ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսարանի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 18ի յետմիջօրէին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որ նաեւ նոր նշանակեալ պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի պաշ-տօնի ստանձնումի արարողութիւնը եղաւ:
Ներկայ էին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի երկու առաջնորդները՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, հոգեւոր հայրեր, ամերիկեան խոր-հրդարանի անդամներ Տինա Թայթըս եւ Ճօ Հեք, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով, հիւպատոս Լեւոն Մինասեան, Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, Հենտըրսընի քաղաքապետ Էնտի Հեֆըն, Լաս Վեկասի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Կէյլ Էնտըրսըն, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական հիմնարկներու ներկայացուցիչներ:
Հիւպատոսարանի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ժապաւէնի հատումով. հանդիսականները մուտք գործեցին շէնք, ուր տեղի ունեցաւ օրհնութեան աղօթք եւ տնօրհնէք՝ աղ ու հացի օրհնութեամբ: Արտասանուեցան ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր:
Նոյն երեկոյեան, «Թրոփիքանա» պանդոկի «Թրինիտատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, ի պատիւ բացման հանդիսութեան ներկայ հիւրերուն եւ հիւպատոսարանի անձնակազմին: Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէին Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւ Լոս Անճելըսի գլխաւոր դեսպան Սերգէյ Սարգիսով, ներկայութեամբ Ա-րեւմտեան թեմի երկու առաջնորդներուն:
Ողջոյնի խօսք արտասանեցին պատուոյ հիւպատոսին դուստրերը՝ Հերա եւ Կարնի Արմէնեաններ: Սեղաններու օրհնութիւնն ու բացման աղօթքը կատարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ նաեւ արտասանեց ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսք: Ան անդրադարձաւ նոր նշանակեալ պատուոյ հիւպատոսին հետ աւելի քան երկու տասնամեակներու սերտ գործակցութեան եւ գնահատեց անոր նուիրումը, ծառայասիրութիւնը եւ բոլոր աշխատանքներուն արհեստավարժի մօտեցումը: Ան հաստատեց, որ Ա. Արմէնեան Լաս Վեկասի հայ գաղութին մէջ գնահատելի ներկայութիւն եղած է եւ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ կառուցման եւ համալիրի ամբողջացման աշխատանքներուն մէջ: Իր անսակարկ նուիրումին համար, ան արժանացած է Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ» շքանշանին: Առաջնորդը յաջողութիւն եւ աննահանջ երթ մաղթեց նշանակեալ պատուոյ հիւպատոսին:
Խօսք առին՝ գլխաւոր հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսով, պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, նշանակեալ պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, եւ պետական ու պաշտօնական անձնաւորութիւններ: Քաղաքի հայկական պարարուեստի վարժարանի խումբը ներկայացուց գեղեցիկ պարեր:
Լաս Վեկասի եւ Հենտըրսընի քաղաքապետներուն կողմէ շնորհաւորագիր եւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը յանձնուեցան Ատրուշան Արմէնեանի, վեր առնելով Լաս Վեկասի հայ համայնքին անոր բազմամեայ ծառայութիւններն ու Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մարմնաւորման մէջ անոր դերը: Հենտըրսընի քաղաքապետին պաշտօնական յայտարարագիրը Ապրիլ 18, 2015ը կը հռչակէր Հայաստանի հիւպատոսութեան օր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.