
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Իզմիրի համալսարանի փրոֆեսէօր Չեմ Թերզի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչցող թուրքերէն է։ Ան ընդունած է, որ 100 տարի առաջ երիտթուրքերը կազմակերպուած ջարդերու միջոցով փորձած են ոչնչացնել քրիստոնեայ ժողովուրդները, անոնց մշակոյթն ու հասարակական-քաղաքական կառոյցները:
«Բոլորիդ առջեւ մեր գլուխները խոնարհելով՝ ներում կը հայցենք Ցեղասպանութեան զոհերուն համար: Թուրք ժողովուրդին հարիւրամեայ այս լռութիւնը անընդունելի է: 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը ժխտելը կը նշանակէ շարունակել նոյն գործողութիւնները: Մեր քաղաքական պարտականութիւնը ոչ թէ անցեալը հերքելն է, այլ անցեալին համար պատասխանատուութիւն կրելը», Երեւանի մէջ յայտնած է Թերզի:
Չեմ Թերզի ու անոր գաղափարակիցները Թուրքիոյ մէջ կը պայքարին ժխտողականութեան դէմ եւ կը հաւատան, որ օր մը Թուրքիոյ իշխանութիւնները ոչ միայն պիտի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլեւ պիտի փոխհատուցեն զոհերու ժառանգորդներուն: Վիրաբոյժ-փրոֆեսէօրը ցաւով նշած է, որ իր երկրին մէջ տակաւին կան փողոցներ, որոնք կը կրեն ոճրագործներուն անունները։
«Մենք այս հարցի առնչութեամբ պետական մօտեցման փոփոխութիւն կ՛ուզենք: Իրականութիւնը գիտնալը իրաւունք է: Պէտք է վերցուին բոլոր այն արգելքներն ու խոչընդոտները, որոնք թոյլ չեն տար, որ հասարակութիւնը իրականութիւնը գիտնայ: Մենք կը պահանջենք Ցեղասպանութեան օրը Թուրքիոյ մէջ սուգ յայտարարելու, յիշատակի նախաձեռնութիւններ կատարելու եւ յուշարձաններ կառուցելու մեր իրաւունքը», հաստատած է ան:
Լրագրողներուն հետ հանդիպումին մասնակցած թուրք հասարակական-քաղաքական գործիչները ազգայնամոլութիւնը հիւանդութիւն կը կոչեն թէ՛ Թուրքիոյ, եւ թէ՛ Հայաստանի համար: «Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը առաջին հերթին զոհերուն նկատմամբ ունեցած մեր պարտքն է, մենք անոնց արդարութիւն կը պարտինք», ըսած է Չեմ Թերզի:
Թուրքիոյ Կանաչներու եւ ձախակողմեաններու ապագայի կուսակցութեան նախագահ Նաճի Սոմնեզ, որ Հրանդ Տինքի մտերիմ ընկերներէն եղած է, նշած է, որ իրենք երկրի ազգային փոքրամասնութիւններուն շահերը կը պաշտպանեն՝ աւելցնելով, որ ասկէ 10 տարի առաջ նոյնիսկ չէին կրնար երազել այդ մասին: «Այն ժամանակ մեզ կրնային ձերբակալել հասարակութեան մէջ պառակտում յառաջացնելու մեղադրանքով», ըսած է Նաճի Սոմնեզ, որ 17 տարեկանին 3 տարի բանտարկուած է իր ազատական գաղափարներուն համար:
Նոյն կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Ուֆուք Ուրաս ըսած է, որ դէմ է ղարաբաղեան հարցը հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման նախապայման նկատելու Թուրքիոյ քաղաքականութեան:
«Ատրպէյճան Թուրքիոյ վրայ ճնշում կը բանեցնէ՝ նաւթի եւ կազի հարցով պայմանաւորուած: Մինչդեռ շանթաժի միջոցով քաղաքականութիւն չի կրնար ըլլալ», յայտնած է նախկին պատգամաւորը:
Հակառակ անոր որ Թուրքիոյ մէջ դիւրին չէ հայկական հարցին մասին խօսիլը, սակայն բազմաթիւ են այն անձերը, որոնք համարձակութիւն ունին այդ մասին բարձրաձայնելու, վստահեցուցած են թուրք գործիչները եւ նշած, որ՝ վերադառնալով հայրենիք, մամլոյ ասուլիսի միջոցով պիտի պատմեն Հայաստանի մէջ իրենց տեսածին մասին:
Կան նաեւ բազմաթիւ թուրքեր, որոնք վտարուած են Թուրքիայէն Ցեղասպանութեան մասին խօսելէ եւ պատմական այդ փաստը հերքելուն համար երկրի իշխանութիւնը քննադատելէ ետք։ Ալի Էրթեմ հայրենիքի մէջ հալածուելէ ետք 16 տարի առաջ քաղաքական ապաստան գտած է Գերմանիոյ մէջ եւ հիմնած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան» կազմակերպութիւնը: Ան Հայաստան կատարած առաջին այցելութեան ընթացքին ծունկի եկած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ՝ յարգելու Եղեռնի զոհերուն յիշատակը: Այս մասին խօսելու ընթացքին ան յուզուած է։
«16 տարի առաջ այստեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ մեր ազնուութեան կը կասկածէին: Չէին գիտեր, որ մենք ասիկա կ՛ընենք դիւանագիտութեա՞ն համար, թէ ազնուօրէն: Այս 16 տարիները, սակայն, ցոյց տուին, որ մենք իսկապէս կը փորձենք ամէն ինչ ընել, որպէսզի պատմական ճշմարտութեան հետ առերեսում ըլլայ», յայտնած է Էրթեմ:
Հասարակական գործիչ, նկարիչ Ռեճեփ Մարաշլի Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ ստեղծած է եւ անոր վրայ գրուած է. «Մեր գլուխը կախ է, մեր ամօթը՝ մեծ: Մինչեւ այսօր կ՛ապրինք հայերուն հողերուն վրայ»: Ան այս նկարը նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնարկ-թանգարանին:
Թուրք հիւրերը կը կրէին Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ անմոռուկներ: Ուֆուք Ուրաս կրծքանշան ունի իր գրպանը, զայն պիտի տանի իր ընկերներուն, իսկ Չեմ Թերզի վստահեցուցած է, որ անմոռուկը կուրծքին պիտի կրէ մնայուն կերպով ու բոլորին պիտի բացատրէ անոր իմաստը։