
ՊԱԼԹԻՄՈՐ, «Ռոյթըրզ».- Պալթիմորի մէջ, ոստիկանութեան կալանքին տակ մահացած սեւամորթ երիտասարդին հարցով դարձեալ բորբոքած, ոստիկանական բռնարարքներուն դէմ բողոքի բազմաթիւ ցոյցեր տեղի ունեցան Ապրիլ 29ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին, որոնց մեծ մասը խաղաղ էին, սակայն քանի մը հատին ընթացքին ձերբակալութիւններ տեղի ունեցան։
Մինչ Պալթիմորի մէջ տեղի ունեցած հազարաւոր քաղաքացիներու ցոյցին ընթացքին անախորժ միջադէպեր չարձանագրուեցան, Նիւ Եորքի տարբեր շրջաններու մէջ ընդհարումներ տեղի ունեցան, եւ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց աւելի քան 60 ցուցարար։
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Պոսթընի, Հիւսթընի, Սիէթըլի, Ֆըրկըսընի, մայրաքաղաք Ուաշիկթընի, Տենվըրի եւ այլ քաղաքներու մէջ։
Ձերբակալութիւններ տեղի ունեցան նաեւ Տենվըրի ցոյցին ընթացքին։