
Անթիլիաս՝ Ս. Նահատակաց Մատրան Վերաօծում
Ուրբաթ, 24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ Մայրավանքի Ս. Նահատակաց մատրան շուրջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս սրբալոյս միւռոնով վերաօծեց վերանորոգուած մատուռը, որուն նորոգութեան աշխատանքները իրականացան Պէզիքեան ընտանիքի նիւթական ներդրումով:
Տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:
———————-
Լիբանան՝ Պահանջատիրական-Զօրակցական Երթ
«Ծովածաւալ բազմութիւն» եզրը շօշափելի դարձաւ 24 Ապրիլի կէսօրուան ժամը 11:30էն սկսեալ, երբ աւելի քան յիսուն հազար լիբանանահայեր եւ անոնց զօրակցող լիբանանցիներ ողողեցին Անթիլիասէն Պուրճ Համուտ տանող մայրուղին՝ անկարելի դարձնելով պարզ աչքով նայողին տեսնել այդ հպարտութիւն առթող երթին սկիզբն ու աւարտը: Հոն էին բոլոր բոլորը, համայն լիբանանահայերը, որոնք գիտեն ի՛նչ կը նշանակէ կտակ, ի՛նչ կը նշանակէ նահատակութեան սրբութիւն, ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ ժառանգորդը Տէր Զօրի անապատներուն մարտահրաւէր կարդալով կեանքին կառչած հերոսներուն:
———————
Օթթաուա՝ 10 Հազար Հայորդիներ Պահանջատիրութեան Ձայն Բարձրացուցին
Թորոնթոյէն, Քեմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սենթ Քաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 10 հազար հայորդիներ եւ Քանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին՝ իրենց պետական դրօշները պարզած, միացան ասորական, քրտական, սերպական, ռուանտական եւ յոյն-պոնտական պատուիրակութիւններու անդամները, որոնք Օթթաուա ժամանած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայութեան: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած 106ամեայ Քնար Եմէնիճեանը: Ներկայ էին Եւրոպական Միութեան, Աւստրիոյ, Ուրուկուէյի, Արժանթինի եւ Թրինիտատի դեսպանները:
Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի Քանատայի Միացեալ մարմինին կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաք-քայլարշաւը այս տարի կը կրէր տարբեր բնոյթ: Առաջին անգամ ըլլալով նման մեծաթիւ մասնակիցներով կը կատարուէր քայլարշաւը: Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Քանատայի խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ քանատահայերը կը կատարեն Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման ամենամեայ աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:
Փարիզ՝ Հազարաւոր Հայեր Տողանցեցին
Փարիզեան յայտագիրը, ինչպէս միշտ, Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ Մայր տաճարին մէջ ժամը 15ին տեղի ունեցաւ՝ յատուկ արարողութեամբ: Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը՝ Վահան եպս. Յովհաննէսեան Հրաշափառով մուտք գործեց տաճար, որ կանուխէն լեցուած էր 100ամեակի այս պատարագին ներկայ ըլլալու ցանկութիւն ունեցող հաւատացեալներով: Ներկայ էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ ՀՀ դեսպանը:
Ապա, ժամը 18.30ին հայութիւնը սկսաւ համախմբուելու Քանատայի հրապարակին վրայ գտնուող Կոմիտասի արձանին շուրջ: Ամբոխը վայրկեան առ վայկեան կը ստուարանար հասնելու համար աննախադէպ թիւի մը. ամէն կողմ սեփ-սեւ էր՝ հարիւրամեակին առթիւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու, «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք» ըսելու եկած հայորդիներով:
Հոն ժամանեց նաեւ Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս, որ Կոմիտասի արձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք, իր ունեցած ելոյթին ըսաւ. «Առաջին պատասխանատուութիւնը՝ առերեսուիլն է այս ոճիրին հետ: Այո՛ ցեղասպանութիւն էր»: Վարչապետը պատմական որակեց պահը, համախմբուած 15էն 20 հազար հայերուն, որոնք կը պարզէին հայկական եւ ֆրանսական եռագոյնները, ինչպէս նաեւ «Յիշողութիւն, արդարութիւն եւ հատուցում» արձանագրութիւնը կրող ցուցանակներ։
