
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 3 Մայիսին կայանալիք ընտրութիւններուն մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած դաշնակցական Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է ընտրութեան նախօրեակին տիրող տրամադրութեան։
«Քարոզարշաւն արդէն մօտենում է իր աւարտին: Վաղը՝ Մայիսի 1ին, վերջին օրն է: Պէտք է ասեմ, որ մեր կողմից բաւական յաջող քարոզարշաւ է կազմակերպուել: Փորձել ենք ընտրողների հետ լինել հնարաւորինս անկեղծ եւ ազնիւ: Ներկայացրել ենք մեր մօտեցումներն առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններին, ընդհանրապէս՝ երկրի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներին եւ ներքին ու արտաքին կեանքին», յայտնած է ան։
Ըստ Իշխանեանի՝ առկայ են լուրջ եւ մտահոգիչ խնդիրներ, յատկապէս՝ ընկերային, տնտեսական ոլորտներուն մէջ, որոնք ապագային պէտք է ստանան իրենց լուծումները: «Ի հարկէ, խորհրդարանը այդ հարցի անմիջական լուծողը չէ, բայց, օրէնսդրական դաշտի ստեղծումով, դաշտի բարելաւումով ամէն ինչ կը փոխուի դէպի լաւը: Մենք ապագայում կը փորձենք աւելի սերտացնել իշխանութիւն-ժողովուրդ յարաբերութիւնները», յայտնած է ան:
Յիշեցնենք, որ 3 Մայիսին կայանալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ՀՅԴ համամասնական ցանկը կը գլխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան: