ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ձայնալարերու հիւանդութիւններէն կարելի յիշել հետեւեալները.
Ա. Ձայնալարերու անդամալուծութիւն (vocal cord paralysis). անիկա հետեւանքն է խռչափողի շարժական ջիղերու անբնական գործունէութեան, որ կը յառաջանայ հետեւեալ ազդակներով.
ա. Խռչափողի շարժական ջիղի ուղղակի վիրաւորանք-վնաս: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ՝
1. Վիզի վիրաբուժական գործողութիւններու ընթացքին եւ յատկապէս վահանագեղձի վիրահատման (thyroidectomy) ընթացքին.
2. Վիզի զանազան ուռերու ճնշումով.
բ. Վիզի արտաքին հարուած, վնաս վիրաւորում.
գ. Խռչափողի պրկում կծկում (spasm), ուր տեղի կ՛ունենան ձայնալարերու զօրաւոր կծկումներ: Անիկա առաւելաբար կը պատահի մանուկներու նոպայական ձեւով եւ տարբեր ուժգնութեամբ:
դ. Ուղեղային եւ թոքային ուռեր, որոնք կը ճնշեն ձայնալարերու շարժուն ջիղերուն վրայ եւ պատճառ կը դառնան անոնց անգործութեան.
ե. Ոչ օրկանային պատճառներով ձայնալարերու անշարժութիւն. անիկա կը պատահի հետեւեալ ձեւերով՝
1. Առողջ չափահաս անձ մը կամովին եւ իր ուզած ատենը իր հակակշիռին տակ կը պահէ իր ձայնալարերը եւ կը յառաջացնէ ձայնալարերու ժամանակաւոր անդամալուծութիւն.
2. Ջղացնցային (hysterical) անդամալուծութիւն, որ կը յառաջանայ ակամայ ջղացունց անհատներու մօտ.
3. Հոգեբանական եւ հոգեկան այլ խանգարումներու հետեւանքով.
4. Անակնկալ սարսափի, ահի եւ վախի պատճառներ.
զ. Ձայնալարերու վատորակ ուռեր (malignant tumor, cancer)։
Բ. Ձայնալարերու բորբոքումներ. խռչափողի բորբոքումով կը բորբոքին նաեւ ձայնալարերը: Անոնց բորբոքումը հետեւանքն է ընդհանրապէս ըմբանի բորբոքումին, սակայն անիկա կը պատահի նաեւ առանձնաբար:
Ձայնալարերը կ՛ախտահարուին մանրէներով եւ ժահրերով, եւ տեղի կ՛ունենայ մանրէական եւ ժահրային խռչափողատապ (laryngitis): Անոր ախտանշանները՝ խռպոտութիւն, ոչ-մաքուր հնչողականութիւն, չոր հազ, քերթուածութեան զգացում։
Ձայնալարերու յատուկ բորբոքում մըն են կեղծմաշկը (diphtheria) եւ մղձկահազը (croup):
Գ. Ձայնալարերու ջրուռեցք (edema). անիկա կը կաշկանդէ ձայնալարերու ազատ շարժումները: Ջրուռեցքը կը յառաջանայ զանազան ձեւերով։
ա. Ձայնալարերու գրգռութիւն. անկա տեղի կ՛ունենայ մթնոլորտային փոփոխութիւններով, կլիմայի անկանոնութիւններով, ապականած օդով, ծխախոտի գործածութեամբ, թունաւոր կազերով, գործարաններու ծուխերով եւ խտացած շոգիով.
բ. Խռչափողի գերզգայնութիւն (allergic laryngitis).
