
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մարզիկ-զինուորները միջազգային մրցաշարքերուն բազմիցս բարձր պահած են Հայաստանի Հանրապետութէան դրօշը, հնչեցուած պետական քայլերգը։
2015ի Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն պարտադիր ժամկէտային ծառայութիւն կատարող հայ մարզիկները մասնակցած են Վրաստանի մէջ կայացած ծանրամարտի, Լեհաստանի՝ ազատ ոճի ըմբշամարտի, Քաթարի՝ մարմնամարզութեան, ինչպէս նաեւ Սերպիոյ մէջ կայացած սամպոյի երիտասարդական ախոյեանութիւններուն՝ նուաճելով ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ բազմաթիւ մետալներ:
Միջազգային կարեւոր մարզական նախաձեռնութիւններուն ընթացքին բարձր ցուցանիշներ արձանագրելու, Հայաստանի եւ Հայաստանի զինուորներուն պատիւը բարձր պահելու համար, Ապրիլ 29ին, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը հայ մարզիկ-զինուորներուն յանձնած է արժէքաւոր նուէրներ եւ նախարարութեան «Վազգէն Սարգսեան» մետալներ:
Շնորհաւորելով զինուորները՝ նախարար Օհանեան նշած է, որ հայկական զինուժը ո՛չ միայն առօրեայ ծառայութեան ընթացքին, առաջնային գիծին վրայ հակառակորդին հետ անմիջական շփման պայմաններու մէջ կրնայ ապացուցել հայոց բանակի բարձր մարտունակութիւնը, այլ նաեւ՝ ֆիզիքական պատրաստութեան եւ մարզական բնագաւառներուն մէջ:
Նախարար Սէյրան Օհանեան հաստատած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը այսուհետեւ լուրջ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ ֆիզիքական պատրատուածութեան եւ մարզական բնագաւառին, պիտի համագործակցի մարզական բոլոր կառոյցներուն հետ՝ նպաստելով հայ մարզիկ-զինուորներու յաջողութիւններու բազմապատկման: