ՄՈՍԿՈՒԱ. «Վեսթի» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ ապահովական մարմինները կը գտնուին պատրաստ վիճակի մէջ՝ ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան սպառնալիքներուն պատճառով: Խմբաւորման կայքին վրայ տեղադրուած են այս առնչութեամբ լուսանկարներ եւ հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Մենք ձեր փողոցներուն մէջ ենք: Սպասեցէ՛ք»: Լուսանկարները առնուած են Հռոմի կեդրոնին մէջ, մասնաւորաբար Քոլիզէի եւ Ցուցահանդէսի կեդրոնին առջեւ, ուր շուտով պիտի բացուի համաշխարհային ցուցահանդէս մը: Ապահովական մարմինները այժմ կը փորձեն գտնել, թէ ինչ սարքի միջոցով առնուած են լուսանկարները: Իտալական հետախուզութենէն աղբիւրներ կը նշեն, որ սպառնալիքները, ամենայն հաւանականութեամբ, ոչ թէ ահաբեկչութեան մասին նախազգուշացումներ են, այլ երկրի խոցելիութիւնը ցոյց տալու միջոց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.