Ան ծնած է 8 Յուլիս 1950ին, Գիւմրի: Ծառայած է Խորհրդային բանակին մէջ, աւարտած է Գիւմրիի Մ. Նալբանդեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկը:
Վարդան Միլիտոսեան զինուորական ծառայութեան ժամանակ 1964էն մարզուած է Հայաստանի անուանի ծանրորդ եւ մարզիչ Յակոբ Ֆարաջեանի գլխաւորութեամբ: Ան տպաւորիչ յաղթանակներ տարած է միջազգային ամէնէն հեղինակաւոր մրցաշարքերուն: Խորհրդային Հայաստանի հաւաքականի 75 քիլոկրամ ծանրութեան կարգի առաջատարը դարձած է Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր (1976թ.), աշխարհի հնգակի մրցանիշ արձանագրող, տասնեակ յաղթանակներ տարած է համամիութենական եւ միջազգային մրցաշարքերուն: Անոր շնորհիւ Հայաստանի մէջ վերսկսած է ծանրամարտի վերելքը:
Մարմնակրթութեան հրաժեշտ տալէ ետք Վարդան Միլիտոսեանը 1980ին համալրած է հարազատ քաղաքի ծանրամարտի արհեստավարժ մարզական դպրոցի մարզիչներուն շարքը, իսկ 1996ին դարձած է տնօրէնը: Ան իր ուղիով տարած է նաեւ եղբօրորդին՝ Իսրայէլ Միլիտոսեանը, որ դարձաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի բազմակի ախոյեան, ողիմպիական խաղերու ոսկի եւ արծաթ մետալակիր:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն ցաւակցութիւն յայտնած է հանգուցեալին ընտանիքին, հարազատներուն, անոր վարպետութեամբ հիացած մարզասէրներու մեծ բանակին ու ընկերներուն:
«Վարդան Միլիտոսեանի յիշատակը միշտ վառ կը մնայ: Նրա անունը ոսկէ տառերով է գրուած հայրենական ու համաշխարհային սպորտի պատմութեան մէջ», յայտնած են կոմիտէի մամլոյ ծառայութենէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.