ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Կարտիըն».- Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներու՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը քուէարկութիւն պիտի կատարէ բանաձեւի մը, որուն համաձայն, Իրաքի քիւրտ ու սիւննի զինեալ ուժերուն զինուորական ուղղակի օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի։
Բանաձեւին մէջ կը խօսուի 178էն 429 միլիոն տոլարի միջեւ ռազ-մական օժանդակութիւններու մասին:
Փորձագէտներ այս քայլը կը նկատեն՝ մեծաթիւ զինեալ խմբաւորումներուն ի տես, ուժերու հաւասարակշռութիւն ստեղծելու փորձ մը, որ Ուաշինկթընի կ՛արտօնէ շրջանցել Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը:
Իրաքի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը Պաղտատի կառավարութեան կոչ ուղղեց բուռն կերպով հակազդելու՝ քիւրտերուն ու սիւննիներուն հետ «իբրեւ պետութիւններ» վարուելու Ուաշինկթընի մտադրութեան:
Իր կարգին, շիի կրօնապետ սայիտ Մուքթատա Սատըր ամերիկեան բանաձեւը նկատեց Իրաքի մասնատման սկիզբ հանդիսացող քայլ մը եւ Իրաքի կառավարութեան կոչ ըրաւ վճռական կերպով հակազդելու:
Մուքթատա Սատըր սպառնաց բանաձեւի որդեգրման պարագային ապասառեցնելու իր հակակշռին տակ գտնուող զինեալ ուժերը, հարուածելու համար ամերիկեան շահերուն, Իրաքի մէջ թէ այլուր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.