ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Սէուտական Արաբիոյ քարիւղի նախարար Ալի Նուէյմի յայտարարեց, որ թագաւորութիւնը կը շարունակէ պատրաստակամ ըլլալ՝ քարիւղ արտադրող այլ երկիրներու օժանդակութեամբ, միջազգային շուկայի կայունութեան վերականգնման եւ գիները «տրամաբանական ու յարմար ձեւով բարելաւելու»: Նուէյմի յայտնեց, որ այդ նպատակի իրագործման համար հարկաւոր է քարիւղ արտադրող ու արտածող երկիրներու գործակցութիւնը, որպէսզի Սէուտական Արաբիան, Ծոցի երկիրները կամ ՕՓԵՔի անդամները այս քայլին բեռը առանձին չկրեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.