ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
ՊԸՐՊԵՆՔ, «Նոր Օր».- Մարտ 26ի երեկոյեան, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանը ժամադրավայրն էր գրասէր ու մշակութասէր խուռներամ հասարակութեան մը, որ եկած էր Մարալ Պոյաճեանի վեջերս հրատարակուած «As The Poppies Bloom» (Երբ Հարսնածաղիկները Ծաղկեցան) առաջնեկ հատորի հրապարակային ներկայացումը ունկնդրելու։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ ու կը վայելէր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի բարձր հովանաւորութիւնը։
Յայտագիրը ընթացք առաւ վարչական ժրաջան անդամ՝ հայերէն լեզուի դասատու Մարալ Ոսկեանի բացման խօսքով։ Ոսկեան հանգամանօրէն ներկայացուց անգլերէն լեզուով հրատարակուած հատորի հեղինակը, որ երկու տարբեր առիթներով իր ամուսինին՝ Շահէ Պոյաճեանի հետ այցելած էր Արեւմտեան Հայաստանի Սասունի շրջանը, մասնաւորաբար անձնապէս զգալու համար Եղեռնէն վերապրած ու Հալէպ ապաստանած իր մեծ մօր հոգեբանութիւնն ու ծանօթանալու անոր ծննդավայրի յատուկ երեւոյթներուն։
Հատորի բովանդակութիւնը, հրատարակութեան դրդապատճառները եւ ներկայացուած մանրամասնութիւնները հրամցուեցան բոլորովին ինքնուրոյն ձեւով։ Փոխանակ մէկ դասախօսի կամ մեկնաբանի պատրաստութեամբ ներկայացուելու, հեղինակն ու քոյրը՝ Սալբի Յարութիւնեան-Ղազարեան տեղ գրաւեցին հարթակին վրայ եւ հետաքրքրական զրոյց մը ծաւալեցին բոլոր այն հարցերուն մասին, որոնք պիտի հետաքրքրէին գրասէր մը։ Հարցազրոյց-դասախօսութիւնը տպաւորիչ եւ իւրայատուկ էր այդ գիշեր։
Սալբին վերջերս Հայաստանի մէջ իր ստանձնած պաշտօնէն հրաժարելով այժմ կը վարէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայկական ամպիոնի վարիչի պաշտօնը։ Հարցազրոյցը հետաքրքրական դարձաւ Սալբիի հարցումներով։ Ան անդրադարձաւ իրենց մեծ մօր զրոյցներուն, որոնցմէ տեղեակ կը պահուէին թոռները։
Հեղինակը, իր կարգին, լայնօրէն արտայայտուեցաւ իր յիշողութեան մէջ դրոշմուած դէպքերուն մասին, որոնք նոր իմաստ ստացած են ծանօթանալէ ետք մեծ մօր անցած ուղիին։
Զրոյցը՝ Մարալին եւ Սալբիին միջեւ, ներկաներուն համար առիթ կը դառնար ամբողջութեամբ ընկալելու հատորին մէջ տեղ գտած տարբեր տպաւորութիւնները, մանաւանդ Մարալի Արեւմտահայաստան կատարած այցելութիւններուն ընթացքին։
Հանդիսավարը հրաւիրեց ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի անգլերէն լեզուի դասատու Հուրի Խեչումեանը, որ կատարէ հատորէն ընթերցում մը, որուն շնորհիւ ունկնդիրներուն մօտ աւելի խորացաւ գրուածքի տպաւորութիւնը։
Փակման խօսքի հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը, որ դրուատեց գրականութենէն ներս մտնելու Մարալ Պոյաճեանի առաջին այս յաջող փորձը եւ շնորհաւորեց կազմակերպիչները ձեռնարկին, որ կը զուգադիպէր Մեծ Եղեռնի 100ամեակին։ Հեղինակը մեծ ոգեւորութեամբ մակագրեց վաճառուած հատորները։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ աւանդական դարձած հիւրասիրութեամբ։