ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «PRNet» վերլուծած է 2015ի Ապրիլ 20էն 26ի միջեւ ժամանակահատուածին մէջ թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ ամենաշատ արծարծուած նիւթերը, զանոնք դասակարգելով հետեւեալ խումբերուն մէջ.
– Ապրիլ 23ի Երեխաներու օրուան մասին՝ 6728 լուր
– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի մասին՝ 2404 լուր
– Կալիփոլիի արարողութեանց մասին՝ 2036 լուր:
Ասոնց յաջորդած են Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող նիւթերը:
Յատկանշական է նաեւ, որ լուրերուն մէջ ամէնէն շատ անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին։ Անոր յաջորդած են վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի եւ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի անունները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.