——————-
Չինաստան՝ Քաղաքները Միացած Են Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Ոգեկոչման
Չինաստանի մէջ հայկական միութիւնը կազմակերպեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: Ապրիլ 24-25ին Չինաստանի Նանճինկ եւ Շանկհայ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան յիշատակման եւ ոգեկոչման արարողութիւններ:
Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման հիմնական ձեռնարկները տեղի ունեցան Նանճինկ քաղաքին մէջ: Նանճինկը ընտրուած էր որպէս Ցեղասպանութեան յիշատակման կեդրոն, քանի որ 1937ին ճափոնցիները Նանճինկի մէջ կոտորած են 300 հազար չինացիներ եւ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային, այնպէս ալ Նանճինկի կոտորածներուն կազմակերպիչները չեն ընդունիր իրենց մեղքը:
Չինաստանի մէջ հայկական համայնքի անդամները այցելեցին Նանճինկի Ցեղասպանութեան թանգարան եւ ծաղիկներ դրին Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Նանճինկի կոտորածներու զոհերու յիշատակին:
——————-
Նիւ Եորք՝ Բազմահազարանոց Հաւաք
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճարում մատաղօրհնութիւնից յետոյ, հանրահաւաքի մասնակիցները 3րդ փողոցով քայլեցին մինչեւ «Թայմ Սքուեր»: Ճանապարհին նրանք ծաղիկներ տեղադրեցին Ծիծեռնակաբերդի Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կրկնօրինակի մօտ:
Բազմահազարանոց հանրահաւաքը բացեց Քանեքթիքըթ նահանգի համալսարանի նախագահ, դոկտ. Մէյր Փափազեանը:
Ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերի յիշատակը: ԱՄՆի եւ ՀՀ օրհներգերից յետոյ իր հայրական խօսքն ասաց ԱՄՆի Արեւելեան շրջանի Մեծի Տանն կիլիկիոյ թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանը:
Հանրահաւաքում ելոյթ ունեցան ծերակուտականներ Ռոպերթ Մենենտեսը, Չաք Շումերը, Նիւ Եորքի քաղաքապետարանից՝ Փօլ Վալոնէն, քոնկրեսականներ Ֆրանք Փալոնը եւ Քարըլայն Մալոնին, «Քլարք» համալսարանի դասախօս Թաներ Աքչամը:
——————–
Իրաք՝ Տհոք Քաղաքին Մէջ Ոգեկոչեցին 100ամեակը
Հայ առաքելական եկեղեցին Իրաքի Տհոք քաղաքին մէջ նշեց 100ամեակը։
Ձեռնարկներու շարքին կազմակերպուեցած է լուսանկարներու ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են այն դաժանութիւնները, որոնց ենթարկուած է ու կ՛ենթարկուի մարդկութիւնը:
Յիշենք, որ Քիւրտիստանի մէջ կ՛ապրին աւելի քան 3500 հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը կեդրոնացած են Տհոք քաղաքին մէջ եւ անոր մերձակայ շրջաններուն՝ Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի մէջ։
Յունաստան՝ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ Իրականացան Պահանջատիրական Ցոյցեր
Բազմամարդ աննախադէպ մասնակցութեամբ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ իրականացան բողոքի պահանջատիրական ցոյցեր:
Հայութեան պահանջատիրական ձայնը հնչեց Ուրբաթ, 24 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, հայոց մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ աշխարհի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերը:
Յունաստանի մէջ հազարաւոր ժողովուրդ համախմբուեցաւ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ կազմակերպուած ցոյցերուն:
Ցուցարարները ուղղուեցան Աթէնքի թրքական դեսպանատան եւ Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսութեան առջեւ: Թեսաղոնիկէի ցոյցին մասնակցելու համար Թրակիայէն եւս հանրակառքերով ժողովուրդ փոխադրուած էր:
———————–