ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Ռուսիոյ կառավարութիւնը Տումային քննարկման ներկայացուցած է բնական կազի, նաւթամթերքի եւ ադամանդներու առանց մաքսատուրքի Հայաստան արտածելու ժամկէտը մինչեւ 2016 երկարաձգելու օրինագիծը: Ըստ այդմ, նախատեսուած է մէկ տարիով՝ մինչեւ 2015ի Դեկտեմբեր 31, երկարաձգել ներքին սպառման ծաւալներով նաւթամթերքի եւ բնական կազի, ինչպէս նաեւ չմշակուած ադամանդներու առանց մաքսատուրքի արտածումը Ռուսիայէն Հայաստան։
Ռուսիոյ մաքսային ծառայութեան տեղեկութիւններուն համաձայն՝ 2014ին Ռուսիայէն Հայաստան արտածուած է մօտաւորապէս 2 միլիառ խ/մ կազ եւ աւելի քան 200 հազար թոն նաւթամթերք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.