«Երկիր».- Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին ներառուած է UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցուցակին վրայ:
Ըստ թրքական Radikal թերթին՝ այս ցուցակին վրայ, բացի Աղթամարի Սբ. Խաչ եկեղեցիէն, ներառնուած էր նաեւ «թրքական» 10 տեսարժան վայրեր:
Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Օմեր Չէլիք այս մասին իր ուրախութիւնը փոխանցելով, յայտարարած է, որ «Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ՝ UNESCO-ի նախնական ցուցակին մէջ մտնելը կրնայ օրինակ եւ յատուկ ուղերձ դառնալ արտասահմանցի խորհրդարանականներուն, որոնք ազդուած էին հայկական Սփիւռքի սկսած արշաւէն»:
Նախարարը յայտնած է, որ Թուրքիան կրնայ տարեկան 2 յուշարձան առաջարկել UNESCO-ի ցուցակի համար. մէկը՝ ճարտարապետական, միւսը՝ բնական:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Իսկ հարց է.- Քանի՞ այդպիսի վանքեր ու եկեղեցիներ քանդել են թուրքերը, ու հիմա թոզ են փչում մեր եւ աշխարհի աչքին: Ես գնահատում եմ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիի վերանորոգութիւնը, բայց դա՛ էլ կատարուեց միայն վերջերս՝ դարձեալ աշխարհի աչքին թոզ փչելու ու մտքեր շեղելու նպատակով: