
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիրներ հրատարակեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի, Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուքի, Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի ու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ կատարուած յայտարարութիւններուն առընչութեամբ։
Թուրք հանրային կարծիքը գրեթէ վստահ էր, որ նախագահ Օպամա այս տարի եւս պիտի չգործածէր «Ցեղասպանութիւն» բառը եւ պիտի գոհանար «Մեծ Եղեռն» բառով։ Արդարեւ Օպամա այս բառը չարտասանեց, բայց արտասանեց խօսքեր, որոնք շատ աւելին կ՛ըսէին քան այն, ինչը ըսուած պիտի ըլլար այդ բառին արտասանութեամբ։ Օպամայի յայտարարութեան ամէնէն կարեւորը հետեւեալն էր.
«1915էն սկսեալ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդը աքսորուեցաւ, սպաննուեցաւ եւ ղրկուեցաւ դէպի մահ։ Անոնց պատմական մայր հայրենիքին մէջ սրբուեցան անոնց մշակոյթն ու ժառանգութիւնները։ Բոլոր կողմերուն վնաս պատճառող այս սարսափազդու բրտութեան ընթացքին 1.5 միլիոն հայ կեանքը կորսնցուց։ Երբ 1915ի սարսափազդու դէպքերը տեսանելի դարձան, Ամերիկայի դեսպան Մորկընթաու կառավարութեան շարքերէն ներս ահազանգ հնչեցուց եւ կանգնեցաւ օսմանեան ղեկավարներու դէմ։ Անոր տարած ջանքներուն շնորհիւ երեւան ելաւ Մեծ Եղեռնի իրականութիւնը եւ ասիկա իր ազդեցութիւնը ունեցաւ Ռաֆայէլ Լեմքինի նման մարդկային իրաւունքները պաշտպանող մտաւորականներու ապագայ աշխատանքին վրայ»։
Այստեղ շատ նշանակալից է արդէն յիշատակութիւնը Լեմքինի անուան, քանի որ ան է «Ցեղասպանութիւն» բառը ստեղծողը։ Այս կերպով Օպամա, առանց այս բառը արտասանելու, կերպով մը զայն յիշեցուց իր յայտարարութեան մէջ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակազդեց ու հաղորդեց, թէ Օպամայի յայտարարութիւնը, որ նկատի առած է միայն մէկ կողմին կրած տառապանքը, «շատ հեռու է արդար յիշողութեան վրայ հիմնուած դատողութենէ։ Այդ յայտարարութիւնը չի ցոլացներ այն իրականութիւնը թէ Ա. աշխարհամարտին ընթացքին թուրքերն ալ այնքան ազդուեցան, որքան հայերը։ Մենք կը մերժենք նմանօրինակ միակողմանի դիրքորոշումը։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան անցեալ տարի, վարչապետ Տաւութօղլուն ալ այս տարի իրենց պատգամներով այս նիւթին շուրջ ցոլացուցին Թուրքիոյ տեսակէտները։ Ասոնք մտերիմ կոչեր էին որպէսզի ճիշդ ախտաճանաչում կատարուի ու հայերու ցաւերն ալ ներառեալ, բոլորին ցաւերը բաժնուին իրարու միջեւ»։
Նախարարութիւնը բողոքագիր մըն ալ հրատարակեց Գերմանիոյ նախագահ Կաուքի դէմ, որ մէկ օր առաջ Պերլինի Մայր տաճարին մէջ հանդիսութեան մը ընթացքին «Ցեղասպանութիւն» կոչած էր 1915ի պատահարները։ Նախարարութիւնը մեղադրեց, որ Գերմանիոյ նախագահը մասնակցած էր «թուրք ժողովուրդի ինքնութեան, պատմութեան եւ հաւաքականութեան դէմ անհիմն մեղադրանքներով կազմակերպուած հանդիսութեան մը։ Ոչ ոք իրաւունք ունի թուրք ժողովուրդը ամբաստանելու յանցանքով մը, զոր չէ գործած։ Կը սպասուի, որ նմանօրիակ ղեկավարներ նկատի առնեն անհատներու զգայնութիւնը ու աւելի սիրալիր արտայայտութիւններ ունենան։ Նախագահ Կաուք նկատի չէ առած իր երկրին մէջ ապրող թրքական ծագումով հարիւրհազարաւոր գերման քաղաքացիներու կարծիքը։ Թուրքիա կը յուսայ, որ գերման խորհրդարանն ալ նոյն սխալը չի գործեր ու Թուրքիոյ դէմ որոշում չ՛ընդունիր»։
Նախարարութիւնը օրուան երրորդ բողոքագիրը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտի հասցէին, դիտել տալով, որ ան կանուխէն յայտարարած էր, որ պիտի երթար Երեւան, ու պիտի մասնակցէր հանդիսութեան մը, որուն նպատակն էր «մեռեալները յիշելէ աւելի՝ զրպարտութիւններ շարել թուրք ժողովուրդի ինքնութեան, պատմութեան ու հաւաքականութեան։ Հոլանտ այս կերպով ցոյց տուած է, որ ինք նեցուկ կը կանգնի հայկական պնդումներու։ Մինչդեռ անկէ կը սպասուէր, որ ընդունէր օսմանեան միւս ժողովուրդներուն կրած ծանր տառապանքները։ Եթէ Հոլանտ զանոնք եւս յիշէր, ատիկա դրական քայլ մը պիտի նկատուէր Ֆրանսայի մէջ ապրող 600 հազար թուրքերու կողմէ։ Բայց Ֆրանսա դժբախտաբար անգամ մը եւս խտրական կեցուածք ցուցաբերած է։ Նոյն սխալը գործած է Ֆրանսայի վարչապետ Վալս, որ Ապրիլ 24ին Փարիզի մէջ մասնակցած էը հանդիսութեան մը, որ նմանապէս թշնամական զգացումներու վրայ հիմնուած էր։ Ֆրանսացի ղեկավարներուն բոլոր պնդումները կը մերժուին թուրք հանրային կարծիքին կողմէ»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան օրուան չորրորդ բողոքագիրը ուղղուած էր նախագահ Փութինին, որ Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտի նման, մասնակցած էր Ծիծեռնակաբերդի սգահանդէսին։ Նախարարութիւնը կը պախարակէր Փութինը, որ հակառակ Թուրքիոյ ազդարարութիւններուն, Ցեղասպանութիւն որակած էր 1915ի սպանդները։ «Թուրքիա ոչինչ կը համարէ արդարութեան հետ կապ չունեցող նմանօրինակ պնդումները», ըսուած է նախարարութեան բողոքագիրին մէջ։ Նախարարութիւնը փոխադարձաբար պնդած է, որ Ռուսիոյ պատմութիւնը լեցուն է սպանդներով ու Փութին լաւ պէտք է գիտնայ ցեղասպանութեան իրաւական տարողութիւնը։
Փութինի մամլոյ խորհրդական Տիմիթրի Փեսքով պատասխանեց Թուրքիոյ կողմէ Փութինի ուղղեալ ծանր քննադատութիւններուն։ Փութինի մամլոյ խորհրդականը ըսաւ, որ Ռուսիա եւ Հայաստան, ինչպէս պատմութեան մէջ, նոյնպէս այսօր իրարու մօտիկ երկիրներ են։ «Բացի այն սերտ յարաբերութիւններէն, որոնք առկայ են երկու երկիրներուն միջեւ, Ռուսիոյ մէջ կ՛ապրին մեծ թիւով հայեր։ Երեւանի մէջ միայն Ռուսիոյ նախագահը չէր գտնուեր, ուրիշ երկիրներու նախագահներ ու ներկայացուցիչներ ալ գացած էին։ Ես չեմ տեսներ որեւէ բան, որ Թուրքիան ստիպէր ժխտական արժեւորում մը ընելու։ Անոնք, որոնք Ռուսիոյ դէմ այսպիսի լուսաբանութիւններ գրի առած են, կը յանձնարարեմ, որ մանրամասն կերպով քննեն Փութինի Երեւանի ճառախօսութիւնը», ըսաւ Փութինի մամլոյ խորհրդականը։