ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Մայիս 8ին հաղորդեց, թէ Ապրիլ ամսուան ընթացքին անգործութեան համեմատութիւնը 5.4 տոկոսի իջած է, ինչ որ վերջին եօթը տարիներուն ընթացքին նուազագոյն համեմտութիւնն է։
Մարտ ամսուան անգործութեան համեմատութիւնը 5.5 տոկոս էր։
Անկումը տեղի ունեցած է շնորհիւ տնտեսութեան գոյացուցած աշխատանքի 223,000 կարելիութիւններուն։ Սակայն, վարձատրութեանց աճը կը շարունակէ «հիւանդոտ» մնալ՝ ըլլալով միայն 0.1 տոկոս անցած Ապրիլին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.