
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– 3 Մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Արցախ ժամանած ֆրանսացի խումբ մը դիտորդներ՝ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, Ֆրանսա–Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանի գլխաւորութեամբ, 1 Մայիսին հանդիպում ունեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի կառոյցին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:
Հանդիպումին սկիզբը Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ողջունեց դիտորդական խումբը եւ կարեւոր նկատեց Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան արժէքն ու իմաստը Արցախի Հանրապետութեան համար:
Անդրադառնալով խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ Դ. Իշխանեան նշեց. «Ընտրութիւնները մի միջոց են՝ վերահաստատելու ժողովրդավարական ուղին որդեգրած մեր կամքը: Արցախը ունի բաւականին ուժ եւ քաղաքական կամք՝ ժողովրդավարական ընտրութիւններ անցկացնելու համար»: Դ. Իշխանեան կարեւոր նկատեց խորհրդարանական համակարգի արմատաւորումը Արցախի մէջ եւ նշեց, որ ատոր հասնելու համար պէտք է մեծնայ քաղաքական կուսակցութիւններուն դերակատարութիւնը: «Ցաւօք, այսօր մանդատների թիւը կարեւոր է ու որոշիչ, բայց պակաս կարեւոր չէ նաեւ քաղաքական կշիռը: ՀՅ Դաշնակցութիւնն ունի իր հաստատուն քաղաքական կշիռը երկրի կառավարման գործում»։
Ֆրանսուա Ռոշպլուան նշեց, որ այս այցելութիւնը Արցախ իր 10րդն է եւ երջանիկ է, որ այսօր կը տեսնէ աճող ու զարգացող երկիր, որ, հակառակ սահմանին վրայ տիրող լարուած իրավիճակին, կը պատրաստուի քաղաքական կարեւոր գործընթացի : «Ես երէկ այցելեցի առաջնագիծ եւ համոզուած եմ, որ դուք՝ արցախցիներդ, կրնաք հպարտանալ ձեր զինուորներով, ձեր երիտասարդներով», ըսաւ Ֆ. Ռոշպլուան: Ան նշեց, որ այս ընտրութիւններուն յաղթողը պիտի ըլլայ Արցախն ու Արցախի ժողովուրդը:
«Ուզում եմ հաւաստիացնել, որ զինուորները միայն սահմանին չեն կանգնած: Արցախում ապրող 150,000 մեր քաղաքացիները բոլորն էլ զինուոր են: Աշխարհի տարբեր ծայրերում ապրող իւրաքանչիւր հայ իր ժողովրդի շահերի պաշտպանն է: Ունենք նաեւ լաւ բարեկամներ, ի դէմս Ֆրանսիայի ժողովրդի, որոնք իրենց նպաստն են բերում մեր երկրի ճանաչման գործում: Արցախ այցելողները մեր երկրի իրական պատկերը ներկայացնում են աշխարհին, քանզի այսօր Արցախի վերաբերեալ ճշմարտութիւնը, ցաւօք, խեղաթիւրուած է քաղաքական յայտնի պատճառներով», շեշտեց Դաւիթ Իշխանեան: