ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմուած «Փարոս» հիմնադրամը բարեսիրական ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Հայաստանի մէջ: Այդ ծրագիրներուն հիմնական օգտուողները Գիւմրիի անապահով ընտանիքներն են:
Հիմնադրամը կը գործակցի Գիւմրիի «Շիրակ» կեդրոնին հետ, որուն տրամադրած տեսանիւթերու հիման վրայ կ՛ընտրէ համապատասխան ընտանիքներ: Ամերիկեան հիմնադրամին շնորհիւ 28 Ապրիլին բնակարան ստացաւ արդէն երրորդ գիւմրեցի ընտանիքը:
Հիմնադրամի անդամները 28 Ապրիլին այցելած են Գիւմրի։ Անոնցմէ Վարդի Վարդանեանը յայտնած է, որ իրենց ցաւ պատճառած է, երբ տեսած են, թէ ինչ պայմաններու մէջ կ՛ապրին կարգ մը ընտանիքներ, եւ երբ իրենց աչքերով տեսած են վիճակը, գիտցած են, որ անպայման պէտք է օժանդակեն անոր։
«Փարոս» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Փիթըր Ապաճեանը յայտնած է, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մտադիր են այս տարի իրականացնել 100 ծրագիր.«Այդ «Հարիւրհարիւրէն»ին մէջ ունինք երկու հետաքրքրական ծրագիրներ։ Մէկը այդ բնակարանն է. մենք որոշեցինք հովանաւորներ գտնել Միացեալ Նահանգներու մէջ, բնակարաններ գնել ու յանձնել շատ խեղճ ու փոքր տնակներու մէջ ապրող ընտանիքներուն: Այսօր ուրախ օր է, որ փայտաշէն տուն քանդեցինք Գիւմրիիի մէջ: Ու այդ փայտը, զոր քանդեցինք, պիտի բաժնենք միւս ընտանիքներուն, որ կարենան ձմեռը ջերմանալ: Այդ ընտանիքը երրորդն է, որ տուն ստացաւ: Պիտի շարունակենք այդ ծրագիրը»:
Հիմնադրամը 28 Ապրիլին բացումը կատարած է «Դէպի առա»ջ երեխաներու զարգացման կեդրոնին: Տնտեսական–ընկերային ծանր կացութեան մէջ եղող ընտանիքներու հարիւր երեխաներ հոն կը ստանան բազմակողմանի աջակցութիւն՝ ուսուցումէն մինչեւ սնունդ:
Հիմնադրամի ծրագիրներու համակարգող Սեւան Ամիրեանցը ըսած է, որ տասնհինգ աշխատատեղ բացած են, ան շատ կարեւոր նկատեց այս ծրագիրէն օգտուող ընտանիքներու ճշգրիտ ընտրութիւն կատարելը՝ հաստատելով, որ իրենք կ՛ընտրեն ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքները։
Կեդրոն յաճախող երեխաներուն սնունդ տրամադրելը եւս շատ կարեւոր կը նկատուի։ «Շատ յաճախ տեսնում ենք իրենց սնունդը սեղանին վրայ կամ եփուող ճաշը հիմնականին մէջ մաքարոն, լաւագոյն պարագային՝ գետնախնձոր։ Մենք որոշեցինք, որ եթէ նման բանի մը կը ձեռնարկենք, ուրեմն անպայման լաւորակ սնունդը ներառուած պիտի ըլլայ»։
Ան նաեւ փոխանցած է, որ դժուար եղած է բարերարներուն համոզել, որ Հայաստանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքը նաեւ ամէնէն աղքատ քաղաքն է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.