ՊԵՐԼԻՆ, «Արմէնփրէս».- Գերմանիոյ խորհրդարանը Ապրիլ 30ին վերջնական քննարկման պիտի դնէ 1915ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն բնութագրող բանաձեւը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով Ապրիլ 24ին գումարած իր յատուկ նիստին սկիզբը, Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպերթ Լամերթ յայտնեց. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի կիսուն այն, ինչը աշխարհի աչքին առջեւ տեղի ունեցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցեղասպանութիւն էր: Գերմանիան մեղքի իր բաժինը ունի այդ տարիներուն կատարուածին մէջ»:
Մէկ ժամի փոխարէն աւելի քան երկու ժամ տեւած քննարկումին ընթացքին ելոյթ ունեցած 9 երեսփոխաններէն 7ն Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ արտայայտուած են։
Նշենք, որ Ապրիլ 23ին, Պերլինի Մայր տաճարին մէջ, մասնակցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան, Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրագործուածը բնորոշած էր իբրեւ Ցեղասպանութիւն: «Այդ հայերուն ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային ոչնչացման, ցեղային մաքրագործման, կոտորածի, այո, ցեղասպանութեան յստակ օրինակ է», ըսած էր Գերմանիոյ նախագահը:
