
ՊՈԼԻՍ, «Երկիր».- Ապրիլ 26ին, Պոլսոյ մէջ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ժամանակ ոստիկանները յարձակած են ներկաներուն վրայ, կը տեղեկացնէ «Ակօս»: Ոստիկանները ուզած են հանել պաստառները, որոնց վրայ գրուած է՝ «Ցեղասպանութեան հետ կ՛առերեսուի՛նք»:
Ներկաները ոստիկաններուն դիմադրած են: Ձերբակալուած են 6 հոգի, որոնցմէ երկուքը վիրաւոր են: Ոստիկաններու յարձակումէն ետք խումբը հաւաքուած է Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ դիմաց եւ միասնական յայտարարութեամբ հանդէս եկած է: Մասնակիցներու շարքին եղած են նաեւ Ապրիլ 24, 2011ին սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճըի հայրն ու մայրը: Կայքը կը տեղեկացնէ, որ Ապրիլի 24ին, Իսթիքլալ փողոցին վրայ կայացած ոգեկոչման արարողութեան ժամանակ եւս ոստիկանները յարձակած են, հանած են պաստառները, սակայն ներկաները իրենց երթը շարունակած են առանց պաստառներու: