքր տան մը մէջ եւ կ՛ունենայ յառաջնամտապատկերացումներ (Paranoia) եւ շարունակ կը կարծէ, որ թուրք զինուորները կը հետապնդեն եւ կը փնտռեն զինք: Ան կը մերժէ տեսնել ոեւէ մէկը, միայն կին մը իր պատուհանէն կը հասցնէ իր կերակուրը: Օրորա Մարտիկանեան կը մահանայ 6 Փետրուար 1994ին՝ 93 տարեկանին, Լոս Անճելըսի մէջ: Ոչ ոք տէր կը կանգնի անոր դիակին, եւ ան կը թաղուի հաւաքական գերեզմաննոցի մը մէջ:
Էնթընի Սլայտ 1997ին գրած է. ««Յօշոտուած Հայաստան»ը գիրքը հայերէնի թարգմանուած է հոլիվուտաբնակ գրականագէտ Գուրգէն Սարգսեանի կողմէ», եւ կը խօսի ժապաւէնի պատրաստութեան եւ եւ Օրորա Մարտիկանեանի կեանքին մասին:
24 Սեպտեմբեր 2013ին, Հայաստանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը հրատարակած է, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, «Յօշոտուած Հայաստան» գիրքին երկրորդ հրատարակութիւնը, ինչպէս նաեւ դրոշմանիշ Օրորա Մարտիկանեանի նկարով:
«Յօշոտուած Հայաստան» գիրքը թարգմանուած է նաեւ ռուսերէնի։ Իսկ 18 Փետրուար 2014ին, թրքական «Փենճերէ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է գիրքին թրքերէն տարբերակը: Թարգմանութիւնը կատարած է Տիրան Լոքմակէօզեանը:
Հայաստանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը այս տարի կը պատրաստէ Հայոց Ցեղասպանութեան ականատես Արշալոյս-Օրորա Մարտիկանեանի պատմութիւնը՝ նոր շարժապատկերով, որ պատրաստ պիտի ըլլայ այս տարեվերջին:
Օգտագործուած աղբիւրներ
– Aurora Mardiganian, Interpretation by H. L. Gates, Ravished Armenia, New York, 1918
– Anthony Slide, Ravished Armenia the Story of Aurora Mardiganian, 1997
– Barton, James L., Story of Near East Relief, New York, 1930
– Ալին Կիրակոսեանի յօդուածը եւ տոքթ. Ռուբէն Ատալեանի հարցազրոյցը Օրորա Մարտիկանեանի հետ
– Յօդուածներ «Մարմարա», «Ասպարէզ», «Ազդակ» եւ «Հորիզոն» թերթերէն, Փետրուար 2014
Մոնթրէալ
————————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՀՅԴ «Ահարոնեան» Կոմիտէ
Համազգայինի Կլենտէյլի Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Ռուբէն» Ուխտ
ՀՅԴ «Շանթ» եւ «Զաւարեան» Պատանեկան Միութիւններ
ՀՄԸՄի «Արարատ» Մասնաճիւղ
ՀՕՄի «Սիփան» Մասնաճիւղ
Հայաստանի ու հայ ժողովրդի ամբողջական իրաւունքների պաշտպանութեան
եւ արդարութեան վերականգնման համար մղուող պայքարը շարունակուելու է մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
———————————————————————————————————————–