– Ապրիլ 25ին պատահած 7.8 ուժգնութեամբ երկրաշարժէն տուժած Նեփալի վարչապետը Ապրիլ 28ին եռօրեայ սուգ հռչակելու կողքին, մտահոգութիւն յայտնեց, որ երկրաշարժի զոհերուն թիւը 10,000ի կրնայ հասնիլ։ Ապրիլ 28ին, մինչ միջազգային փրկարար ջոկատներ կը հասնէին, հաղորդուեցաւ, թէ զոհերուն թիւը 5000ի սահմանը անցած է։
– Միացեալ Նահանգներու ազգային պահակագունդէն զինեալներ Պալթիմորի մէջ դիրքեր վերցուցին Ապրիլ 28ին, մէկ օր առաջ տեղի ունեցած խռովութիւններուն կրկնութիւնը արգիլելու նպատակով։ Գիշերուան ժամը 10էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5 կրակմարի դրութիւն հաստատուած է քաղաքին մէջ, ուր Ապրիլ 27ին խռովարարներ նիւթական մեծ վնասներ պատճառած էին, երբ բանտարկուած սեւամորթ քաղաքացիի մը մահուան դէմ բողոքի ցոյցը վերածուած էր խռովութիւններու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.