
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային փոխադրողը՝ «Իթիհատ» օդանաւային ընկերութիւնը, յայտարարած է, որ պիտի դադրեցնէ իր ծառայութիւններու մատուցումը դէպի Երեւան՝ իր ցանցի եւ 2015 թուականի իր թռիչքներու ցանկի վերաձեւաւորման ծիրին մէջ։
Ընկերութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշած է. «Թռիչքները Աբու Դաբիի եւ Երեւանի միջեւ կը շարունակեն իրականացուել՝ համաձայն սովորական չուացուցակի, շաբաթական չորս անգամ մինչեւ 2015թ Սեպտեմբերի 1ը՝ հնարաւորութիւն տալով ամառուայ համար տոմսեր ամրագրած ուղեւորներին իրականացնել իրենց չուերթները «Իթիհատ» աւիաընկերութեան հետ»:
«Իթիհատ» ընկերութեան մամլոյ բանբերը իր կարգին յայտնած է. «Անցեալ տարի ծառայութեան մատուցման մեկնարկից ի վեր, այն շատ լաւ ընդունելութիւն է ստացել հայաստանեան հասարակութեան կողմից, եւ մեր յաճախորդները մեզ տրամադրում են շատ դրական կարծիքներ՝ ողջունելով «Իթիհատ»ի առաջարկած եւ մրցանակներ ստացած ծառայութիւնները։
Մենք մշտապէս վերանայում ենք մեր գործող չուացուցակները, որպէսզի կարողանանք օգտագործել մեր ինքնաթիռները համաձայն թռիչքային հոսքերի եւ բաւարարենք շուկայի պահանջները: Մենք կը շարունակենք գնահատել հնարաւորութիւնները ապագայի համար:
Մենք նաեւ կ՛աշխատենք մեր տեղական անձնակազմի հետ, որոնց վրայ ազդում է այս որոշումը, փորձելով նրանց համար աշխատանքի այլ հնարաւորութիւններ մշակել Երեւանում մեր տեղական գործընկերների մօտ, կամ «Իթիհատ» աւիաընկերութեան գլոբալ ցանցի շրջանակներում։
«Իթիհատ»ը ցաւում է այն անյարմարութիւնների համար, որ իր ցանցի հետ կապուած այս փոփոխութիւնը կարող է պատճառել: Գործընկեր ճանապարհորդային գործակալութիւնների հետ միասին, ընկերութիւնը տեղեակ կը պահի իր այն հիւրերին, որոնց վրայ կ.անդրադառնայ չվացուցակների այս փոփոխութիւնը եւ իրենց կ՛առաջարկի այլ թռիչքներ՝ ճանապահորդութիւնը իրականացնելու համար»:
orets or aveli shat enk mekusanum ashkharhum.