գ. Գերզգայնութեան հակադարձութիւն (anaphylaxis)։
Դ. Ձայնալարերու անխնայ գործածութիւն, մասնաւորապէս երգիչներու, կղերականներու, քարոզիչներու եւ ուսուցիչներու կողմէ: Անոնց ձայնալարերը կը կորսնցնեն իրենց բնական գործելակերպը եւ շրջան մը ետք կ՛ունենան ձայնալարային նոտեր եւ խոցեր, որոնք առաւել կը վատթարացնեն կացութիւնը։
Ե. Ձայնալարերու այրուածք. անիկա կը յառաջանայ ներշնչուած քիմիական կազերով, ստամոքսա-որկորային ետհոսքի (gastro-esophageal reflux) թթուային հեղուկի եւ այլ տեսակ թունաւոր հեղուկներու ներխուժումով խռչափողէն ներս։
Զ. Ենթաձայնալարային տարածքի ջրուռեցք։
Է. Խռչափողի աճառներու յօդաբորբ, որ արգելք կը հանդիսանայ ձայնալարերու պրկումներու։
Ը. Օտար մարմիններու ներխուժումը խռչափողէն ներս։
Թ. Մանկական-պատանեկան ձայնալարային պողիպային խմբաւորումներ (papilloma, polyposis)։
Ժ. Ձայնալարերու լաւորակ ուռեր՝ սպիտակաբիծեր (leukoplakia) նօտեր (nodes) եւ պողիպներ (polyps)։
ԺԱ. Ձայնալարերու վատորակ ուռեր՝ քաղցկեղ։
ԺԲ. Ծերութեան ձայնալարերու տկարութիւն։
ԺԳ. Ընդոծին ձայնալարային թաղանթ (congenital web)։
Վերոյիշեալ ձայնալարային բոլոր հիւանդութիւններուն հետեւանքով, տեղի կ՛ունենայ ձայնալարային ճեղքի նեղացում, որ կը յառաջացնէ մասնաւորապէս շունչի զանազան աստիճանի դժուարութիւն-շնչահեղձութիւն, կապտութիւն, շնչասլոց, չոր հազ, թեթեւ ցաւ, որ կը տարածուի դէպի ականջներ:
Ձայնալարերու քննութիւնը կը կատարուի խռչափողի ուղղակի կամ անուղղակի դիտումով (direct and indirect laryngoscopy): Խռչափողադիտակի (laryngoscope) միջոցաւ կը տեսնենք ձայնալարերուն շարժումները, թրթռացումները, անդամալուծութիւնը, խռչափողի խլնաթաղանթի իրավիճակը եւ խռչափողային լաւորակ ու վատորակ ուռերը:
Ձայնալարային հիւանդութիւններու դարմանումի պարագային կը թելադրուի՝
1. Կատարեալ ձայնի հանգիստ՝ չխօսիլ, չերգել, չպոռալ.
2. Շոգիի ներշնչում.
3. Հակագերզգայնութեան եւ հակամանրէական դեղեր.
4. Հեռու մնալ ծխախոտէ եւ ծխողներէ:
Իւրաքանչիւր հիւանդութեան պարագային կը կիրարկուի յատուկ դարմանամիջոց:
Հոս կ՛ուզեմ շատ հակիրճ ձեւով անդրադառնալ կեղծմաշկի եւ մղձկահազի մասին:
Կեղծմաշկը կը պատահի ընդհանրապէս մանուկներու: Անիկա մանրէական բորբոքում մըն է: Անոր ախտանշաններն են՝ ձայնալարերու խիստ կարմրութիւն, մակերեսային փառ, այտուց, ձայնաճեղքի նեղացում, շնչասլոց եւ խզզոց, ձայնի խիստ խռպոտութիւն, հաչոցանման չոր հազ, դժուար-աղմուկով շնչառութիւն եւ ուժգին շնչահեղձութիւն ու կապտութիւն:
Մղձկահազը նոյնպէս մանկական մանրէական հիւանդութիւն մըն է: Անոր ախտանշաններն են՝ ժամանակաւոր կարճ տեւողութեամբ գիշերային յանկարծակի շնչարգելութիւն, շնչասլոց, որոնք բոլորը կ՛անյետանան ինքնաբերաբար: Ասոնց հետ միատեղ կը պատահին գր-գռուած չոր հաչոցանման հազ, վիզի եւ անրակի (clavicle) վերին եւ ստորին ու վերնափորի փոսիկներու խորացում:
Կեղծմաշկի եւ մղձկահազի դարմանումը կը կարօտի յատուկ հակամանրէական դեղերու, հիւանդանոցային խնամքի եւ երբեմն մեկուսացումի, թթուածինի ներարկումի: Յառաջացած պարագաներուն, ստիպողաբար շնչահեղձութեան համար կը կատարուի խռչափողային ներփողարկում (intubation) եւ յաճախ խռչափողածակում (laryngotomy) ու ներխռչափողային մետաղային կամ կերպնկալ խողովակի մը ներմուծումը: Այս խողովակը կազմուած է ներքին եւ արտաքին բաժիններէ: Արտաքին բաժինը կ՛ամրացուի մորթին իսկ ներքին բաժինը կարելի է դուրս հանել ամէն օր՝ մաքրութեան համար: Այս երկու միջոցառումները կը կատարուին բաւականաչափ օդ եւ թթուածին մատակարարելու համար թոքերուն:
(Շար. 2 եւ վերջ)